Հուսիներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող եմէնեան զինեալ ուժերը իսրայէլեան Իլաթ նաւահանգիստին դէմ եւ Կարմիր ծովուն մէջ թեւաւոր հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով երկու գործողութիւններ կատարեցին` հակադարձելով շաբաթ երեկոյեան Եմէնի վրայ ամերիկեան-բրիտանական-իսրայէլեան յարձակումին:
Եմէնի զինեալ ուժերու բանբեր Եհիա Սարիհ երէկ յայտարարեց, որ իրենց ուժերը շարք մը թեւաւոր հրթիռներով հարուածած են Ըմ Ռաշրաշ (Իլաթ, «Ա.») շրջանին մէջ կարեւոր թիրախ մը, իսկ երկրորդ գործողութեամբ մը հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով ուղղակի կերպով հարուածած են Կարմիր ծովուն մէջ գտնուող ամերիկեան «Փումպա» նաւը:
Սարիհ ըսաւ, որ Եմէնի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հակադարձութիւնը «հաստատօրէն տեղի պիտի ունենայ եւ մեծ պիտի ըլլայ»:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը շաբաթ երեկոյեան Հտէյտա նաւահանգիստին մէջ քարիւղի պահեստաւորման կառոյցները, ելեկտրակայանն ու նաւահանգիստը հարուածեց` պատճառելով 3 զոհ եւ 87 վիրաւոր:
Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Թուրքի Մալիքի յայտնեց. «Սէուտական Արաբիան որեւէ կապ կամ մասնակցութիւն չունի Հտէյտայի թիրախաւորման հետ եւ որեւէ կողմի պիտի չարտօնէ իր օդային տարածք մուտք գործել»:
Փենթակոն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ քննարկած է Եմէնի վրայ իսրայէլեան յարձակումները եւ վերահաստատած «Իսրայէլի անվտանգութեան եւ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու խիստ յանձնառութիւնը»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ նախքան այդ նշեց. «Եմէնի մէջ վառող կրակը կարելի է տեսնել Միջին Արեւելքի բոլոր կողմերէն, եւ ամէն անգամ որ պէտք ըլլայ ատիկա պիտի կատարենք»:
«Եթէ հուսիները համարձակին մեր վրայ յարձակում գործել, զանոնք պիտի ռմբակոծենք: Հուսիները աւելի քան 200 անգամ մեր վրայ յարձակեցան, եւ վերջին յարձակումը պատճառ դարձաւ իսրայէլացի քաղաքացիի մը մահուան», ըսաւ Կալանթ` աւելցնելով. «Մեր քաղաքացիներուն արիւնը ի զուր պիտի չհոսի, եւ Լիբանանի ու Եմէնի մէջ եւ այլուր ատոր կը գիտակցին»:
Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իսրայէլեան յարձակումը շարունակութիւնն է Եմէնի վրայ ամերիկեան-բրիտանական յարձակումին ու շարունակուող պաշարումին:
«Մեր կարծիքով` սիոնական թշնամիին կատարած այս յիմար արարքը ամբողջ շրջանի մակարդակին չափազանց կարեւոր դիմակայութեան մէջ նոր ու վտանգաւոր փուլի ազդանշան է», յայտարարեց Հըզպալլան:
Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ երէկ արշալոյսին անօդաչու թռչող սարքով յարձակում գործած է Իլաթի մէջ «կենսական թիրախի մը վրայ»:


