Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Քննարկեց Շրջանային, Լիբանանեան Եւ Համայնքային Խնդիրներ

February 26, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հերթական նիստ գումարեցին երկուշաբթի, 26 փետրուար 2024-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։

Օրակարգը կը ներառէր շրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմը եւ լիբանանահայութեան առնչուած խնդիրներ։

Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձան Կազայի մէջ տեղի ունեցող զանգուածային ջարդերուն, որոնք կ՛իրականանան միջազգային ընտանիքին լուռ ականատեսութեան եւ կրաւորականութեան դիմաց։ Ընդգծուեցաւ համեմատութիւնը Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանական քաղաքականութեան հետ եւ այդ առումով հաստատուեցաւ Ազրպէյճանի անպատժելիութիւնը։

Ապա ժողովականները քննեցին Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, հարաւային Լիբանանէն դէպի այլ քաղաքներ եւ շրջաններ անցում կատարող զինուորական յարձակումներու խորապէս մտահոգիչ մագլցողականութիւնը։ Ճգնաժամի այս պայմաններուն մէջ, անոնք շեշտեցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, միաժամանակ խիստ անհրաժեշտ նկատելով համալիբանանեան համախոհութեան հիմքի վրայ թեկնածուի ճշդումը։

Ժողովականները կեդրոնացան լիբանանահայութեան այսօրուան խնդիրներուն, կրթական մարզին, կազմակերպ կեանքէն եւ անոր համապատասխան կառոյցներէն հեռացումի, օտարումի եւ հոգեւոր, մշակութային առումով որակի անկումի աղաղակող երեւոյթներուն վրայ։ Այս բոլորին առընթեր քննութեան առարկայ դարձան  հայահոծ թաղամասերու գաղթականական հոսքի, ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան եւ անոնց հետ կապուած ընկերային խնդիրները։

Լիբանանեան կուտակուող ճգնաժամերու հետեւանքով համայնքին դիմագրաւած սուր խնդիրներու յաղթահարման փորձերուն առաջադրանքը նկատուեցաւ բոլոր հայկական շրջանակներու գերխնդիրը, հետեւաբար լուսարձակի տակ առնուեցան համակարգուած աշխատանքներ ծրագրելու  կարելիութիւնները։

Ժողովը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկները միացեալ մարմինով կազմակերպել եւ վերը նշուած հարցերուն թէ ձեռնարկներու ծրագրման ու իրականացման յատկացուած օրակարգերով հերթական յաճախականութեամբ շարունակել հանդիպումները:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Եւ Մեկուսի Վարչութիւններու Ատենապետներու Առցանց Ժողով

Յաջորդը

«Հալէպի Ողբերգութիւն»… Սփիւռքահայութեան Գոյատեւութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.