Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին չորրորդ փուլի մասնակիցները երէկուան հանդիպումին ծանօթացան յօդուածներու եւ յօդուածագրութեան:
Ուրբաթ, 23 փետրուար 2024-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբին հանդիպումը, որուն ընթացքին լիբանանահայ ուսուցիչ, հրապարակագիր եւ մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեան մասնակիցներուն ներկայացուց յօդուածագրութիւնը, անոր սկզբունքներն ու կանոնները:
«Ապագայ լրագրողներ»-ը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Կ. Յովհաննիսեանի տուած բացատրութիւններուն եւ յօդուածի մը ամրութեան ու անոր ընդմէջէն անձնական համոզումներ արտայայտելու մասին անոր կատարած յստակ թելադրանքներուն:
Կ. Յովհաննէսեան իր հարուստ եւ շօշափելի օրինակներով կատարեալ հեզասահութեամբ ներկայացուց այն բոլոր կանոնները, որոնք պէտք է գործադրուին յօդուած մը գրելու պարագային:
Հանդիպումը ունեցաւ նաեւ գործնական բաժին, որուն ընթացքին Կ. Յովհաննէսեան ընդգծեց այն նրբութիւնները, որոնց մասին բացատրած էր:
Յօդուածներու ընթերցումին եւ վերլուծումներուն ընդմէջէն այդ բոլորը մատուցուեցան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն:
Հանդիպումին աւարտին Կ. Յովհաննէսեան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն` լաւագոյնս ըմբռնելի դարձնելով յօդուած մը գրելու կանոններն ու թեքնիքները:
Նշենք, որ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ սերունդին մաս կը կազմեն հայկական վարժարաններէ աշակերտներ:
Ծրագիրին կը մասնակցին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի, Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Հայկազեան համալսարանի աշակերտներն ու ուսանողները:


