Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Հայաստան Հակաօդային Պաշտպանութեան Հրթիռներու Կարիք Ունենայ, Անոնք Եւս Պիտի Տրամադրուին» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը

Փետրուար 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շատ չխորանամ, թէ ինչ սարքաւորումներ պիտի գան Հայաստան, սակայն բոլորն ալ պաշտպանական նշանակութեան են, որովհետեւ այս շրջանին մէջ առաջնահերթ է թէ՛ բնակչութեան, թէ՛ սահմաններու պաշտպանուածութիւնը: Այս մասին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիւ:

«Պասթիոն» զրահապատ մեքենաներու խմբաքանակը եւս շուտով Հայաստան պիտի ըլլայ: Եթէ Հայաստանը կարճ, միջին եւ այլ հեռահարութեան հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու կարիք ունենայ, ապա անոնք եւս պիտի տրամադրուին Հայաստանին», յայտարարեց ան:

Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարարը նաեւ ըսաւ, որ ոեւէ մէկը չի կրնար քննադատել Հայաստանի բանակը` իր պաշտպանութեան ունակութիւնները ուժեղացնելուն համար:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարն ու Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարարը համագործակցութեան նոր համաձայնագիրներ ստորագրեցին:

Համաձայնագիրներ ստորագրուած են նաեւ ֆրանսական պաշտպանական ընկերութիւններու հետ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան իր կարգին յայտնեց. «Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարարին այցելութիւնը ակներեւ վկայութիւն է այն բանի, որ թէեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ֆրանսայի միջեւ զինուորական համագործակցութեան գործնական փուլը երկու տարին չէ բոլորած, սակայն մեր միացեալ ջանքերուն շնորհիւ անիկա արդէն համակարգային ու հեռահար բնոյթ ունի:

«Ընդամէնը վայրկեաններ առաջ մենք աւարտեցինք մեր քննարկումները, որոնք, ինչպէս միշտ, անցան բովանդակային եւ գործնական մթնոլորտի մէջ: Մեր համագործակցութեան օրակարգը կ՛ընդգրկէ զինեալ ուժերու կենսագործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները: Յատկապէս պէտք է ընդգծեմ պաշտպանական բարեփոխումներուն ուղղութեամբ համակողմանի խորհրդատուական աջակցութիւնը, զինուորական կրթութեան ոլորտը, լայն թափով զարգացող վարժանքներու ուղղութիւնը: Երկկողմանի համագործակցութիւնը այս տարուընէ պիտի դրուի յստակ ծրագրաւորման հիմքի վրայ եւ կը զարգանայ մէկ տասնեակէ աւելի ուղղութիւններով», ըսաւ ան:

Պապիկեան նշեց, որ Լըքորնիւի հետ անդրադարձած են շրջանային ու անվտանգութեան հարցերուն:

«Կարեւոր նկատեցինք շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումը եւ Հայաստանի` իբրեւ ազատ, գերիշխան եւ ժողովրդավար երկիր կայուն զարգացումը:

«Քննարկումներուն հիմամբ գոհունակութեամբ փաստեցինք նախկին համաձայնութիւններու եւ ծրագիրներու կատարման ընթացքը, ձեւաւորեցինք յառաջիկայ ընելիքներու հարուստ օրակարգը, քիչ առաջ ստորագրուած փաստաթուղթերը նոր հիմք պիտի դնեն այդ օրակարգի զարգացման համար», ըսաւ Պապիկեան:

Լըքորնիւ աւելի ուշ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Հայաստանի գլուխին կախուած սպառնալիքները մեզ կը ստիպեն աւելի արագ յառաջ ընթանալ»:

 

 

Նախորդը

Փաշինեան. «Հայաստանի` ՀԱՊԿ-ին Մասնակցութիւնը Սառեցուած Է»

Յաջորդը

Թէժ Զրոյց` Փաշինեանի Եւ Փափազեանի Միջեւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?