32 տարի առաջ գրեթէ նոյն օրը` 24 փետրուար 1992-ին, Ֆրանսան եւ անկախ Հայաստանը հաստատեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ. «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:
«Այս յարաբերութիւնները երբեք այսքան վստահելի եւ յագեցած չեն եղած», հայերէնով գրած է դեսպանը: