Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միսաք Մանուշեանի Աճիւնը Ամփոփուեցաւ Ֆրանսայի Մեծագոյն Գործիչներու Պանթէոնին Մէջ

February 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ անոր կնոջ` Պրիժիտ Մաքրոնի ներկայութեան 21 փետրուարի երեկոյեան մեծ շուքով տեղի ունեցաւ ֆրանսական դիմադրութեան հայազգի հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ` Մելինէ Մանուշեանի աճիւնները Ֆրանսայի մեծագոյն գործիչներու պանթէոնին մէջ ամփոփելու արարողութիւնը:

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիել Աթալը, Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր կինը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններու, օրէնսդիր մարմիններու անդամներ, հասարակական, քաղաքական գործիչներ:

Արարողութեան ամբողջ ընթացքին, ինչպէս նաեւ նախագահ Մաքրոնի այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ ակնարկ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր պատճառով Մանուշեանի որբ ըլլալու իրողութեան:

«Օտարերկրացիներու Լեգիոն»-էն զինուորներ Մանուշեանի եւ անոր կնոջ դագաղները ուսամբարձ տարին դէպի Պանթէոն` կանգնելով երեք հանգրուաններու վրայ, որոնք կոչուած էին «վերապրիլ», «ընտրել» եւ «դիմադրել», եւ որոնց ընթացքին ակնարկ կատարուեցաւ Միսաք Մանուշեանի կեանքի երեք կարեւորագոյն փուլերուն` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրելուն, Ֆրանսան եւ Համայնավար կուսակցութեան անդամակցութիւնը ընտրելուն եւ Ֆրանսայի նացիական բռնագրաւումին դէմ զինեալ պայքար մղելուն:

Արարողութեան ընթացքին յաճախ հնչեց հայկական երաժշտութիւն, եւ Միսաք Մանուշեանի օրագրութենէն հատուածներ կարդացուեցան:

Ֆրանսայի նախագահը հանդիսաւոր արարողութեան վերջաւորութեան արտասանեց «Մարդիկ այսպէ՞ս կ՛ապրին» նշանաբանին շուրջ կառուցուած խօսք մը` անդրադառնալով Միսաք Մանուշեանի կեանքին ու գործունէութեան, Ֆրանսայի համար ներդրուած աւանդին:

«Մարդիկ այսպէ՞ս կ՛ապրին, այսքան տասնամեակներ անցած են, այդ եղանակո՞վ է, որ մարդիկ կ՛ապրին` ազատ. Միսաք Մանուշեանը ազատ էր, երբ կը քալէր փողոցը, երբ կ՛անցնէր կողքէն այս Պանթէոնին, ուր կ՛ամփոփուի անոր աճիւնը, այստեղէն քանի մը քայլ այն կողմ կը բացայայտէր ֆրանսական գիրքերը, կը պատկերացնէր` ինչպիսին պիտի ըլլար իր հայրենիքը` Հայաստանը, ան կը պատկերացնէր իր հայրը` Գէորգը, որուն սպաննած էին թուրքերը, երբ Միսաք փոքր էր, կը յիշէր մօրը, որ գաղթի ճամբուն վրայ մահացաւ հիւանդութիւններէն ու սովէն, իրադարձութիւններ, որոնք ամբողջ կեանքին ընթացքին զինք կը հետապնդէին:

«Մանուշեան ինքզինք «ցասումով լեցուն վագր» կը կոչէր», երբ ձերբակալեցին, սակայն Մելինէն իրեն հետ էր բոլոր ոդիսականներուն մէջ եւ կ՛ապրեցնէր զինք: Վերջնական, մշտական ընտրութիւնը ազատութիւնն էր:

«Ան, որ սիրել կը սիրէր` կ՛որոշէ սպաննել` 43 թուականի մարտին. մարդիկ այդպէ՞ս կ՛երազեն, այո, այսպէս, եւ այո, այստեղ, որովհետեւ իրենք զիրենք օտարեցին աշխարհէն, եւ անոնք որոշեցին պայքարիլ», ըսաւ Մաքրոն:

Միսաք Մանուշեանը ամփոփուեցաւ ֆրանսացի այնպիսի մեծութիւններու կողքին, ինչպիսիք են` Վիքթոր Հիւկոն, Ժան-ժաք Ռուսոն, Մարի եւ Փիեռ Քիւրիները, Էմիլ Զոլան, Ալեքսանտր Տիւման եւ ուրիշներ: Ան առաջին օտարազգի գործիչն է, որ մուտք կը գործէ Պանթէոն:

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Սիւնիքի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջադէպերը Կը Վկայեն, Որ Մագլցումի Վտանգը Իրական Է»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (23 Փետրուար 2024)

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.