ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ ընկերային էք, ուր որ ալ գտնուիք. անպայման նոր բարեկամներ կը գտնէք, սակայն զգուշացէք, որովհետեւ ամէն մարդ անկեղծ չի կրնար ըլլալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ընտանիքին մէջ մեծ հեղինակութիւն ունիք. ձեր շրջապատը միշտ ալ յարգանքով կը մօտենայ ձեզի, եւ ձեր կարծիքները միշտ ալ յարգելի են:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արդար եղէք եւ քաջալերեցէք այն անձերը, որոնք արդիւնաւէտ գործունէութիւն մը ունին: Անոնք աւելի սրտանց պիտի աշխատին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Համարձակ չէք, ամչկոտ էք. սակայն ժամանակը հասած է, որ փոխուի այս վիճակը, եւ առիթ մը ձեզ այս կացութենէն դուրս պիտի բերէ եւ աւելի տրամաբանական պիտի ըլլաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ձեզի խոստովանութիւններ ընողներ ըլլան, լրջութեամբ մտիկ ըրէք անոնց: Այսպիսով կրնաք օգտակար ըլլալ անոնց եւ նեղ կացութենէ մը դուրս բերել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր ձեր բախտը պիտի բացուի, եթէ ամուրի էք անպայման պիտի սկսի սիրոյ պատմութիւն մը, որ յաջողութեամբ պիտի պսակուի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Առանց մտածելու որոշումներ մի տաք. ապագան կը պատրաստուի հանգիստ եւ արթուն մտքով. ուրեմն հանդարտութեամբ եւ խելացութեամբ ձեր քայլը առէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւ վերաբերումը միշտ ալ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ դիմացինին վրայ, ինչ որ նաեւ ձեր վարկը կը բարձրացնէ ընկերային կեանքին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Իրապաշտ էք. սակայն ասիկա արգելք մը պիտի չըլլայ, որ նաեւ լաւատես ըլլաք: Կեանքը պէտք է առնել ինչպէս որ կու գայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր յարմար չէ գործառնութիւններ կատարելու. գալիք օրերը աւելի փայլուն պիտի ըլլան. ուրեմն կարելի է ձեր գործերը յետաձգել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք կարգ մը անհաճոյ սովորութիւններ, որոնց անդրադառնալով պիտի կարենաք դուք ձեզ պարտադրելով զանոնք սրբագրել, ինչ որ ձեր շուրջիններուն հաճոյք պիտի պատճառէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կատակով սկսած սիրաբանութիւն մը պիտի լրջանայ. դուք իսկ պիտի չհաւատաք եղածին, սակայն ամէն ինչ բախտի հարց է: Յաջողութիւն: