ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անցեալի յիշատակներով կ՛ապրիք եւ միշտ կը յուզուիք. անցեալը չմոռնալով հանդերձ պէտք է ներկան ապրիք, որպէսզի ապագան դիմաւորելը աւելի դիւրին ըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր բարիքին համար տան մէջ մի բանտարկուիք, դուրս ելէք եւ ընկերային կեանքին մասնակցեցէք, որպէսզի հաւասարակշռուած կեանք մը ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արձակուրդի մէջ էք եւ անհաշիւ կը ծախսէք. զգուշացէք, ձեր եկամուտին համեմատ ծախսեցէք, որպէսզի դժուարութեան չմատնուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր ձեր շուրջիններէն գովասանքներ պիտի ստանաք, նոյնիսկ երեկոյեան հաւաքոյթի մը պիտի հրաւիրեն ձեզ, ինչ որ մեծ գոհունակութիւն պիտի տայ ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամառ է, եւ ձեր սնունդին կարեւորութիւն չէք տար. թեթեւ, բայց սննդարար բաներ կերէք, որպէսզի մարսողութեան դժուարութիւն չունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ծանր եւ ընկճուած կը զգաք. ձեր բարեկամները ամէն ճիգ պիտի ընեն, որպէսզի այս վիճակէն դուրս ելլէք. օրը պիտի վերջացնէք հաճելի տրամադրութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գործատեղին կ՛ուզէք ամէն բան ընել, սակայն անհրաժեշտ չէ: Ձգեցէք, որ ուրիշներ ալ ընեն իրենց գործը, այլապէս այս ընթացքով շուտ պիտի յոգնիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւ կազմակերպուած ճամբորդութենէ մը ետք ուրախութեամբ եւ լաւ տրամադրութեամբ պիտի վերադառնաք տուն` նոր թափով սկսելու ձեր գործին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամական նեղ կացութեան մատնուած էք, սակայն պարտքի տրուած գումար մը, զոր մոռցած էիք պիտի վճարուի ձեզի ինչ որ մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դուք այնպէս կը զգաք, որ անտեսուած էք ձեր շուրջիններէն. սակայն ճիշդ չէ, դուք պէտք է մօտենաք ձեր շրջապատին եւ մասնակցիք ընկերային կեանքին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գիշերային խրախճանքները հաճելի են, սակայն առողջութեան կը վնասեն, պէտք է միացնել գիտնաք հաճելին եւ առողջարարը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մարմնամարզի ակումբներ գացէք եւ ձեր մարմինին հոգ տարէք: Ասիկա առիթ մըն է նոր բարեկամութիւններ հաստատելու: