Բողոքի Ցոյց Հանրապետութեան Հրապարակին Մէջ` Կառավարութեան Նիստին Ժամանակ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը, զոր կ՛առաջնորդէ Բագրատ արք. Գալստանեանը, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն աւելի քան վեց ժամերէն բողոքի ցոյց կ՛իրականացնէր կառավարութեան շէնքին շուրջ: Նախ առաւօտեան կառավարութեան նիստին զուգահեռ ինքնաշարժներով բոլոր կողմերէն փակուեցան Հանրապետութեան հրապարակի մուտքերը: Հրապարակը քանի մը վայրկեան անդամալուծուած վիճակի մէջ էր, ոստիկանութիւնը, սակայն, շատ արագ միջոցներ կիրարկեց, 9 մարդիկ բերման ենթարկուեցան, 11 ինքնաշարժներ տարուեցան...




















