Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Բանաձեւը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով

Փետրուար 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 24-25 փետրուարին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը, Սպանիոյ Ընկերվարական աշխատաւորական կուսակցութեան  կեդրոնատեղիին մէջ:

Շուրջ հարիւր երկիրներէ քաղաքական կուսակցութիւններ համախմբող մոլորակի մեծագոյն քաղաքական այս կազմակերպութեան ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛անդամակցի 1907 թուականէն, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահներէն է, որ մասնակցած է խորհուրդի եւ նախագահութեան նիստերուն, եւ ընտրուած է ելեւմտական ու կազմակերպական հարցերու յանձնախումբի անդամ:

Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես կազմակերպութեան նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերու իր բացման ելոյթներուն մէջ ակնարկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին:

Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերուն, Մարիօ Նալպանտեանը ներկայացուցած է Ազրպէյճանի ցեղասպանական քայլերով Արցախի ցեղային զտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղուած բռնութեան քայլերը, սպառնալիքներն ու պահանջները:

Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը որդեգրած է Արցախի հարցով բանաձեւ մը, որուն մէջ կը նշուի.

«Ընկերվար միջազգայնականը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն` ուղղուած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման: Շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նպաստելու համար նման համաձայնութիւն պէտք է ձեռք բերուի առանց ուժի կամ անոր սպառնալիքի կիրարկման` հիմնուած միջազգային իրաւունքի եւ դիւանագիտական փորձառութեան վրայ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի վերջնական քաղաքական կարգաւորման ուղղուած միջազգայնօրէն հովանաւորուող խաղաղ գործընթացը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու եւ անվտանգութեան լիարժէք իրականացումը իր պապենական տարածքին մէջ:

Համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան վերաբերեալ մեր երկարամեայ սկզբունքային քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի նոյեմբերի 17-ի որոշումը ժամանակաւոր միջոցներ կիրարկելու վերաբերեալ, որ Ազրպէյճանին կը պարտաւորեցնէ «ապահովել այն անձերուն վերադարձը, որոնք լքած են Լեռնային Ղարաբաղը 2023 թուականի սեպտեմբերի 19-էն ետք եւ ցանկութիւն ունին վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղ, կրնան այդ ընել անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արագ», ինչպէս նաեւ հրաժարիլ «որեւէ գործողութենէ, որ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ուղղուած է հայերուն Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանելուն», մենք կոչ կ՛ուղղենք`

  1. Մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի վերջնական քաղաքական կարգաւորումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու լիարժէք իրականացումը` ապահովել ժողովուրդի հաւաքական, անկաշկանդ եւ անվտանգ վերադարձը հայրենիք: Նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի համար միջազգային կանոններով երաշխաւորուած միջանկեալ կարգավիճակ ապահովել` երաշխաւորելով քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու ամբողջ ծաւալը, տրամադրելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան արդիւնաւէտ երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ անխոչընդոտ ցամաքային կապ:
  2. Ազատ արձակել ռազմագերիները եւ կալանաւորուած անձերը:
  3. Շրջանին մէջ փոխադրութեան եւ կապի այլ միջոցները ապաշրջափակել ամբողջական կերպով եւ համաժամանակեայ` առանց ինքնիշխանութեան որեւէ սահմանափակման:

Ընկերվար միջազգայնականը պատրաստ է աջակցելու այդ գործընթացներուն իբրեւ միջնորդ` իր միջոցով եւ իր անդամ կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ»:

Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը նաեւ որոշումներ տուած է կազմակերպական հարցերու վերաբերեալ, որդեգրած Մատրիտեան հռչակագիրը:

Նախորդը

Միցոթաքիս. «Մենք Երեւանի Կողքին Ենք` Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրելու»

Յաջորդը

Ահաբեկչութիւնը Միշտ Դատապարտելի Չէ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?