Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խանասորի Արշաւանքի Շունչով Եւ Դաշնակցականի Ուխտը Վերանորոգելու Ոգիով Նշուեցաւ «Պատանիի Օր»-ը

July 23, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, ուրբաթ, 19 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պատանիի օր» հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, նախկին նախարարներ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ Վրէժ Սապունճեանի, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ալեք Մուրատեանի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութիւններու եւ կոմիտէներու ու միութիւններու ներկայացուցիչներուն, պատանեկան միութիւններու նախկին վարիչներու, ծնողներու եւ պատանիներու:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգներէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին պատանիներ Յովիկ Չերչեան եւ Աննա Մարիա Սինանեան: Բացման խօսքին մէջ պատանիները նշեցին, որ Խանասորի արշաւանքի շունչով, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները անցեալին աւանդութիւն ունէին յուլիսին կազմակերպել «Պատանիի օր»-ը, եւ այսօրուան այս հաւաքը կը միտի վերականգնել նշեալ աւանդութիւնը` արժեւորելով արշաւանքին դերը եւ դաշնակցական պատանիներուն օր յատկացնելու կարեւորութիւնը: Անոնք աւելցուցին. «Տարիներ շարունակ այս տօնակատարութիւնը ահազանգ է իւրաքանչիւր դաշնակցական ընկերոջ` հաւատարիմ մնալու դաշնակցական իր ուխտին եւ հաւատամքին»:

«Մենք պէտք է ըլլանք պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեան վրայ,  ըլլանք համեստ եւ մեզի վստահուած նոյնիսկ փոքր պարտականութիւնները լռութեամբ իրենց աւարտին հասցնենք ու ըլլանք ծառայասէր, պատրաստ` բոլորին օգնութեան ձեռք երկարելու, առանց որեւէ խտրութեան: Մենք ըլլանք ազնիւ նկարագրի տէր դաշնակցականներ, ըլլանք հայրենասէր ու պայքարող, եւ ի՛նչ ալ ըլլան դժուարութիւնները,  չյանձնուինք ու չհրաժարինք պայքարէն, հեռու մնանք բամբասանքէ եւ անտեղի վէճերէ, յարգենք երէց եւ պատասխանատու ընկերները եւ, վերջապէս, ըլլանք ընկերասէր, խիզախ ու վստահելի», հաստատեցին պատանիները:

Ապա ներկաները դիտեցին հանդիսութեան առաջին տեսերիզը, որ կը կրէր «Անցեալէն ներկայ» անունը: Տեսերիզին մէջ ներկայացուած էր ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու ստեղծումը, պայմանները եւ առաջին տասնամեակներու պայմանները եւ իրագործումները: Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն խումբ մը պատանիներ ասմունքեցին Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը», ապա պատանիներ երգեցին պատանիներու նուիրուած երգը:

Հանդիսութեան պատգամախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան, որ նշեց, թէ «Պատանիի օր»-ը կապուած է մեր յեղափոխական պատմութեան մէջ նշանակալից խորհուրդ կրող մէկ արշաւանքին` Խանասորի արշաւանքին հետ, որ ներշնչման աղբիւր մը հանդիսացած է հայութեան համար. անկիւնադարձ մը` մեր յեղափոխական պատմութեան մէջ հայ մարդու պատմական տիպարը վերականգնելու իմաստով: Պապոյեան-Ազէզեան ըսաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնը մարդուժի պատրաստութեան ա՛յն միջավայրն է, ուր պատանիները ո՛չ միայն մարդկային ու ազգային արժէքներով պիտի կազմաւորուին, այլ նաեւ առիթ պիտի ունենան հետեւելու տարբեր տեսակի վարժողական այժմէական ծրագիրներու` զարգացնելով իրենց ընկերային հմտութիւններն ու քննական միտքն ու ինքնավստահութեամբ դիմագրաւելու համաշխարհային նոր հրամայականները: Խօսքը ուղղելով պատանիներուն` ան ըսաւ. «Արթո՛ւն  պահեցէք ձեր քննական միտքը` զանազանելու ճիշդը սխալէն, օգտակարը վնասակարէն, թշնամին բարեկամէն, բայց նաեւ` հասկնալով, որ քաղաքական, միութենական, անձնական եւ ընդհանրապէս կեանքի մէջ միայն երկու գոյն չկայ` այլ կան հազարաւոր կարելիութիւններ. իսկ ծայրայեղութիւններով կարելի չէ զարգանալ, ոչ ալ յարատեւել: Նախանձախնդիր եղէք պահելու` հայ ընտանիքը, եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը. պաշտպանեցէք ազգն ու հայրենիքը` գործնական հայրենասիրութեամբ (Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք հետագային):

Գեղարուեստական յայտագիրի Բ. մասով ելոյթ ունեցաւ պատանիներէ կազմուած նուագախումբ մը, որ ներկայացուց «Զարթի՛ր,  լաօ՛»-ն եւ «Ղարաբաղցին»: Նուագախումբի կատարումէն ետք ներկաները դիտեցին ձեռնարկին երկրորդ տեսերիզը, որուն անունն էր «Ներկայէն ապագայ»: Տեսերիզը կ՛անդրադառնար 101-ամեայ պատանեկան միութիւններու կարեւորութեան, այսօրուան իրավիճակին եւ գալիք մարտահրաւէրներուն:

Ապա խումբ մը պարմանուհիներ կատարեցին հայկական պար մը` «Colors of Artsakh» երաժշտութեան ընկերակցութեամբ: Պատանիի օրուան նուիրուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ պատանեկան միութիւններու միացեալ երգչախումբին կատարումներով, որ ներկայացուց ազգային յեղափոխական երգաշար մը:

Նախորդը

Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» Մատենադարանին Մէջ Ցուցահանդէս` Նուիրուած Երուսաղէմի Հայութեան

Յաջորդը

Հեծելարշաւ. Փոկաչար Շահեցաւ Ֆրանսայի Շրջավազքը

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.