Իսրայէլ-Համաս պատերազմին կանգառ ապահովելու բանակցութիւններու արագացման խորապատկերին վրայ կարելի է ըսել, որ բեկում արձանագրուեցաւ, երբ Կազայի աշխարհագրութենէն հեռու Կարմիր ծովը վերստին բռնկեցաւ:
Պէտք է արձանագրել այստեղ, որ Եմէնի հուսիները անօդաչու սարքերով թափանցեցին իսրայէլեան օդային տարածք. այդ սարքաւորումներէն ոմանք չէզոքացուեցան իսրայէլեան հակաօդային համակարգին կողմէ, սակայն փաստօրէն ուրիշներ յաջողեցան շրջանցել այդ արգելքը եւ հարուածեցին Թել Աւիւը: Ասիկա բեկումնային իրավիճակ ստեղծեց եւ խախտեց խաղի կանոնները: Նշենք, որ իսրայէլեան կողմը յայտարարեց, որ անօդաչու սարքերը իրանեան արտադրութիւն էին, այդպիսով Թեհրանը ամբաստանելով անուղղակիօրէն իբրեւ այդ արարքներու պատասխանատու:
Յիշենք, որ անօդաչու սարքերով փոխյարձակումի գործողութիւններ արձանագրուած էին Թել Աւիւի եւ Թեհրանի միջեւ: Իւրաքանչիւր կողմ իւրովի մեկնաբանած էր այդ յարձակումներուն արդիւնքները: Պատերազմական խաղը վերադարձաւ իր հիմնական գօտին:
Հիմա դարձեալ տեղի կ՛ունենայ պատերազմի աշխարհագրութեան ընդլայնում:
Եմէնի հուսիները պատասխան հարուածներ ստացան եւ այդ հարուածներուն համար մեղադրեցին Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իսրայէլի միացեալ զինեալ համակարգը: Այդ հարուածները ուղղուած էին քարիւղի պահեստներու, ելեկտրակայաններու եւ Հտէյտա նաւահանգիստի այլ կառուցուածքներու:
Անոնք յայտարարեցին, որ երկու գործողութիւն իրականացուցած են: Չէզոքացուցած են Կարմիր ծովու շրջանին մէջ կարեւոր թիրախ մը` առանց մանրամասնութիւններ նշելու, եւ ուղղակի հարուածած են ամերիկեան ռազմանաւ մը: Կը յայտարարեն նաեւ, որ տակաւին այլ պատասխան հարուածներ պիտի ըլլան:
Ուշագրաւ է Սէուտական Արաբիոյ արձագանգը: Ռիատը շտապեց յստակացնելու, որ Հտէյտա նաւահանգիստի դէմ կատարուած յարձակումներուն հետ որեւէ կապ չունի եւ թէ իր օդային տարածքը պիտի չտրամադրէ որեւէ կողմի: Այս հաւասար հեռաւորութիւն պահպանելու սէուտական կեցուածքը ուշագրաւ է յամենայն դէպս:
Հըզպալլան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իսրայէլի միացեալ գործողութիւնը տարածաշրջանին մէջ նոր վտանգաւոր փուլ կը թեւակոխէ:
4-րդ ճակատի մասին եւս նշում եղաւ, երբ յայտնի դարձաւ, որ Իրաքի մէջ իսլամական դիմադրութիւնը անօդաչու սարքերով յարձակում գործած է Իլաթի մէջ կենսական թիրախի վրայ: Այստեղ եւս անորոշ է թիրախը: Փակագիծերը չեն բացուած եւ դեռ պարզ չէ, որ ի՛նչ թիրախ խփուած է:
Այս ամբողջ մագլցողականութենէն առաջ այն տպաւորութիւնը կար, որ շուտով Կազայի մէջ հրադադար պիտի հաստատուի: Տարբեր կողմերը կը փոխկապակցէին Կազան եւ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանը աւելի շատ ընդգծելու համար, որ Կազայի մէջ կնքուելիք հրադադարին պիտի յաջորդէ Լիբանանի հարաւային գօտիի զինադուլը:
Կտրուկ փոփոխութիւն գրանցուեցաւ, երբ հուսիները ծանօթ յարձակումը գործեցին: Զուգահեռ, փոխսպառնալիքները սուր կերպով վերադարձան Հըզպալլա – Թել Աւիւ ուղղութեան վրայ: Հըզպալլայի երկրորդ դէմքը պարզ դարձուց, որ յառաջիկայ օրերուն յստակացում պիտի ըլլայ հետագայ գործընթացներուն առումով. բառացի` «քանի մը օրէն պիտի բացայայտուի ուղին, ուստի կոչ կ՛ուղղենք` քանի մը օր համբերելու, եւ պիտի տեսնենք հորիզոնը, եւ պիտի որոշուի այն մթնոլորտը, որով պիտի ընթանանք»:
Մշուշոտ է խօսքին բովանդակութիւնը, հետագային կատարուելիքի առումով: Քանի մը օրէն բացայայտելի ուղին որոշ տեղ առաջնորդելու միտումը կը փոխանցէ: Ըստ այս յայտարարութեան, պիտի փարատի մշուշը եւ ուղիին հասնելիք վայրը պիտի յստականայ: Հետագայ երթի մասին կայ ակնարկութիւն, ինչպէս նաեւ` տեսանելի հորիզոնի:
Այս դիւանագիտական յայտարարութիւնը ուղղուած է նախ եւ առաջ Թել-Աւիւին եւ անշուշտ միջազգային հանրութեան: Նոյն վարքագիծն է, որ դէպքերու զարգացման եւ ծաւալման պատասխանատուութիւնը կը դնէ Իսրայէլի վրայ: Այդ ուղին կրնայ դէպի խաղաղութիւն ըլլալ, եթէ Իսրայէլը համաձայնի հրադադարի պայմաններուն եւ եթէ Ուաշինկթընը բաւարար ճնշում գործադրէ, որպէսզի իսրայէլեան կողմը ընդունի հրադադարի կէտերը:
Մինչ այդ, սակայն, խաղաղութեան ուղիէն շեղելու եւ պատերազմը նախընտրելու պարագային, Իսրայէլը կը զգուշացուի ծանր պատասխաններ ստանալէ:
Քանի մը օր համբերելու յորդորը պատասխաններ կ՛որոնէ: Քանի մը օրուան ժամկէտը 23 յուլիսն է: Այդ օրը (այսօր) նախատեսուած է հանդիպում Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Իսրայէլի վարչապետին միջեւ:
23 յուլիսը քաղաքական նոյն մօտեցումին ստանալիք պատասխանի օրն է: Կա՛մ Ուաշինկթընի մէջ բաւարար ճնշում գործադրելով կը յաջողին համոզել Նեթանիահուն, որպէսզի համաձայնի հրադադարին, կա՛մ ալ Իսրայէլի վարչապետը կը շարունակէ մերժել հրադադարի պայմանները:
Մինչ այդ հռետորաբանութեան, սպառնալիքներու եւ նոյնիսկ տարածաշրջանային տարբեր միջավայրերու եւ ճակատներու վերաբռնկումներ կը սպառնան պատերազմին տալ լայնածաւալ տարողութիւն: Իրադրութիւնները կը յուշեն, որ ուաշինկթընեան ճնշումով հրադադարի համաձայնութիւն մը առարկայանալու նախադրեալներ կրնայ պարփակած ըլլալ:
«Ա.»