Գլխաւոր լուրեր

Կիրանցիները Կը Քանդեն Ու Կը Հրկիզեն  Իրենց Սեփականութիւնը Ազրպէյճանին Յանձնելէ Առաջ

Կիրանցիները Կը Քանդեն Ու Կը Հրկիզեն Իրենց Սեփականութիւնը Ազրպէյճանին Յանձնելէ Առաջ

Սահմանազատուած Կիրանցի մէջ բնակիչները կ՛այրեն իրենց գոյքն ու հողամասը այն հատուածին մէջ, որ պիտի անցնի Ազրպէյճանին: Գիւղացիներէն մէկը փորձեց այրել իրեն պատկանող հողատարածքին մէկ կտորը այն հատուածին մէջ, որ սահմանազատման պատճառով կ՛անցնի ազրպէյճանական կողմին: Այլ քաղաքացի մը, որ, գիւղացիներուն համաձայն, իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչ է, փորձեց արգիլել: Սկսաւ հրմշտուք, ոստիկանները միջամտեցին ու հանդարտեցուցին: Այլ գիւղացիի մը, որ ունեցուածքը կը քանդէր, փորձեց...

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

23 մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Սէյրան Օհանեանն ու Գառնիկ Դանիէլեանը տուին մամլոյ ասուլիս` ամփոփելով խորհրդարանական շաբաթը եւ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն: Խմբակցութեան ղեկավար Ս. Օհանեան յայտնեց, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը օրինական շարժում է, որ պիտի պաշտպանէ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ Հայաստանի շահերը, եւ մենք մեր աջակցութեամբ պէտք է զայն անշրջելի դարձնենք, հաստատեց ան: Ըստ Օհանեանի, սահմանազատման եւ սահմանագծման...

Մաքրոն Եւ Մոհամետ Պըն Սալման Կարեւոր  Կը Նկատեն Լիբանանի Նախագահի Ընտրութիւնը

Մաքրոն Եւ Մոհամետ Պըն Սալման Կարեւոր Կը Նկատեն Լիբանանի Նախագահի Ընտրութիւնը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ Պըն Սալմանի հետ, որուն հետ քննարկեց Կազայի մէջ տիրող մարդկային աղէտալի իրավիճակը: Հաղորդակցութեան ընթացքին զոյգ ղեկավարները հաստատեցին, որ կը մերժեն Ռաֆահի վրայ իսրայէլեան յարձակումները` հաստատելով, որ Կազայի մէջ անմիջական եւ մնայուն զինադուլ պէտք է յայտարարուի, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր Էլիզէի պալատէն: Մաքրոն եւ Պըն Սալման հաստատեցին նաեւ,...

Թեհրանի Մէջ.   Հըզպալլայի, Համասի, Ժիհատի Եւ Անսար Ալլահի  Պատասխանատուներ Կը Հանդիպին Սալամիի Եւ Քաանիի Հետ

Թեհրանի Մէջ. Հըզպալլայի, Համասի, Ժիհատի Եւ Անսար Ալլահի Պատասխանատուներ Կը Հանդիպին Սալամիի Եւ Քաանիի Հետ

Իրանի յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի եւ պահակագունդի Երուսաղէմ փաղանգի հրամանատար զօր. Իսմայէլ Քաանի Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի, Համասի ընդհանուր քարտուղար Իսմայէլ Հանիէի, Անսար Ալլահի նախագահ Մոհամետ Ապտել Սալամի եւ իսլամական Ժիհատի պատասխանատուին հետ: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական, ընկերային եւ զինուորական իրադարձութիւնները` Կազայի մէջ,...

Ակնարկ.  Միջազգային Քրէական Դատարանը Եւ Երկու Պետութիւն Բանաձեւը

Ակնարկ. Միջազգային Քրէական Դատարանը Եւ Երկու Պետութիւն Բանաձեւը

Իրերայաջորդ յայտարարութիւններով Սպանիան, Իրլանտան եւ Նորվեկիան ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը, մինչ Մալթան պարզ դարձուց, որ կը պատրաստուի հետեւիլ այդ երկիրներու օրինակին: Ֆրանսան սկզբունքով դէմ չէ ճանաչումին, բայց պահը յարմար չի նկատեր, յայտնապէս զինադուլի համաձայնական ճիգերը արգելակած չըլլալու համար: Այս փաստը կ՛նթադրէ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին որդեգրած երկու պետութիւն բանաձեւը կը թեւակոխէ իրաւական ընթացակարգի առաջին փուլը: Քաղաքական տրամաբանութեամբ այս ընթացակարգին հետ կը...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի  Եւ «Հայաստան» Խմբակցութեան  Ներկայացուցիչները Ցաւակցական  Այցելութիւն Տուին Իրանի Դեսպանատուն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Եւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Ներկայացուցիչները Ցաւակցական Այցելութիւն Տուին Իրանի Դեսպանատուն

«Իրանը մեր բարեկամ եւ դաշնակից երկիրն է, սա ծանր հարուած էր, բայց յոյս ունինք, որ Իրանի ժողովուրդը, պետութիւնը ամբողջութեամբ կը յաղթահարեն այս ծանր փորձութիւնը», այս մասին Իրանի դեսպանատան մէջ երէկ յայտարարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան: Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելած են Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատուն` ցաւակցութիւն յայտնելու...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ընդունած Է  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Եւ Մուրատ Փափազեանի  Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ընդունած Է Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Եւ Մուրատ Փափազեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

22 մայիսի Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի յանձնախումբերու կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի պատգամաւորներ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը եւ պատուիրակութեան անդամները քննարկեցին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին...

Պըրրի Մեկնեցաւ Թեհրան` Ցաւակցութիւն  Յայտնելու Ռայիսիի Եւ Ապտոլլահեանի  Մահուան Առիթով

Պըրրի Մեկնեցաւ Թեհրան` Ցաւակցութիւն Յայտնելու Ռայիսիի Եւ Ապտոլլահեանի Մահուան Առիթով

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մեկնեցաւ Թեհրան` ցաւակցութիւն յայտնելու Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի մահուան առիթով: Պըրրիի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ, Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան, Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտան եւ խորհրդարանի տեղեկատուութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ալի Տիապ:...

«Այսրյորդանանի Մէջ Կացութիւնը Անդունդի  Եզրին Է, Եւ Եթէ Պայթի, Ապա Տագնապը Աւելի  Վտանգաւոր Ուղղութիւն Պիտի Ստանայ»  Կ՛ըսէ Սաֆատի

«Այսրյորդանանի Մէջ Կացութիւնը Անդունդի Եզրին Է, Եւ Եթէ Պայթի, Ապա Տագնապը Աւելի Վտանգաւոր Ուղղութիւն Պիտի Ստանայ» Կ՛ըսէ Սաֆատի

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի զգուշացուց, որ «Այսրյորդանանի մէջ կացութիւնը անդունդի եզրին է, եւ եթէ կացութիւնը պայթի, ապա տագնապը վտանգաւոր ուղղութիւն պիտի ստանայ»: «Իսրայէլի բնակեցման նոր վայրեր կառուցելու որոշումները պատգամներ են, թէ ան կը շարունակէ իր ապօրինի արարքները եւ կը սպաննէ խաղաղ լուծման առիթները», ըսաւ յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը: Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Իթամար պեն Ղաֆիր 7 հոկտեմբերին...

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ցաւակցագիրը` Իրանի Ղեկավարութեան

19 մայիսին տեղի ունեցած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի, արտաքին գործերու նախարարի եւ այլ պաշտօնատար անձերու ողբերգական մահուան առիթով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ սէյիտ Ալի Խամենէիին ցաւակցական հեռագիր մը յղած է ՀՅԴ Բիւրոն: Ցաւակցական խօսքին մէջ ափսոսանք յայտնուած է այս մեծ կորուստին առիթով: Մասնաւորապէս նշուած է, որ «նախագահ պարոն Ռայիսին կարեւոր դեր ունեցած է Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման...

Բագրատ Արք. Գալստանեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Արցախցիներու Ներկայացուցիչներու, Փորձագէտներու Եւ Հասարակական Դէմքերու Հետ

Բագրատ Արք. Գալստանեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Արցախցիներու Ներկայացուցիչներու, Փորձագէտներու Եւ Հասարակական Դէմքերու Հետ

Երէկ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան արցախցիներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունեցաւ եւ անոնց ներկայացուց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման նպատակները. «Ես շատ ուղիղ եւ յստակ կ՛ըսեմ` մեր այս շարժումին բուն նպատակը իրական խաղաղութիւն ունենալն է»: Սրբազանը պնդեց, որ իրենք պաշտօնի ու իշխանութեան ակնկալիքով չեն սկսած այս շարժումին, սա գոյութեան պայքար է: Հանդիպումին ներկայ էին Արցախի կառավարութեան անդամները, պատգամաւորներ ու համայնքապետներ:...

Ռայիսիի Եւ Ապտոլլահեանի Մահուան Առիթով  Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Ռայիսիի Եւ Ապտոլլահեանի Մահուան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի մահուան առիթով, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կը ցաւակցինք իրանցիներուն հետ Ռայիսիի, Ապտոլլահեանի եւ ուղղաթիռին մէջ գտնուող բոլոր զոհերուն համար: Կը զօրակցինք Իրանի պետութեան` կառավարութեան ու ժողովուրդին, այս մեծ ողբերգութեան ընթացքին: Աստուած անոնց հոգիները լուսաւորէ»:    

Պըրրի. «Դրամատնային Մարզին Եւ Ելեւմտական  Համակարգին Հանդէպ Վստահութիւնը  Վերահաստատելու Համար Պէտք Է Լիբանանցիներուն  Գումարները Ամբողջութեամբ Վերադարձնել»

Պըրրի. «Դրամատնային Մարզին Եւ Ելեւմտական Համակարգին Հանդէպ Վստահութիւնը Վերահաստատելու Համար Պէտք Է Լիբանանցիներուն Գումարները Ամբողջութեամբ Վերադարձնել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի նախագահ Էռնեսթօ Ռամիրեզ Ռիկոն, Լիբանանի մէջ ֆոնտի ներկայացուցիչ Ֆրետերիքօ Լիման եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն պարտականութիւնն է Լիբանանի հետ բանակցութիւններ կատարել` երկրին տնտեսական ու ելեւմտական տագնապները լուծելու ուղղութեամբ, յատկապէս նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան յամեցող տագնապը, Հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներն ու սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութիւնը Լիբանանի մէջ: Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին...

Իրանցիներու Մեծ Բազմութիւն Մը Վերջին Հրաժեշտ Տուաւ Ռայիսիին Ու Միւս Զոհերուն

Իրանցիներու Մեծ Բազմութիւն Մը Վերջին Հրաժեշտ Տուաւ Ռայիսիին Ու Միւս Զոհերուն

Իրանեան Թաւրիզ քաղաքին մէջ երէկ սկիզբ առաւ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով Իրանի մահացած նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի եւ միւս զոհերուն հրաժեշտի արարողութիւնը: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Սուգի արարողութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Քոմի եւ Թեհրանի մէջ: Ապա Ռայիսիի մարմինը տեղափոխուեցաւ հայրենի Մաշհատ քաղաք, ուր 23 մայիսին տեղի պիտի ունենայ յուղարկաւորութիւնը: Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ...

Ակնարկ.  Ազրպէյճանէն Թաւրիզ Եւ Մինչեւ Լա Հէյ

Ակնարկ. Ազրպէյճանէն Թաւրիզ Եւ Մինչեւ Լա Հէյ

Իրանի նախագահը Ազրպէյճանէն Թաւրիզ փոխադրող ուղղաթիռին խորտակումը առիթ կու տայ տարբեր ուղղութիւններով վերլուծումներ կատարելու: Պատահարը մինչ այժմ կը վերագրուի եղանակային վատ պայմաններու, մշուշի պատճառով տեսանելիութեան խնդիրներու եւ շարժակի խանգարումի: Այդուհանդերձ չեն բացառուիր խափանարարութեան հետ կապուած տեսակէտները: Առաջին ակնարկով նկատուեցան իրանեան ոչ պաշտօնական աղբիւրներու շրջանառութեան մէջ դրած նիւթերը, որոնց համաձայն, պատահարին ետին կանգնած են իսրայէլեան իշխանութիւններ: Թել Աւիւէն հնչեցին յայտարարութիւններ, որ...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ցաւակցագիրը` Իրանի Պետութեան Եւ Ժողովուրդին

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինն իր ցաւակցութիւնն է յայտնում ուղղաթիռի կործանման հետեւանքով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործերի նախարար Ամիր Ապտոլլահեանի, Թաւրիզում առաջնորդի ներկայացուցիչ այաթոլլա սէյիտ Ալ Մոհամմատ Ալ Հաշեմիի, Արեւելեան Ատրպատականի նահանգապետ Մալեք Ռահմաթիի, զօրավար սէյիտ Մահտի Մուսաւիի եւ ուղղաթիռի անձնակազմի անդամների զոհուելու կապակցութեամբ: Կիսում ենք եղբայրական Իրանի ժողովրդի ցաւը` մեր անկեղծ վշտակցութիւնը փոխանցելով Իրանի Իսլամական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հոգեւոր Պետին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հոգեւոր Պետին

Երկուշաբթի, 20 մայիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդին` այաթոլլա Ալի Խամենէիին յղած նամակով իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց, ժամեր առաջ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործոց նախարարին, Արեւելեան Ատրպատականի կառավարիչին եւ իրենց ուղեկցող պետական անձնաւորութիւններու մահուան առիթով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր վշտակցութիւնը յայտնեց յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

Միքաթի Եռօրեայ Պետական Սուգ Յայտարարեց Իրանի Նախագահ Ռայիսիի Մահուան Առիթով

Միքաթի Եռօրեայ Պետական Սուգ Յայտարարեց Իրանի Նախագահ Ռայիսիի Մահուան Առիթով

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եռօրեայ պետական սուգ յայտարարեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահուան առիթով: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի մահուան առիթով: Պըրրի ցաւակցագիր մը յղեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիին: Իր ցաւակցագիրին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ Ռայիսիի եւ Ապտոլլահեանի մահով իրենք կորսնցուցած են ղեկավարներ, որոնք իրանեան յեղափոխութեան ռահվիրաներ...

Իրանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Մահացած Են

Իրանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Մահացած Են

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի բոլոր ուղեւորներն ու անձնակազմի անդամները մահացած են: Այս մասին յայտնեց Իրանի Կարմիր մահիկի ընկերութեան ղեկավար Փիր Հոսէյն Քոլիվանտ: «Ջախջախուած ուղղաթիռի յայտնաբերման վայրին մէջ ողջ մնացած ուղեւորներու հետքեր չեն յայտնաբերուած», յայտարարեց ան ԻՐԻՊ պատկերասփիւռի կայանէն: Ռայիսիի մահը «Էքս»-ի վրայ գրառումով նաեւ հաստատեց Իրանի փոխնախագահ Մոհսեն Մանսուրի: Բացի նախագահէն ուղղաթիռին մէջ էին նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար...

Բագրատ Սրբազանը 26 Մայիսը Յայտարարեց  Իբրեւ Կարեւոր Հանրահաւաքի Օր

Բագրատ Սրբազանը 26 Մայիսը Յայտարարեց Իբրեւ Կարեւոր Հանրահաւաքի Օր

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան շաբաթ օր Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ ներկայացուցած է «Տաւուշը հայրենիքի համար» շարժման կողմէ 18 մայիսին քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, մշակութային գործիչներու եւ նախկին սպայակազմի հետ ունեցած հանդիպումներու արդիւնքները եւ խօսած է յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ ընելիքներուն մասին: Շաբաթ օրուան հանդիպումները սրբազանը գնահատած է դրական, խոստմնալից եւ բուռն: Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին անդրադառնալով` Բագրատ...

Page 168 of 796 1 … 167 168 169 … 796

Արխիւներ