Այլազան

50 Տարի Առաջ (12 Օգոստոս 1965)

  ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Եւ Փինկ Փոնկի Խումբերը Հալէպի Մէջ Ուրբաթ, 6 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հսկայ օթոպիւս մը դէպի Հալէպ ճամբայ ելաւ, իրեն հետ տանելով Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի եւ փինկ փոնկի խումբերը` անոնց համակիրներով: Շաբաթ առաւօտեան խումբերը Հալէպի մէջ դիմաւորուեցան իրենց հիւրընկալներուն` Հալէպի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կողմէ եւ տեղաւորուեցան պանդոկ: Ակումբին մէջ նախաճաշէն ետք, յոգնած մարզիկները քաշուեցան իրենց սենեակները հանգստանալու եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շատ ընկերային էք, ուր որ ալ գտնուիք. անպայման նոր բարեկամներ կը գտնէք, սակայն զգուշացէք, որովհետեւ ամէն մարդ անկեղծ չի կրնար ըլլալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր ընտանիքին մէջ մեծ հեղինակութիւն ունիք. ձեր շրջապատը միշտ ալ յարգանքով կը մօտենայ ձեզի, եւ ձեր կարծիքները միշտ ալ յարգելի են: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Արդար եղէք եւ...

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1965)

Պաալպէքի Փառատօնը «Տոն Ժուան» Օփերան Մասնակցութեամբ Լուիզա Պոզապալեանի Մասնագիտացման փշոտ ու դժուարին ճամբուն մէջ նետուելու վճռակամութեամբ Լիբանանէն Եւրոպա «գաղթած» Անայիս Պոզապալեան, քանի մը տարուան կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին դարձաւ փոքրիկ աստղ մը եւրոպական օփերաներու երկնակամարին վրայ: Հիմա եկած է Պէյրութ, պաշտօնապէս իր առաջին ելոյթը ունենալու իր ծննդավայրին մէջ, Մոցարտի «Տոն Ճովաննի» օփերայի խումբին հետ, Տոննա Աննայի դերով... Երաժշտասիրութեան հետ խառնած...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անցեալի յիշատակներով կ՛ապրիք եւ միշտ կը յուզուիք. անցեալը չմոռնալով հանդերձ պէտք է ներկան ապրիք, որպէսզի ապագան դիմաւորելը աւելի դիւրին ըլլայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր բարիքին համար տան մէջ մի բանտարկուիք, դուրս ելէք եւ ընկերային կեանքին մասնակցեցէք, որպէսզի հաւասարակշռուած կեանք մը ունենաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Արձակուրդի մէջ էք եւ անհաշիւ կը ծախսէք....

50 Տարի Առաջ (10 Օգոստոս 1965)

Հանդիպում Գառզուի Հետ Հայաստանի արուեստագէտներէն Արծուին Գրիգորեան Փարիզի մէջ հանդիպած է Գառզուի եւ այս առթիւ իր տպաւորութիւնները կը ներկայացնէ հայրենի ընթերցողներուն, «Սովետական Հայաստան»-ի մէջ: Ստորեւ կու տանք տեսակցութիւնը` որոշ յապաւումներով: ... Դիտում ենք նկարները: Դրանցից շատերը երփնագրուած են նարնջագոյնի եւ դեղինի տաք երանգներով: Զգացւում է, թէ նկարիչը որքան լրջօրէն է հետեւում գծանկարին, կտաւի գծագրական արտայայտչականութեանը: Մենք տեսնում ենք բազմաթիւ բնանկարներ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Դիւանագէտ եղէք, մանաւանդ երբ սեղանին վրայ վիճաբանութիւն կայ: Արթուն միտքով դատեցէք հարցերը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այս ամսուան ձեր աշխատանքը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ եւ հասութաբեր: Ձեր գործակիցները ձեզի օգտակար պիտի ըլլան: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր շուրջիններուն մասին մտածելէ առաջ նախ մտածեցէք ձեր առողջութեան մասին: Երբ դուք առողջ էք, կրնաք ուրիշներու հոգը տանիլ...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յովհաննէս (ԶԵՆՕ) Գազանճեանի մահուան առիթով` Գազանճեան ընտանիք 500$ Ալիս Յակոբ Գասապեանի (ծնեալ` Խանամիրեան) մահուան առիթով` Թիւթէլեան ընտանիք 50,000 լ. ո.

Պատանիներու Շոգեկառքին Մէջ

Պատանիներու Շոգեկառքին Մէջ

  Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բարի եկած էք Պուտափէսթի պատանի վարիչներուն շոգեկառքի մէջ: Պիտի սկսինք մեր պտոյտը անոնց հետ: Նորպէրթ, Լազլօ եւ Ռոլան շոգեկառքի սիրահար պատանիներ են: Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէսթի մէջ անոնք բախտը ունին իրենց այս սիրած ժամանցը իսկական շոգեկառքի մը վրայ գործադրելու: 11 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող այս շոգեկառքի գիծին վրայ շրջելով իրենց ժամանցը կ՛անցնեն տարին 300,000 ճամբորդներ: Ան կ՛անցնի...

50 Տարի Առաջ (8 Օգոստոս 1965)

Անձնական Կարծիք Հանրային կարծիքը տկար է մեր մէջ, բայց զօրաւոր է անձնակա՛ն կարծիքը: Կարելի է աւելցնել նոյնիսկ, թէ հանրային կարծիքը ուղղակի ճնշումին տակն է անձնական կարծիքին: Հանրային կարծիքը կ՛երկմտի ու կը դեդեւի. անձնական կարծիքը ո՛չ կ՛երկմտի ոչ կը դեդեւի: Առաջինը հպատակ է, երկրորդը իշխան է: Հանրային կարծիքը յաճախ կը վախնայ արտայայտուելէ. անձնական կարծիքը այդ վախը չունի գրեթէ: Տեղին եւ պարագային...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ամրան եղանակին թերեւս ձեր գործերը թեթեւցած են, սակայն վիճակը յուսահատական չէ: Նոր եղանակին նոր թափով պիտի շարունակէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շատ ազնիւ էք եւ ամէնուն օգնութեան կը հասնիք. զգուշացէք, որ ձեր ազնուութիւնը չշահագործեն եւ չափազանցութեան չդիմեն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր կողակիցին հետ անհասկացողութիւններ կան. սէրը ամէն հարց կը լուծէ, դուք կարողութիւն...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Տէր եւ տիկին Դաւիթ եւ Ալին Արոյեաններու առջինեկ զաւակով մը` Կասիայով բախտաւորուելնուն ուրախ առիթով` Գոնտայեան ընտանիք 50,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (7 Օգոստոս 1965)

Ներքին Կեանք Վեց Միլիոն Լ. Ոսկի Պէյրութի Համար Քաղաքապետական խորհուրդը իր վերջին նիստին վաւերացուց վեց միլիոն լ. ոսկիի յաւելեալ վարկի մը բացումը` աւարտելու համար քաղաքաշինական այն մեծ ծրագիրները, որոնց սեփականազրկումի ձեւակերպութիւնները աւարտած են կամ` վարկերը սպառած: Այս գումարը, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներէ խնայուած 1.500.000 լ՞ ոսկիի գումար մը հետեւեալ աշխատանքներուն պիտի յատկացուին: - Արդարութեան պալատ - Թայունէ ճամբուն սրբագրութիւնը` 1.500.000...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շռայլօրէն կը ծախսէք առանց ձեր ապագային մասին մտածելու: Ժամանակն է զգաստանալու, որպէսզի դժուարութիւններու չհանդիպիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր տարեկան արձակուրդին համար ծրագիրներ պիտի դասաւորէք եւ շատ հաճելի արձակուրդ մը պիտի անցընէք: Կարճ ճամբորդութիւն մը կը նախատեսուի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Շատ վերապահ եւ զգուշ էք. երբեմն կարելի է անկեղծ բարեկամի մը խոստովանութիւններ...

Առողջապահական.  9 Սխալ Սովորութիւններ, Որոնք Կը Վնասեն Ուղեղին

Առողջապահական. 9 Սխալ Սովորութիւններ, Որոնք Կը Վնասեն Ուղեղին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ   Մարդկային մարմնի ամենակարեւոր գործարանը ուղեղն է: Անիկա մեր հարստութիւնն է, հետեւաբար պէտք է գուրգուրանք անոր վրայ եւ պաշտպանենք 9 վտանգաւոր սովորութիւններէ, որոնք քիչ-քիչ կը սպաննեն զայն: 1 Նախաճաշը ջնջելը: Մարդիկ, որոնք առտուան նախաճաշը կը ջնջեն, անոնց արեան մէջ շաքարի պակաս կը նկատուի, ինչ որ կը վնասէ ուղեղին աշխուժ աշխատանքին: 2 Շատ ուտելը: Շատ ուտելը, բայց մանաւանդ...

50 Տարի Առաջ (6 Օգոստոս 1965)

Հալեպահայ Կեանք Առաջնորդ Սրբազանը Ղընեմիյէի Եւ Արամոյի Մէջ Ա՛լ աւանդական դարձած սովորութեան մը համաձայն, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք. ամէն տարի կ՛այցելէ իր թեմին բոլոր շրջանները, մանաւանդ` այն կարգ մը գիւղերը, որոնք դարաւոր անցեալ ունին, հիմնուած ըլլալով Ը. դարէն սկսեալ դէպի Արեւմուտք գաղթող հայերուն կողմէ: Այդ գիւղերը` Արամօ, Ղընեմիյէ, եւն., երկար ատեն խզուած էին հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի օրկանական...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ ամուսնացած էք ձեր սէրը պիտի ամրապնդուի. ամուրիները պիտի հանդիպին իրենց ապագայ կողակիցին եւ ուրախ զոյգ մը պիտի ըլլան: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր խօսակիցները հրապուրելու եւ գրաւելու մեծ յատկութիւնը ունիք, ինչպէս նաեւ ձեր կարծիքները պարտադրելու կարողութիւն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Շատ կ՛աշխատիք եւ ձեր ուժերը սպառելու վրայ են. ժամանակն է հանգստանալու եւ...

50 Տարի Առաջ (5 Օգոստոս 1965)

Միութենականները Սիրելի՛ ընթերցող, Ամէն նոր պարբերութեան առջեւ «կան, որ»  աւելցուր, ապա կարդայ: Կրկնութեան անմահութենէն խուսափելու ձեւ մըն է այս: Ամէն ինչի նորոյթը կայ եղեր, ինչո՞ւ չըլլայ գրելո՛ւ նորոյթը (եթէ Փիքասոյի նկարչութիւնը գրական սեռի ալ վերածողները նկատի չառնենք): Ուրեմն սկսինք: Միութեան մը անդամ եղեր են, բայց անդամատետր չունին: Միութեան մը անդամատետրը ունին, բայց ա՛յդ միութեան ակումբին դուռը ո՞ւր կը գտնուի, չեն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շատ համեստ էք եւ ձեր յաջողութիւնները  չէք յայտարարեր, սակայն ձեր գործերուն ընդմէջէն անոնք պիտի լուսաւորուին եւ շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Խրախճանքներու ներկայ ըլլալը լաւ է, սակայն չափազանցութիւնները վատ են: Ուշադրութիւն ըրէք, որպէսզի անակնկալներու չհանդիպիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Յաճախ բարեկամներու կողմէ հրաւէրներ պիտի ստանաք եւ գիշերներ պիտի լուսցնէք: Առիթը օգտագործեցէք:...

Page 339 of 361 1 … 338 339 340 … 361

Արխիւներ