ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դիւանագէտ եղէք, մանաւանդ երբ սեղանին վրայ վիճաբանութիւն կայ: Արթուն միտքով դատեցէք հարցերը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այս ամսուան ձեր աշխատանքը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ եւ հասութաբեր: Ձեր գործակիցները ձեզի օգտակար պիտի ըլլան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր շուրջիններուն մասին մտածելէ առաջ նախ մտածեցէք ձեր առողջութեան մասին: Երբ դուք առողջ էք, կրնաք ուրիշներու հոգը տանիլ եւ գուրգուրալ անոնց:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ծրագիր մը գործադրելու դժուարութիւններ ունիք. ձեր շրջապատին լաւ խորհուրդներով պիտի կարենաք յաջողութեամբ պսակել ձեր գործը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ծրագիրները կրնան սպասել, լաւ արձակուրդէ մը վերջ, կազդուրուած պիտի զգաս ու պիտի կարենաք լաւագոյն պայմաններով կատարել ձեր ծրագիրը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր բացակայութեան ձեր գործակիցները պիտի կատարեն ձեր պարտականութիւնը: Ձեր վերադարձին ամէն բան կանոնաւորուած պիտի գտնէք: Բարեբախտութիւն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ճարտասան էք եւ գիտէք գրաւել ձեր շուրջիններուն համակրանքը: Ձեր շրջապատը յաճախ ձեզի կը դիմէ եւ ձեր կարծիքներուն կը վստահի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ այս գիշեր թռչող աստղեր տեսնէք, բախտաբեր է, անմիջապէս վիճակահանութեան տոմս մը առէք, հաւանաբար կը շահիք, փորձեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ձեր գրասենեակին մէջ դժուարութիւն ունիք, դիմեցէք ձեր գործակիցին, որ սիրով պիտի կատարէ ձեր գործը եւ պիտի դիւրացնէ ձեր օրուան ընթացքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ասպարէզին մէջ մասնագիտացած էք եւ բոլոր լուրջ գործերը ձեզի կը յանձնուին, ինչ որ մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամէն մարդ արձակուրդի մէջ է: Դուք ալ պէտք ունիք հանգիստի իրաւունքն ու կարիքը, ուրեմն քանի մը օրուան արձակուրդը մեծապէս պիտի նպաստէ ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նորութիւնները եւ փոփոխութիւնները շատ կը սիրէք, միշտ նոր արտաքինով մը դուրս կու գաք, ինչ որ շատերուն նախանձը կ՛արթնցնէ:
