Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանը Հայաստանը Հրաւիրած Է Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք ՔՈՓ29-ին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

July 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան Հայաստանին կ՛առաջարկէ, նախքան խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը, համաձայնութեան գալ բարի դրացիական յարաբերութիւններու հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ:

Այս մասին, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ` չբացառելով, որ այդ սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւնը կրնայ մինչեւ նոյեմբեր գոյանալ:

«Տակաւին 2021-ին, իբրեւ միջանկեալ տարբերակ, մենք Հայաստանին առաջարկած ենք համաձայնութիւն գոյացնել հիմնարար սկզբունքներու շուրջ, որոնք կրնան բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել մեր երկիրներուն միջեւ», ըսած է ան:

«Տը Նեշընըլ»-ի համաձայն, Հաճիեւ երէկ յայտարարած է. «Ազրպէյճան Հայաստանը հրաւիրած է` մասնակցելու Պաքուի մէջ նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՔՈՓ29 վեհաժողովին»:

Ան լրագրողներուն ըսած է, որ պաշտօնական հրաւէրը ուղարկուած է Երեւան:

ՔՈՓ29-ը ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային հռչակագիրի մասնակիցներու խորհրդաժողովի նիստ է:

Դեկտեմբեր 2023-ին, Հայաստանը իբրեւ բարի կամեցողութեան քայլ իր աջակցութիւնը յայտնած էր զայն հիւրընկալելու համար Ազրպէյճանի ներկայացուցած դիմումին եւ վերցուցած իր թեկնածութիւնը, իսկ Ազրպէյճան իր աջակցութիւնը յայտնած էր Արեւելեան Եւրոպայի խումբի «ՔՈՓ»-ի բիւրոյին անդամակցելու համար առաջադրուած Հայաստանի թեկնածութեան:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Երեւանը Պէտք Է Յստակ Պատասխան Տայ, Թէ Ինչպէ՞ս Կրնան Ազրպէյճանցիները Վերադառնալ Իրենց Պատմական Հողերը»

Յաջորդը

Բագրատ Սրբազան. «Սեպտեմբերի Սկիզբը Տեղի Պիտի Ունենայ Մեծ Հաւաք»

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.