Պաղեստինեան 14 խմբաւորումներ Չինաստանի հրաւէրով մայրաքաղաք Փեքինի մէջ իրենց երկօրեայ ժողովի աւարտին յայտարարեցին, որ համաձայնութիւն գոյացուցած են հասնելու «ազգային համապարփակ միասնութեան», որ բոլոր ուժերը կը ներառէ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ գոյացնելու ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն մը:
Անոնք յանձնառութիւն յայտնեցին ՄԱԿ-ի որոշումներուն համահունչ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով Պաղեստինի անկախ պետութեան ստեղծման ու ՄԱԿ-ի թիւ 194 որոշումի համահունչ տունդարձի երաշխաւորման նկատմամբ:
Պաղեստինեան խմբաւորումները նաեւ ընդգծեցին բռնագրաւումին դիմադրելու եւ անոր միջազգային օրէնքին, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին հիմամբ վերջ տալու, ինչպէս նաեւ ատոր իրագործման համար կարելի բոլոր միջոցներով պայքարելու իրաւունքը:
Ստորագրուած հաղորդագրութեան համաձայն, կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի սկսի պաղեստինեան պետութեան բոլոր հողերուն վրայ կառոյցներու միաւորման ու Կազայի վերակառուցման, ինչպէս նաեւ կարելի եղածին չափ շուտ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու ճամբան հարթելու:
Պաղեստինեան խմբաւորումները Փեքինի մէջ համաձայնութիւն գոյացուցին դիմադրելու եւ ձախողութեան մատնելու պաղեստինցիները տեղահանելու փորձերը, անոնք անօրինական նկատեցին բնակեցումն ու բնակեցման վայրերու ընդլայնումը:
Անոնք համաձայնեցան աշխատանք տանիլ Կազայի եւ Այսրյորդանանի դէմ հաստատուած պաշարումը քակելու, ինչպէս նաեւ հռչակագիրի կէտերուն գործադրութեան համար «հաւաքական մեքանիզմ»-ի մը շուրջ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի «Փեքինի հռչակագիր»-ի ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին յայտարարեց, որ համաձայնութեան կարեւորագոյն կէտը պատերազմէն ետք Կազայի կառավարման շուրջ ազգային հաշտութեան կառավարութեան կազմութեան հարցն է:
Իսլամական Ժիհատ շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Իհսան Աթայա աւելի ուշ նշեց, որ Չինաստանի մէջ պաղեստինեան երկխօսութեան աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան սպրդած տարբերակը ճիշգրիտ չէ, որովհետեւ շարժումը մերժած է որեւէ բանաձեւում, որ բացայայտ կամ տողատակի կերպով կը ճանչնայ Իսրայէլը, եւ համաձայն չէ գտնուած մէջբերելու միջազգային որոշումներ, որոնք Իսրայէլի գոյութեան օրինականութեան կը յանգեցնեն, ինչպէս նաեւ պահանջած է ՊԱԿ-ի կողմէ Իսրայէլի ճանաչումը յետս կոչել:
Իսլամական Ժիհատը նաեւ պահանջած է արտակարգ դրութեան յանձնախումբ մը կամ արտակարգ դրութեան կառավարութիւն մը կազմել` ղեկավարելու համար ցեղասպանութեան եւ Պաղեստինեան դատի ոչնչացման ծրագիրներուն դէմ ճակատամարտը: