Գլխաւոր լուրեր

Նասրալլա Հանդիպում Ունեցաւ  Պաքերի Քանիի Հետ

Նասրալլա Հանդիպում Ունեցաւ Պաքերի Քանիի Հետ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ` ներկայութեամբ Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանին: Սայիտ Նասրալլա անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի ու անոնց ընկերակիցներուն մահուան առիթով: Հըզպալլայի հասարակական կապերու բաժանմունքը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են շրջանային...

Պայտըն. «Գործարքի Չգործադրուելուն  Պատասխանատուն Համասն Է, Եւ Կրնայ  Այս Հարցին Վաղը Իսկ Վերջ Տալ»

Պայտըն. «Գործարքի Չգործադրուելուն Պատասխանատուն Համասն Է, Եւ Կրնայ Այս Հարցին Վաղը Իսկ Վերջ Տալ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Գոյութիւն ունի պատճառ մը, որ մարդոց կը մղէ եզրակացնելու, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր քաղաքական գոյութիւնը պահպանելու համար աշխատանք կը տանի պատերազմը երկարաձգելու»: Պայտըն ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթին յայտնեց. «Նեթանիահու պատանդներու հարցով հսկայական ճնշումներու կ՛ենթարկուի, ուստի ան պատրաստ է զանոնք վերադարձնելու համար որեւէ բան ընելու»: «Պէտք է երկու պետութիւններու լուծումին անցում ըլլայ, եւ այդ...

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումի  Բողոքի Հերթական Կանգառը Քննչական Կոմիտէն Էր

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումի Բողոքի Հերթական Կանգառը Քննչական Կոմիտէն Էր

Երէկ առաւօտեան «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամները Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ երթով ուղղուեցան դէպի Քննչական կոմիտէի շէնք: Անոնք պահանջեցին, որ Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը կամ քննչականէն ոեւէ ներկայացուցիչ իջնէ` հանդիպելու քաղաքացիներուն հետ: «Ամբողջ ընթացքին արձանագրուած միջադէպերուն հետ կապուած մեր ընդվզումը կ՛արտայայտենք` հասկնալու համար, թէ Քննչական կոմիտէն միայն քաղաքացիներուն դէ՞մ կը գործէ, թէ՞ նաեւ այն ոստիկաններուն, որ քաղաքացիներու նկատմամբ բռնութիւն...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Խաղաղութեան  Կեղծ Օրակարգով Կարելի Չէ Զսպել  Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Խաղաղութեան Կեղծ Օրակարգով Կարելի Չէ Զսպել Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը»

«Երկրի հիւրասրահ» պատկերասփռուած յայտագիրը հիւրընկալեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Զրոյցին ընթացքին ան անդրադարձ կատարեց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման` նշելով, որ Հայաստանը կը գտնուի այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ այս շարժումը արդէն անխուսափելի էր: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ անկարելի էր անտեսել հայրենիքը մաս առ մաս թշնամիին յանձնելու այս գործընթացը` նշելով, որ միեւնոյն ատեն միանգամայն բնական էր շարժման` Տաւուշէն...

Պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանի Նկատմամբ  Բռնութեան Փաստով Քրէական Գործ Յարուցուած Է

Պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանի Նկատմամբ Բռնութեան Փաստով Քրէական Գործ Յարուցուած Է

Անցեալ շաբաթ դաշնակցական պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանը ոստիկաններուն կողմէ բռնութեան ենթարկելու վերաբերեալ բողոքէն ետք քրէական գործ յարուցուած է: Գլխաւոր դատախազութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ գործը յարուցուած է պաշտօնատար անձի կողմէ բռնութիւն գործադրելու միջոցով ծառայողական լիազօրութիւնները անցնելու կամ չարաշահելու յօդուածով: Մեղադրեալներ, սակայն, տակաւին չկան: Յայտնի է միայն, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը ծառայողական քննութեան հիմամբ դադրեցուցած էր միջադէպին մասնակից ոստիկաններէն մէկու լիազօրութիւնները:...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Գործակատարը Այցելեց Լիբանան

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Գործակատարը Այցելեց Լիբանան

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքրի Քանին, որ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Պէյրութ: Պու Հապիպ Քանիի հետ երկարատեւ դէմ առ դէմ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց իրանեան պատուիրակութեան եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ ընդլայնուած ժողով մը: Պու Հապիպ հանդիպումի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին...

Պլինքըն Կալանթի Եւ Կանցի Հետ Քննարկեց  Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Առաջարկը

Պլինքըն Կալանթի Եւ Կանցի Հետ Քննարկեց Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Առաջարկը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ խօսած է Կազայի մէջ ամբողջական ու համապարփակ զինադադարի հաստատման, բոլոր գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի բոլոր շրջաններ մարդասիրական օժանդակութեան հոսքը աւելցնելու առաջարկին մասին: «Պլինքըն ողջունեց Իսրայէլի համաձայնութիւն կնքելու պատրաստակամութիւնը եւ յայտնեց, որ համաձայնութիւն յայտնելու պատասխանատուութիւնը Համաս շարժումի...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Նախագիծը Եւ Իսրայէլեան Կառավարութեան Ճակատագիրը

Ակնարկ. Ամերիկեան Նախագիծը Եւ Իսրայէլեան Կառավարութեան Ճակատագիրը

Միացեալ Նահանգները, Քաթարն ու Եգիպտոսը համադրած են իրենց քաղաքական ժամացոյցի սլաքները` Կազայի մէջ զինադուլի համաձայնութեան յանգելու համար: Երեք պետութիւններու կոչը ուղղուած է երկու կողմերուն: Առաջարկը ըստ էութեան ամերիկեան նախագիծն է, որուն կ՛աջակցին միւս պետութիւնները եւ որ կը բաղկանայ երեք փուլերէ: Առաջին երկու փուլերուն վերաբերեալ կան մանրամասնութիւններ: Զինադուլի հաստատում, պատանդներու` նախ եւ առաջ քաղաքացիներու, պատանդներու եւ ապա ռազմագերիներու փոխանակում: Փակ կը...

Գիւմրիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Տաւուշը Յանուն  Հայրենիքի» Շարժումին Հանրահաւաքը

Գիւմրիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումին Հանրահաւաքը

Գիւմրիի Թատերական հրապարակին մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին հանրահաւաքը: Հանրահաւաքին ընթացքին «Տաւուշը յանուն հայրենիք» շարժումի ղեկավար եւ վարչապետի թեկնածու Բագրատ արք. Գալստանեան անդրադարձաւ Տաւուշի մարզին մէջ տեղի ունեցած սահմանազատումին` յայտարարելով, թէ անիկա միակողմանի է. «Միակողմանի զիջումներ են, եւ չենք գիտեր, թէ անոնք ո՛ւր պիտի երթան, ինչքա՛ն պիտի շարունակուին»: «Եթէ իսկապէս սահմանազատում եւ սահմանագծում է, թող 2...

Գասպար Կարապետեան. «Այլեւս Անկարելի Է Երկար Ճամբայ Երթալ Այս Իշխանութեան Հետ»

Գասպար Կարապետեան. «Այլեւս Անկարելի Է Երկար Ճամբայ Երթալ Այս Իշխանութեան Հետ»

«Ալֆա Նիուզ» կայքի ուղիղ եթերի ընթացքին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան անդրադարձած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նոր պահանջին: Յիշեցնենք, որ Ալիեւ Խոջալուի (Իվանեան) մէջ  յայտարարած է, թէ «Հայաստանը պէտք է ճանչնայ Խոջալուի ցեղասպանութիւնը եւ ներում հայցէ»: «Ակնկալելի էր, որ Ալիեւը նման բան ըսէր: Այնքան ատեն որ ինք Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան հետ լեզու գտած է, վտանգաւոր է:...

Սէյիտ Նասրալլա. «Նեթանիահուն Եւ Անոր Գիժերը  Կը Շարունակեն Ցեղասպանութիւնը` Աշխարհին  Ցուցաբերած Լռութեան Ներքեւ»

Սէյիտ Նասրալլա. «Նեթանիահուն Եւ Անոր Գիժերը Կը Շարունակեն Ցեղասպանութիւնը` Աշխարհին Ցուցաբերած Լռութեան Ներքեւ»

Իսլամ քարոզիչ շէյխ Ալի Քորանիի մահուան յիշատակին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը: Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իսրայէլ այս շրջանին մէջ ապագայ չունի` աւելցնելով, որ ան իր տեսակով եւ բնութեամբ պատերազմի, բռնարարքներու եւ սադրանքներու բնօրրան է: «Մեր պատասխանատուութիւնն է ճիգ չխնայել եւ միշտ աշխատիլ, որպէսզի քաղցկեղային այս գեղձը վերացնենք շրջանէն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:...

Տոհա, Գահիրէ Եւ Ուաշինկթըն Համասին  Եւ Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղեն` Կնքելու Պայտընի  Ճշդած Սկզբունքներուն Հիմամբ Համաձայնութիւն Մը

Տոհա, Գահիրէ Եւ Ուաշինկթըն Համասին Եւ Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղեն` Կնքելու Պայտընի Ճշդած Սկզբունքներուն Հիմամբ Համաձայնութիւն Մը

Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու ազատ արձակման համար միջնորդներ Քաթարը, Եգիպտոսն ու Միացեալ Նահանգները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Համասին եւ Իսրայէլին կոչ ուղղեցին` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի 31 մայիսին ճշդած սկզբունքները մարմնաւորող համաձայնութիւն մը կնքելու: «Այդ սկզբունքները բոլոր կողմերուն ալ պահանջները կը միախմբեն գործարքի մը մէջ, որ բազմազան շահերուն կը ծառայէ եւ կրնայ անմիջապէս վերջ տալ Կազայի բոլոր...

«Ազդակ»-ը Օժտուեցաւ Թանգարանային Արժէք Ունեցող Իրերով

«Ազդակ»-ը Օժտուեցաւ Թանգարանային Արժէք Ունեցող Իրերով

«Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ին նուիրեց երկար տարիներու ընթացքին իր հաւաքած մետաղեայ հնագոյն դրամներու հաւաքածոն։ Հռոմէական, Տիգրան Մեծի, Կիլիկիոյ, ցարական Ռուսիոյ, Սէյմի, Հայաստանի  առաջին Հանրապետութեան, համայնավար յեղափոխութեան, յետխորհրդային Ռուսիոյ ժամանակաշրջաններէն հաւաքուած դրամներու եզակի նմոյշները յանձնուեցան «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան։ Դրամներու այս թանկարժէք հաւաքածոյին կ՛ընկերանայ  նաեւ  մոլորակի բոլոր ցամաքամասերու  երկիրներէն դրոշմաթուղթերու հարուստ հաւաքածոյ մը։ Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ին յանձնեց նաեւ հայաստանեան հանքային արժէքաւոր...

ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախմբերի Ու Գրասենեակների  Համահայկական Խորհրդաժողովի Ամփոփում

ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախմբերի Ու Գրասենեակների Համահայկական Խորհրդաժողովի Ամփոփում

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի հրաւէրով, մայիսի 25-28-ը Հայաստանում գումարուեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախմբերի ու գրասենեակների համահայկական խորհրդաժողով` շուրջ քսան երկրներից ժամանած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախմբերի ու գրասենեակների պատասխանատուների մասնակցութեամբ: Խորհրդաժողովը լսեց ՀՅԴ Հայ դատի համաշխարհային ցանցի աշխատանքների ամփոփումները նախորդ` 2021 թուականի դեկտեմբերի խորհրդաժողովից առ այսօր, քննարկեց Արցախի հայաթափումից ու դրանով պայմանաւորուած զարգացումների վերաբերեալ տարբեր զեկոյցներ, կատարեց գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնների եւ քաղաքական...

Լարուած Իրավիճակ` Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Շէնքին Մօտ.  Կան 29 Բերման Ենթարկուածներ

Լարուած Իրավիճակ` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Շէնքին Մօտ. Կան 29 Բերման Ենթարկուածներ

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը երէկ առաւօտեան քայլերթ կատարեց Երեւանի մէջ: Քայլերթը սկսաւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ մօտէն: Շարժման մասնակիցները ժամը 11:30-ի դրութեամբ հասան Հանրապետութեան հրապարակ: Ապա անցան Գլխաւոր դատախազութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքերու մօտ, ուր ոստիկանական մեծաթիւ ուժեր տեղակայուած էին: Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին դիմաց շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան յայտարարեց, որ այս կառոյցը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան...

Լը Տըրիան Պէյրութէն Մեկնեցաւ Առանց Երկրին  Քաղաքական Տագնապին Մէջ Բեկում Մը Յառաջացնելու

Լը Տըրիան Պէյրութէն Մեկնեցաւ Առանց Երկրին Քաղաքական Տագնապին Մէջ Բեկում Մը Յառաջացնելու

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրներէն, կը հաղորդէ, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Պէյրութ կատարած իր այցելութենէն ետք մեկնած է առանց երկրին քաղաքական տագնապին մէջ բեկում մը յառաջացնելու, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ կառչած կը մնայ իր կեցուածքներուն: Նոյն աղբիւրը ընդգծած է, որ Լը Տըրիան լիբանանցի պատասխանատուները զգուշացուցած է,...

Ուաշինկթըն. «Ալճերիոյ Ապահովութեան Խորհուրդին Ներկայացուցած Ռաֆահի Վերաբերեալ Բանաձեւը Հաւասարակշռուած Չէ»

Ուաշինկթըն. «Ալճերիոյ Ապահովութեան Խորհուրդին Ներկայացուցած Ռաֆահի Վերաբերեալ Բանաձեւը Հաւասարակշռուած Չէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Ալճերիոյ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած Ռաֆահի վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծը, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատում, Համասի մօտ գտնուող բոլոր գերիներու ազատ արձակում եւ Իսրայէլէն Ռաֆահի վրայ իր յարձակումը անմիջապէս դադրեցնել կը պահանջէ, հաւասարակշռուած չէ: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Զինադադարի համար դասաւորումներու առաջարկ մը գոյութիւն ունի, եւ եթէ ատոր...

Սլովենիան Եւս Ճանչցաւ Պաղեստինի Պետութիւնը

Սլովենիան Եւս Ճանչցաւ Պաղեստինի Պետութիւնը

Սլովենիոյ կառավարութիւնը ճանչցաւ Պաղեստինի պետութեան անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Այս մասին յայտարարեց Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Որոշումը պէտք է հաստատուի Սլովենիոյ խորհրդարանին կողմէ: Կը նախատեսուի, որ ատիկա տեղի ունենայ յառաջիկայ օրերուն: Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Թանիա Ֆայոն որոշումը կոչեց պատմական քայլ եւ համոզում յայտնեց, որ Պաղեստինի անկախութեան ճանաչումը իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղ գոյակցութեան միակ ուղին է: «Իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները իրաւունք...

Ակնարկ.  «Յաւելեալ Համարձակութիւն»

Ակնարկ. «Յաւելեալ Համարձակութիւն»

Պաքուն նոր նախապայման դրած է Երեւանի առջեւ. ճանչնալ Խոջալուի «ցեղասպանութիւնը»: Գրաւելէ ետք հայկական Արցախը, ներխուժելէ ետք հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ,  Պաքուն անջատած է սահմանազատման օրակարգը խաղաղութեան պայմանագիրէն, իր կանոններով սկսելով հատուածական սահմանազատում, հիմա կը համալրէ իր նախապայմանները: Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի, Մարաղայի մէջ ցեղասպանական արարքներ գործադրած, ցեղային զտման ամբողջ քաղաքականութիւն մը հերթական արարներով իրականացուցած եւ Արցախի մէջ ուղղակի Ցեղասպանութիւն կիրարկած Պաքուն այժմ...

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Չորեքշաբթի, 29 մայիս 2024-ին, շուրջ մէկ ժամ հանդիպում կայացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի միջեւ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս Լիբանանի հետ կապուած շարք մը հարցեր` մասնաւորաբար Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն, ընկերային-տնտեսական տագնապի յաղթահարում եւ ընդհանուր բարեկարգում: Այս հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը յայտնեց իր պատկերացումը: Նոր նշանակուած դեսպանին առաջին այցելութիւնը...

Page 166 of 796 1 … 165 166 167 … 796

Արխիւներ