Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշել Աունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայութեան, հոսանքի Մեթնի մասնաճիւղի ընթրիքի ընթացքին յայտնեց. «Ազգային ազատ հոսանքը պահպանելը անոր ոեւէ անդամի պահպանումէն կարեւոր է, որովհետեւ հոսանքը ոեւէ անհատէ մեծ է»` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք մեր աչքերուն լոյսով հոսանքը պահպանել, որպէսզի ուժեղ մնայ, եւ ես ձեզի կը խոստանամ, որ աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ, եւ յառաջիկայ ընտրութիւնները մեր առջեւն են»:
«Հայրենիքի մակարդակին եւ Մեթնի մէջ բաց ըլլալու վրայ կը պնդենք», ըսաւ ան` նշելով. «Ուր որ ալ ըլլանք, մարդոց հետ կը խօսինք, եւ երբեք ոեւէ մէկու հետ խօսիլ չենք մերժած, եւ ան որ խօսիլ կը մերժէ, կը նշանակէ տկար է եւ որեւէ պատրուակ չունի: Ան որ Մեթնի մէջ մեզի ձեռք կ՛երկարէ, անոր ձեռք կ՛երկարենք, մեր սրտերը կը բանանք եւ անոր հետ պիտի աշխատինք քաղաքապետարաններու եւ երեսփոխանական մակարդակի վրայ, եւ անշուշտ ՀՅԴ-ի հետ, բարելաւելու համար քաղաքներուն կացութիւնը, եւ միասնաբար աշխատելու Մեթնի բարգաւաճման համար»:
«Պատկերացուցէք, որ Ազգային ազատ հոսանքի ձայներով երեսփոխան մը խորհրդարան հասցնենք, սակայն չենք կրնար երաշխաւորել հոսանքի երեսփոխանական պլոքին նկատմամբ անոր յանձնառութիւնը, որովհետեւ չենք գիտեր, եթէ յանձնառու պիտի ըլլայ մեզի հետ քուէարկել կամ մեզի դէմ», նշեց Պասիլ:
«Կը յարգենք նահատակները եւ կը խոնարհինք հարաւային Լիբանանի մէջ մեր նահատակներուն առջեւ, նոյնիսկ երբ յարձակողական ռազմավարութեան համաձայն չենք: Մենք պաշտպանողական եւ ոչ թէ յարձակողական ռազմավարութեան համաձայն ենք, սակայն անոնք կը նահատակուին, եւ մենք մնացեալ Լիբանանի մէջ ամառը կը վայելենք, եւ եթէ չնահատակուէին, Իսրայէլ Լիբանան պիտի ներխուժէր: Պէտք է իրարմով զօրանանք ընդդէմ օտարին եւ Իսրայէլին», յայտնեց Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը:
Պասիլ նաեւ յայտնեց. «Ապօրինի գաղթականներու խնդիրը կայ եւ անոնց մեծաթիւ ներկայութիւնը կարգ մը շրջաններու, ինչպէս` Պուրճ Համուտի եւ Նապաայի մէջ, ուր արդէն անոնց բնակիչներուն միջեւ խնդիրները կը շատնան, եւ այն, ինչ որ երկու շաբաթ առաջ տեսանք հարազատներու միջեւ, որոնք տարիներէ ի վեր եղբայրութեամբ ու սիրով իրարու հետ կ՛ապրին, անընդունելի է», ըսաւ Պասիլ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը շեշտեց. «Նախագահական թափուր աթոռի հարցը չենք կրնար առանձին լուծել: Մենք արգելք հանդիսացանք, որ մեր կամքէն անկախ եւ մեր մարդոց ներկայացուցչութենէն դուրս թեկնածու մը մեզի պարտադրուի: Մենք չընդունեցինք, որ ոեւէ մէկը մեզի պարտադրուի, եւ ուրիշին չպարտադրեցինք, թէ մեր ներկայացուցչական իրաւունքը մեզի ատիկա կ՛արտօնէ: Ըսինք փոխադարձ հասկացողութեան գանք, որովհետեւ ոչ ոք առանձինը կրնայ նախագահ մը իր աթոռին հասցնել: Սակայն դժբախտաբար դատարկութենէն օգտուողներ կան»:
«Որովհետեւ դուրսի պատերազմներուն վրայ անոնց գրաւը ներքին խաղաղութեան վրայ անոնց գրաւէն աւելի մեծ է: Մենք նախագահի դիրքին համար բաց ենք բոլորին, եւ կը պնդենք, որ ամբողջ ջանքով պիտի շարունակենք բոլորին հետ խորհրդակցութիւնն ու երկխօսութիւնը` երկիրը իր տագնապէն փրկելու համար», յայտնեց Պասիլ: