 ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան 23 յուլիսին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան օրէնսդիր իշխանութեան շարք մը ներկայացուցիչներու հետ:

Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան քաղաքական խումբի անդամ Լուքաս Ֆուրլասի, Ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խումբի անդամ Քոսթաս Մաւրիտեսի, Եւրոպայի պահպանողականներու քաղաքական խումբի անդամ Չարլի Վայմերսի հետ հանդիպումներուն ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան խորհրդարանականներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին ու Արցախին առնչուող խնդիրներու վերաբերեալ տարիներ շարունակ դրսեւորած սկզբունքային դիրքորոշումին համար:
 Ընդգծելով Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանին ուժի սպառնալիքով միակողմանի զիջումներու պարտադրման շարունակական քաղաքականութեան անընդունելի ըլլալու հանգամանքը` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ներկայացուց շրջանին համար նման քաղաքականութեան ապակայունացնող ազդեցութիւնները:

Հանդիպումներուն ժամանակ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման խնդիրին` այդ հարցին մէջ կարեւոր նկատելով Ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուեցան Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ՔՈՓ29 համաժողովին միջազգային պատուիրակութիւններու մասնակցութեան վերաբերող հարցեր:
Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի (ՍԵՓԱ) ամբողջական կիրարկման անհրաժեշտութեան: