Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամալ» Շարժումի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

July 25, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ամալ» շարժումի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժայէն, Սայիտ Նասրէտտինէն եւ Ալի Մոքպելէն, երէկ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն: Պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու համախմբումին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան:

Հանդիպումին մասնակիցները քննարկեցին վերջին իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար Կազայի եւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմը: Անոնք դատապարտեցին թշնամի Իսրայէլի գործած ջարդերը, որոնց միջոցով ան կ՛ոտնակոխէ միջազգային օրէնքները եւ Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը, ինչպէս նաեւ կը խախտէ միջազգային որոշումները, որոնք կոչ կ՛ուղղեն պատերազմի դադրեցման եւ ցեղասպանութիւն գործողները հաշուետուութեան ենթարկելու: Անոնք ընդգծեցին Լիբանանի դիմադրութեան իրաւունքը եւ գնահատեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տոկացող ժողովուրդը, որ դէմ կը դնէ ամէնօրեայ յարձակողապաշտութեան եւ ոտնձգութիւններուն: Անոնք ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին հարաւային Լիբանանի ժողովուրդին:

Անոնք նաեւ հաստատեցին ամէնէն մօտ ապագային հանրապետութեան նախագահ ընտրելու եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ քանիցս կրկնուած երկխօսութեան հրաւէրներուն ընդառաջելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ տագնապները եւ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար լիբանանցիներուն առջեւ ուրիշ միջոց չկայ, բացի երկխօսութենէն եւ միակամութենէն:

Հանդիպումին մասնակիցները անդրադարձան «Ամալ» շարժումին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ համագործակցութեան եւ համակարգումի շարունակութեան կարեւորութեան: Այն համագործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունէր անհետացած Իմամ Մուսա Սատըրի օրերէն, որ լիբանանեան տարբեր համայնքներուն միջեւ համակեցութեան շատագովներէն մէկն էր: Անոնք նշեցին, որ ներկայիս լիբանանցիք ամէնէն աւելի կարիքը ունին կառչած մնալո՛ւ իրենց ազգային միասնականութեան եւ ընդհանուր կայունութեան: Եւ Պուրճ Համուտը իր իւրայատկութեամբ կը ներկայանայ իբրեւ օրինակ իր բնակիչներուն միջեւ համակեցութեան: Անոնք նկատել տուին, որ ապահովական կառոյցները պէտք է իրենց ամբողջական դերակատարութիւնը ստանձնեն ճնշելու օրինազանցութիւնները եւ գործադրելու օրէնքները:

Երկու կողմերը համաձայնեցան շարունակել իրեց հանդիպումները` դէմ դնելու ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Օրէնսդիր Իշխանութեան Շարք Մը Ներկայացուցիչներու Հետ

Յաջորդը

Ակնարկ. Թուրքիա – Սուրիա Խաղը` Ռուսական Մրցավարութեամբ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.