Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն մէջ տարակարծութիւնները մեծապէս սահմանափակեցինք, եւ կարգ մը չլուծուած հարցեր ունինք»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր կարգին Ուաշինկթընի մէջ փոխնախագահ Քամալա Հարիսի ընտրական կեդրոնին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ աշխատանք տանիլ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ անոր կինը երէկ գիշեր հանդիպում ունեցած են Ուաշինկթըն իրենց այցելութեան ընթացքին իրենց ընկերակցող եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող գերիներու ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, որ հանդիպումին մասնակցած են նաեւ 7 հոկտեմբեր 2023-ին Կազայի մէջ կռուած զինուորներ:
«Ասիկա կարեւոր այցելութիւն է, որ մեզի առիթ պիտի ընծայէ ամերիկացի ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն եւ ինքնին ամերիկացի ժողովուրդին ներկայացնելու բոլոր գերիները` ողջերն ու մահացածները ազատ արձակելու մեր ջանքերուն անոնց աջակցութեան կարեւորութիւնը: Գերիներու տունդարձի պայմանները սկսան հասուննալ այն պարզ պատճառով, որ Համաս շարժումին վրայ շատ ուժեղ ճնշում կը բանեցնենք», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Որոշ փոփոխութիւն մը կը տեսնենք, եւ կը կարծեմ, որ այդ փոփոխութիւնը պիտի շատնայ: Մենք վճռական ենք ատիկա կատարելու, եւ ատիկա է պատերազմի նպատակը»:
«Ես կարելիս կ՛ընեմ մարդասիրական նպատակն ու գերիներու վերադարձի նպատակը միաւորելու, եւ միեւնոյն ժամանակ պահպանելու Իսրայէլի պետութեան գոյութիւնը»` յայտնեց ան` նշելով. «Ես որեւէ պարագայի պատրաստ չեմ Համասի դէմ յաղթանակէն զիջելու: Եւ եթէ ատկէ հրաժարինք, իրանեան չարիքի ամբողջ առանցքի դիմակայման վտանգին առջեւ պիտի ըլլանք»:
«Որոշումները, որ կ՛որդեգրեմ, Իսրայէլի պետութեան ապագային եւ սիոնական ծրագիրին համար վճռորոշ որոշումներ են, եւ ինչ կը վերաբերի գործարքին, պայմանները անկասկած պատրաստ դարձան, ինչ որ լաւ ցուցանիշ է, եւ յաւելեալ նշանը այն է, որ կը տեսնենք, թէ թշնամիի ոգին սկսաւ կոտրուիլ», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:


