Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Բազմիցս Տեսած Ենք, Որ Հայաստանի Շահերը Չեն Մտահոգեր Ռուսիան»

February 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բազմիցս տեսած ենք, որ Հայաստանի շահերը չեն մտահոգեր Ռուսիան: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ի պատասխան «Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական ծառայութեան` ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի անդամակցութեան շուրջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս կատարած յայտարարութիւններուն ու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Երեւանի ձեռնարկած քայլերուն մասին հարցումին:

«Մենք կը յարգենք Հայաստանի` իբրեւ անկախ երկիր ցանկութիւնը  շարունակելու իր ընտրած անվտանգային յարաբերութիւնները, եւ մենք կ՛աջակցինք շրջանի բոլոր երկիրներուն գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Անդրադառնալով Մոսկուայի հետ Երեւանի յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն` Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական նախարարութիւնը ընդգծած է. «Ռուսիան վստահելի կամ բարեխիղճ դաշնակից կամ գործընկեր չէ Հարաւային Կովկասի մէջ կամ այլուր: Մենք բազմիցս տեսած ենք, որ Հայաստանի շահերը չեն մտահոգեր Ռուսիան»:

Յիշեցնենք, որ Փաշինեան «Ֆրանս 24»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը, ըստ էութեան, սառեցուած է` կրկին քննադատելով Ռուսիոյ ղեկավարած ռազմական դաշինքը` պայմանագրային պարտաւորութիւնները չկատարելուն համար:

Քրեմլին արձագանգած էր, թէ Հայաստանը պաշտօնական ծանուցում չէ ուղարկած ՀԱՊԿ-ին` անդամակցութեան սառեցման վերաբերեալ:

Նախորդը

Լըքորնիւ. «Այսօր Հայաստանի Մէջ Խաղաղութիւնը Պաշտպանելը Կը Նշանակէ Նաեւ Յարգել Յիշատակը Հայ Զաւակներու, Որոնք Պաշտպանած Են Ֆրանսան»

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Կրակած Են Վերին Շորժայի Հատուածին Մէջ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.