ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամրան եղանակին թերեւս ձեր գործերը թեթեւցած են, սակայն վիճակը յուսահատական չէ: Նոր եղանակին նոր թափով պիտի շարունակէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ ազնիւ էք եւ ամէնուն օգնութեան կը հասնիք. զգուշացէք, որ ձեր ազնուութիւնը չշահագործեն եւ չափազանցութեան չդիմեն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր կողակիցին հետ անհասկացողութիւններ կան. սէրը ամէն հարց կը լուծէ, դուք կարողութիւն ունիք հարցերը լուծելու եւ միջին ելք մը պիտի գտնէք անպայման:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յոգնած եւ տկար կը զգաք: Արեւին տակ երկար մնալէ խուսափեցէք, որպէսզի ձեր հանգիստը գտնէք: Զգուշութիւնը լաւ բան է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր հանգիստը գտնելու լաւագոյն ձեւը ձեր բարեկամներուն միանալն է. ընկերային խրախճանք մը մեծապէս պիտի նպաստէ ձեզի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը յարմար եւ նպաստաւոր չէ գործառնութիւն մը ընելու: Զգուշացէք մեծ գումարներ պահանջող գործերէն, ձեր ծրագիրները յետաձգեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երկար ատենէ ի վեր արձակուրդ չէք ունեցած. ժամանակն է քանի մը օր հեռանալու ձեր միջավայրէն, անկէ ետք ձեր աշխուժութիւնը պիտի վերագտնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ձեր ծրագիրները չէք կրնար իրականացնել, մեծ կորուստ մը չէ. համբերութեամբ եւ ժամանակի ընթացքին ամէն հարց կը լուծուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Վիճաբանութեամբ համաձայնութեան մը չէք կրնար յանգիլ: Ձեր տեսակէտը մի պարտադրէք, դուք ձեր անձնական գործը տարէք ձեր հասկցած ձեւով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ճաշացուցակը շատ հարուստ է, ինչ որ կը վնասէ ձեզի: Ամրան տաք օրերուն պէտք է խոհեմ ըլլալ եւ թեթեւ բաներ ուտել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տաք եղանակ է, եւ պէտք չունիք յոգնեցուցիչ մարզանքներ ընելու: Գոհացէք թեթեւ պտոյտներով, որպէսզի շատ ուժ չսպառէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ընտանիքին մէջ ի յայտ պիտի գան ձեր հին յիշատակները, որոնք ձեր տրամադրութեան մեծապէս պիտի նպաստեն: Յիշատակները կեանք կը նշանակեն: