Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Մենք բարբարոսութեան եւ քաղաքակրթութեան միջեւ տագնապին մէջ պատմական խաչմերուկի վրայ ենք»` աւելցնելով. «Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները պէտք է կողք- կողքի կանգնին, որպէսզի քաղաքակրթութիւնը յաղթէ»:
«Անհամբեր կը սպասեմ Միջին Արեւելքի մէջ նոր դաշինքի մը, որ «Աբրահամի համաձայնութիւններու» շարունակութիւնը կ՛ըլլայ», ըսաւ Նեթանիահու:
«Իսրայէլի դէմ ցոյց կատարողներէն շատեր որոշեցին չարիքին եւ Համասի կողքին կանգնիլ, եւ պէտք է ամօթ զգան», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Իսրայէլի դէմ եղող ցուցարարները նաեւ կ՛ուզեն Միացեալ Նահանգները քանդել»: «Իրան այս պահուս կը ֆինանսաւորէ Քոնկրեսին առջեւ ցոյց կատարողները», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը եւ ցուցարարները որակեց «Իրանի կողմէ օգտագործուող յիմարներ»:
«Միջազգային քրէական դատարանի սուտերը կը փորձեն Իսրայէլի ձեռքերը կապել եւ մեզի արգիլել մենք մեզ պաշտպանել», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Պէտք չէ Իսրայէլի հերոս զինուորները դատապարտել Կազայի մէջ պատերազմը իրենց վարած ձեւին համար, այլ պէտք է զանոնք գովել»:
«Միացեալ Նահանգները յաջորդ թիրախը պիտի ըլլան, եթէ Իսրայէլի ձեռքերը կապուին», յայտնեց Նեթանիահու` աւելցնելով. «Մեր պատերազմը ձեր պատերազմն է, մեր թշնամիները` ձեր թշնամիները, մեր յաղթանակը` Միացեալ Նահանգներու յաղթանակը: Մենք միայն մենք մեզ չենք պաշտպաներ, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգները»:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի հետ հիւսիսային ճակատին` Իսրայէլի վարչապետը ըսաւ. «Կ՛ուզենք մեր քաղաքացիները դիւանագիտական ուղիով հիւսիս վերադարձնել, սակայն Իսրայէլ պէտք եղածը պիտի ընէ իր հիւսիսային սահմաններուն վրայ անվտանգութեան վերականգնման համար»:
«Ան որ Իսրայէլի վրայ յարձակում կը գործէ, սուղ գին պիտի վճարէ: Իսրայէլին ամերիկեան օժանդակութիւններու տրամադրման արագացումը պիտի արագացնէ Կազայի մէջ պատերազմին աւարտն ու յաղթանակի արձանագրումը», ընդգծեց ան:
«Կազայի մէջ Իսրայէլը քանդել չուզող պաղեստինցիներու ղեկավարման քաղաքային կառավարում պէտք է ըլլայ», ըսաւ ան, սակայն նշեց. «Մօտիկ հեռանկարի վրայ Կազայի անվտանգութեան վերահսկողութիւնը պէտք է մեր ձեռքը պահենք` ահաբեկչութեան վերադարձը արգիլելու համար»:
«Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին` Իսրայէլի համար իր ամէն ըրածին համար», յայտնեց Նեթանիահու:
Ոստիկանութիւնը քոնկրեսին առջեւ Նեթանիահուի ներկայութեան դէմ բողոքող 23 ցուցարարներ բերման ենթարկեց:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ, մեկնաբանելով Իսրայէլի վարչապետի Քոնկրեսին առջեւ արտասանած ճառը, ըսաւ. «Ամօթալի է, որ Նեթանիահուն ամբողջ ժամ մը խօսի առանց ըսելու, որ պատանդներու գործարք պիտի ըլլայ»:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նենսի Փելոսի յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ճառը Քոնկրեսին առջեւ խօսք արտասանելու պատիւը ունեցող օտարերկրեայ անձնաւորութեան մը յոռեգոյն ներկայացումն էր»: Ան աւելցուց. «Գերիներուն ընտանիքները զինադադարի դադրեցման եւ իրենց զաւակներու տունդարձի գործարք մը կը պահանջեն, եւ կը յուսանք, որ Նեթանիահուն իր ժամանակը ատոր իրագործման յատկացնէ»:
Նշենք, որ Փելոսի ներկայ չէր գտնուած Նեթանիահուի ճառի արտասանման նիստին:
Ծերակուտական Պըռնի Սանտըրզ իր կարգին յայտնեց. «Իսրայէլացիները Նեթանիահուն իր պաշտօնին վրայ չեն ուզեր, ուստի Քոնկրես եկաւ ընտրական քարոզչութիւն կատարելու համար»:
«Բոլոր մարդասիրական կազմակերպութիւնները կը հաստատեն, որ տասնեակ հազարաւոր մանուկներ սով կը դիմագրաւեն, որովհետեւ Նեթանիահուի կառավարութիւնը օժանդակութիւնները կ՛արգիլէ», նշեց Սանտըրզ` շեշտելով. «Նեթանիահուն ոչ միայն պատերազմական ոճրագործ է, այլ նաեւ ստախօս է»:
Պաղեստինեան Համաս շարժումը, մեկնաբանելով Իսրայէլի վարչապետին խօսքերը, յայտնեց. «Կազայի ապագային վերաբերեալ Նեթանիահուի պատկերացումները ցնորք են, որովհետեւ մեր ժողովուրդն է, որ իր ապագան կ՛որոշէ»:
«Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար Նեթանիահուն ձերբակալել իբրեւ պատերազմական ոճրագործ եւ զինք Միջազգային քրէական դատարանին յանձնել, քան անոր առիթ ընծայել յաչս աշխարհին իր վարկը վերականգնելու եւ Կազայի մէջ հաւաքական սպանդի ու ցեղային զտումը թաքցնելու», նշեց Համաս: