Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թէժ Զրոյց` Փաշինեանի Եւ Փափազեանի Միջեւ

Փետրուար 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Փարիզի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 21 փետրուարին Ֆրանսայի պանթէոնին մէջ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ վերայուղարկաւորութեան առիթով Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսային մէջ գտնուելու հանգամանքէն օգտուելով, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոնը նախաձեռնած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի շփումը: Զրոյցը տեղի ունեցած է նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ներկայութեամբ` Էլիզէի պալատին մէջ կազմակերպուած ընթրիքի աւարտին:

Նախագահ Մաքրոն բացած է զրոյցը` յստակացնելով Հայաստանի վարչապետի եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու շփումներու անհրաժեշտութիւնը, եթէ նոյնիսկ տարակարծութիւնները կրնան բաժնել զանոնք: Նախագահ Մաքրոնը բարձր գնահատած է Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի ի նպաստ Հայաստանի կատարած աշխատանքը: Ան շեշտած է Հայաստանը պաշտպանելու անոնց վճռականութիւնը եւ Ֆրանսայի հայ համայնքը, Ֆրանսայի կառավարութիւնը եւ քաղաքական բոլոր դերակատարները համախմբելու անոնց կարողութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահին խօսքերէն ետք Մուրատ Փափազեանը ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը: Դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին` Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը դատապարտած է իր նկատմամբ 19 ամիս շարունակուած Հայաստանի մուտքի իրաւունքի արգելանքի փաստը, ինչ որ ի վերջոյ վերցուած է Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին կողմէ: Մուրատ Փափազեան քննադատած է Նիկոլ Փաշինեանը այս խորապէս ոչ ժողովրդավարական եւ պառակտող որոշումը կայացնելու համար:

Մուրատ Փափազեան ընդգծած է այն տարակարծութիւնները, որոնք Նիկոլ Փաշինեանը կրնար ունենալ իրեն հետ` միաժամանակ պնդելով զանոնք հրապարակայնօրէն արտայայտելու իր իրաւունքը` ազատ եւ ժողովրդավարական բանավէճի շրջանակներուն մէջ: Ժողովրդավարութեան այս դասէն ակնյայտօրէն ջղայնացած Նիկոլ Փաշինեանը բարկացած է եւ քննադատած է Մուրատ Փափազեանին` Ֆրանսայի նախագահին առջեւ այս նիւթը քննարկելուն համար:

Մուրատ Փափազեան յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահն է այդ նախաձեռնութեան հեղինակը, եւ որ, հաւանաբար, Ֆրանսայի նախագահը միակ անձն է, որ կրնար կազմակերպել այս երկխօսութիւնը:

Այդ պատասխանէն ա՛լ աւելի զայրացած, Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, թէ արգիլած է Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան այն պատճառով, որ վերջինս 1 յունիս 2021-ին  Փարիզի մէջ ցոյց  կազմակերպած է անոր դէմ: Այս անհիմն պնդումը բազմիցս տարածուած է Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին կողմէ եւ մշտապէս հերքուած է Մուրատ Փափազեանի կողմէ: Այնուամենայնիւ այդ զրոյցի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը դարձեալ կրկնած է այս մեղադրանքը, իսկ Մուրատ Փափազեանը անգամ մը եւս մերժած է այն, միաժամանակ զարմանալով, որ Հայաստանի անվտանգութեան ծառայութիւնները այս մեղադրանքը չեն ներկայացուցած դատարան:

Մուրատ Փափազեանը նաեւ պարզաբանած է, որ ցոյցի իրաւունքը արգիլուած չէ ժողովրդավարական երկրին մէջ: Ան զարմանք յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանի թոյլ փաստարկին եւ անոր արտայայտութիւններուն խեղճութեան համար:

Զրոյցի աւարտին նախագահ Մաքրոն մէկ կողմ առանձնացած է Հայաստանի վարչապետին հետ, որմէ ետք Փաշինեանը Մուրատ Փափազեանին յայտնած է, որ իշխանութիւնները Հայաստան վերադառնալու իր իրաւունքը վերականգնելու որոշումը պիտի չբողոքարկեն:

Նախորդը

«Եթէ Հայաստան Հակաօդային Պաշտպանութեան Հրթիռներու Կարիք Ունենայ, Անոնք Եւս Պիտի Տրամադրուին» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը

Յաջորդը

Ակնարկ. Պանթէոն Եւ Իւրօրինակ Շաբաթ` Հայաստանի Եւ Ֆրանսայի Համար

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?