Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ Հայ Դատի Համակարգին Աշխատանքները

July 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11-22 նոյեմբեր 2024-ին Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ պիտի գումարուի ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովը (ՔՈՓ29), որուն կ՛ակնկալուի, որ մասնակցին կառավարական հազարաւոր պատուիրակներ, լրագրողներ եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ազրպէյճան այս համաժողովը կ՛օգտագործէ մոլորեցնելու միջազգային հանրային կարծիքը իր էութեան մասին:

Միաժամանակ, այս համաժողովը առիթ է, որ ներկայացնենք Ազրպէյճանի իսկական` ցեղասպանական, ռազմատենչ, ամբողջատիրական հակաժողովրդավարական էութիւնը, բարձրաձայնելով նաեւ կլիմայի փոփոխութեան մէջ Ազրպէյճանի բացասական վարքագիծի մասին:

Հայ դատի համակարգը` յանձնախումբերը եւ գրասենեակները, այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք արդէն սկսած են իրականացնել յատուկ մշակուած ծրագիր` հասնելու համար այն բոլոր շրջանակներուն` կառավարական, քաղաքական, հասարակական եւ լրատուական, որոնք որեւէ չափով առնչուած են ՔՈՓ29-ին: Այդ աշխատանքներուն նպատակն է շեշտել արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը, մղել նշեալ շրջանակները ազդեցութիւն բանեցնելու Ազրպէյճանի վրայ` պահանջելով Արցախի մէջ իր գործադրած ցեղասպանական արարքներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս իր ներխուժումին եւ հայ գերիները ապօրինաբար պահելու հարցերով իր հայատեաց քաղաքականութիւնը փոխել:

Այս աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է իւրաքանչիւր հայու, որ ընկերային ցանցերու վրայ օգտատէր է: Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, որ ընկերային ցանցերով այս նպատակով օտար լեզուներով գրառումներ կատարեն, միաժամանակ օգտագործելով առնուազն այս չորս հեշթեկները. #COP29Exposed, #COPout29, #COP29, #COP29Azerbaijan: Այս կայքէն (https://copout29.com/) կրնաք վերցնել Հայ դատի համակարգին կողմէ պատրաստուած կարգ մը գծանկարներ եւ պատկերիզներ, որոնք կ՛արտայայտեն մեր տեսակէտները: Խիստ կարեւոր է բոլոր գրառումներուն եւ կամ գծանկարներուն հետ օգտագործել վերոյիշեալ հեշթեկները:

Մեր տեսակէտները բարձրաձայնելու համար յարմար առիթ են նաեւ յառաջիկայ օրերուն սկսող 2024-ի Ողիմպիական խաղերը, Փարիզի մէջ:

Ընկերային ցանցերու վրայ, հայկական շրջանակներու հետ համագործակցաբար, նման աշխատանքի մասնակից է նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն: Այս առիթով հայութեան ուղղուած իր ուղերձը Օքամփոն կ՛եզրափակէ գրելով. «Միջազգային հանրութեան ջանքերը միաւորելով` դուք կրնաք հասնիլ անոր, որ ՔՈՓ29-ի ընթացքին դիտարկուին ոչ միայն կլիմայի փոփոխութեան, այլեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան հարցերը: Հայեր, ժամանակն է ըլլալ փոփոխութիւններու առաջամարտիկը: Գրառումներ կատարեցէ՛ք, մեկնաբանեցէ՛ք եւ բարձրացուցէ՛ք ձեր ձայնը: Ձեզի կը միանան շատերը, որոնց շարքին նաեւ` ես»:

Քաղաքական հանրայայտ դէմքեր, միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններ արդէն իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են ՔՈՓ29-ի Պաքուի մէջ գումարուելուն առնչութեամբ: Ոմանք նոյնիսկ կոչ ըրած են պոյքոթելու այդ նախաձեռնութիւնը:

Հանրութիւնը տեղեակ պահելու համար, մենք պարբերաբար կ՛անդրադառնանք այս աշխատանքներուն:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

22 յուլիս 2024

 

Նախորդը

Լուիս Մորենօ Օքամփոն Աշխարհի Հայերուն Համախմբուելու Եւ Պաքուի Յանցանքներուն Դէմ Արշաւ Սկսելու Կոչ Ուղղեց

Յաջորդը

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.