Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պանթէոն Եւ Իւրօրինակ Շաբաթ` Հայաստանի Եւ Ֆրանսայի Համար

Փետրուար 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միսաք Մանուշեանի աճիւններու Ֆրանսայի Պանթէոն տեղափոխումի արարողութիւնը կարելի է ըսել, որ տեղի ունեցաւ պետական բարձրագոյն մակարդակով, կատարեալ կազմակերպուածութեամբ եւ համարժէք պատիւի ընծայումով:

Այս ծրագիրը իբրեւ առաջադրանք պատմական ունի եւ վաղուց կ՛արծարծուէր: Անպայման Դիմադրութեան 23 մարտիկներու գնդակահարութեան 80-ամեակը կրնար չըլլալ այն մղիչ գործօնը կամ առիթը` նման բարձրամակարդակ իրադարձութիւն կայացնելու: Աւելի ճիշդը, անիկա միակ առիթը չէր, եթէ փորձենք քաղաքական պահու տրամաբանութեան պարունակին մէջ դիտարկումներ արձանագրել:

Ներֆրանսական առումով  կար յստակ ուղերձ: Յաճախ յիշուեցաւ, որ Մանուշեան երկու անգամ Ֆրանսայի քաղաքացիութեան դիմած է եւ մերժուած: Շեշտուեցաւ ջոկատին օտար, ոչ ֆրանսացիներէ բաղկացած ըլլալը:

Այս երեւոյթներու արծարծումները շատ արագ կապուեցան վերջին շրջանին գաղթականներու վերաբերող եւ խնդրայարոյց նկատուող օրէնքի նախագիծին հետ, որուն նկատմամբ բանավէճերը կամ տարբեր հոսանքներու հակոտնեայ դիրքորոշումները կը շարունակուին: Աւելի սուր քննադատուեցաւ աջակողմեան շրջանակը, որ արմատական դիրքորոշում ունի գաղթականներուն նկատմամբ կիրարկուող քաղաքականութեան դէմ:

Կարելի է հաստատել, որ Ֆրանսայի նախագահի խօսքը փայլուն շարադրանքով ներառած էր թէ՛ համամարդկային, թէ՛ գրական-մշակութային, թէ՛ ազգային, եւ թէ՛ պայքարի, գաղափարի ու զոհաբերութեան առումով արժէքային համակարգի կարեւորագոյն բաղադրիչներ: Կը թուէր, որ ոչ միայն Ֆրանսան, այլեւ ընդհանրապէս աշխարհը հեռացած էր գաղափարական այդ արժէքներէն: Խօսքը այդ առումով վերաշեշտեց ազատութեան, արդարութեան եւ եղբայրութեան ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարական հիմնադրոյթները:

Ուշագրաւ էր Մանուշեանին ազգային պատկանելիութեան անդադար յիշեցումը. այդ առիթով Ցեղասպանութենէն վերապրած ըլլալը կամ հայաստանեան իր հայրենիքին նկատմամբ ունեցած երազանքը: Այս ընդգծումները քաղաքական տրամաբանութեամբ միայն Մանուշեանի կեանքի փուլերուն անդրադարձով չեն բացատրուիր:

Անցանք արդէն իրադարձութեան քաղաքական դիտարկումներուն: Պանթէոնի արարողութիւնը լուսաբանելու, անոր արձագանգելու  առումով համաֆրանսական տեղեկատուական քաղաքականութիւնը համահունչ էր պետականին: Հարցազրոյցներ, վերլուծումներ եւ վաւերագրական տեսանիւթեր համոզեցին, որ երկար ատենէ ի վեր կար նախապատրաստութիւն լրատուական ոլորտին մէջ եւս պետութեան առած քայլերուն համահունչ նախապատրաստուելու:

Մանուշեանի կեանքին ներկայացման համար ֆրանսացի լրագրողական խումբեր հասած էին Լիբանան` այցելելու համար այն որբանոցները, ուր մնացած էր Մանուշեան, եւ շեշտելու Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերու համատարած երեւոյթը:

Այս բոլորը կը զուգադիպին պաշտօնական Փարիզի` Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ հետզհետէ աւելի զօրակցական բնոյթ ստացող յայտարարութիւններու բարձրաձայնումին: Կը զուգադիպին առաջին անգամ ըլալով Ֆրանսայի պաշտպանական համակարգի գերատեսչութեան ղեկավարի մը Երեւան այցելութեան: Նոր սպառազինութիւններու մասին համաձայնութիւններու: Կը զուգադիպին նաեւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն համագործակցութեան խորացման նոր ուղղութիւններուն:

Մանուշեանի աճիւններու փոխադրութեան նախօրեակին եւ արարողութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնները եւ անոնց յաջորդած պաշտպանութեան նախարարի այցելութեան հետ կապուած քննարկումներն ու հրապարակուած օրակարգերը քաղաքական ընթերցումով կապ ունին պանթէոնացումի կայացման բարձրագոյն մակարդակին, երեւոյթի թէ՛ ֆրանսական, թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համամարդկային տարողութեամբ ներկայացումին հետ:

Ամփոփ բանաձեւումը այս բոլորին, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարին կատարած յայտարարութիւնն էր Երեւանի մէջ, թէ «կարելի է ըսել, որ շատ իւրօրինակ շաբաթ էր Ֆրանսայի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն համար»: Շաբաթը, փաստօրէն, ներառած էր թէ՛ նախագահի յայտարարութիւնները, թէ՛ Մանուշեանի աճիւններու Պանթէոն տեղափոխումը եւ թէ՛ պաշտպանութեան նախարարին Երեւան այցելութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Թէժ Զրոյց` Փաշինեանի Եւ Փափազեանի Միջեւ

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 145-ի Լուծում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?