ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շռայլօրէն կը ծախսէք առանց ձեր ապագային մասին մտածելու: Ժամանակն է զգաստանալու, որպէսզի դժուարութիւններու չհանդիպիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր տարեկան արձակուրդին համար ծրագիրներ պիտի դասաւորէք եւ շատ հաճելի արձակուրդ մը պիտի անցընէք: Կարճ ճամբորդութիւն մը կը նախատեսուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ վերապահ եւ զգուշ էք. երբեմն կարելի է անկեղծ բարեկամի մը խոստովանութիւններ ընել, որպէսզի ձեր դժուարութիւնները եւ հարցերը լուծուին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամէն գործ պատահականութեան ձգած էք եւ դժուարութիւններու մատնուած էք. լաւ կ՛ըլլայ, որ ձեր ծրագիրները դասաւորէք, որպէսզի ամէն բան յստականայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատատեղին ձեզ ձախողութեան մատնել ուզողներ կան: Ձեր իմաստութեամբ եւ հանդարտութեամբ պիտի չկարենան ձեզի վնասել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ծանր աշխատանքէ եւ յոգնութենէ ետք ժամանակն է հանգստանալու. քանի մը օրուան արձակուրդ մը ձեզ պիտի կազդուրէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ունիք դրամական փոքր մտահոգութիւններ, զորս կարելի է լուծել քիչ մը խնայողութեամբ: Պիտի կարենաք ձեր պիւտճէն հաւասարակշռել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւ առիթ մը պիտի ունենաք կալուած մը գնելու. անվախ ոտքի ելէք, քանի որ աստղերը ձեզի հետ են, եւ յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ամբողջ տարուան աշխատանքէն վերջ անշուշտ յոգնած էք եւ հանգիստի պէտք ունիք. կարճ արձակուրդէ մը վերջ կազդուրուած եւ լաւ տրամադրութեամբ ձեր գործին պիտի սկսիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մարզանքը միշտ լաւ է անշուշտ, սակայն չափազանցութիւնը կը յոգնեցնէ, քիչ մըն ալ ձեր հաճոյքը փնտռեցէք, որպէսզի կեանքը իմաստաւորուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դուք ձեր գաղափարները մի պարտադրէք ձեզմէ աւելի երիտասարդներուն. անոնք ձեզ չեն կրնար հասկնալ. աւելի ճկուն եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքին մէջ շատ ընկերային եւ ծառայասէր էք. ձեր պաշտօնակիցները յաճախ ձեր կարծիքին կը դիմեն եւ բոլորին օգնութեան կը հասնիք: