ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ ամուսնացած էք ձեր սէրը պիտի ամրապնդուի. ամուրիները պիտի հանդիպին իրենց ապագայ կողակիցին եւ ուրախ զոյգ մը պիտի ըլլան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր խօսակիցները հրապուրելու եւ գրաւելու մեծ յատկութիւնը ունիք, ինչպէս նաեւ ձեր կարծիքները պարտադրելու կարողութիւն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ կ՛աշխատիք եւ ձեր ուժերը սպառելու վրայ են. ժամանակն է հանգստանալու եւ նոր ուժով վերսկսելու ձեր գործին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արձակուրդը միշտ լաւ է անշուշտ, սակայն ընկերներով արձակուրդի երթալը տարբեր հաճոյք ունի, ինչ որ տրամադրութիւնները կը բարձրացնէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատակիցներուն հետ շատ խիստ եւ պահանջկոտ մի՛ ըլլաք. համերաշխութեամբ աշխատանքը միշտ աւելի լաւ արդիւնք կու տայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ճամբորդութեան մը ընթացքին ձեր ասպարէզին յարմար եւ շահաբեր գործ մը պիտի գտնէք. արկածախնդրութիւնը երբեմն յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ապագայի նկատմամբ ձեր ծրագիրները ձեզի լաւատեսութեան կ՛առաջնորդեն, ինչ որ յաջողութեան դուռ կը բանայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանեկան վէճէ մը խուսափեցէք. ձեր լռութեամբ պիտի յաղթահարէք բոլոր դժուարութիւնները եւ անհասկացողութիւնները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր պիտի ձեռնարկէք այլազան գործերու, որոնք ընդհանրապէս յաջողութեամբ պիտի պսակուին եւ պիտի քաջալերուիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արձակուրդի ընթացքին հանդիպած անձ մը լուրջ առաջարկ մը պիտի ընէ ձեզի, եւ սիրոյ պատմութիւն մը պիտի յառաջանայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այս երեկոյ բարեկամական շրջանակի մը մէջ պիտի հանդիպիք ձեր մանկութեան մէկ ընկերոջ, որուն հետ նոր կապեր պիտի հաստատէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Միայն ձեր անցեալով կ՛ապրիք. իրականութեան դարձէք, որպէսզի կարենաք ձեր ապագային մասին մտածել եւ ուրիշ կեանք ապրիլ: