Մերժենք Համահայկական Անձնատուութիւնը (Կապիտուլացիա)` Շահելու Համար Հայկականութեան Պատերազմը
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Անվերադարձ կ՛ուզենք փակել 2023 տարին: Անհատական ցաւերէն անդին, համահայկական պարտութեան տարին փակուեցաւ: Անձնատուութեան (կապիտուլացիա) հետեւանքով Արցախի յանձնումը, արցախահայութեան ծրագրուած շրջափակումը, շղթայազերծուած պատերազմը եւ բռնի տեղահանութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեծագոյն հարուածն էր համայն հայութեան: Եւ դեռ, դժբախտաբար նշանները ակնյայտ են Հայաստանի հողային տարածքներէն նոր զիջում-յափշտակութիւններու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ախորժակները յագեցնելու համար, ինչ որ, տեղ մը, իշխանաւորներու միտքին մէջ մնացածը...


















