50 Տարի Առաջ (4 Օգոստոս 1965)
Խմբագրական Յունաստանի Տագնապը Յունաստան բախտորոշ օրեր կ՛ապրի: Տագնապը, որ ծայր տուաւ վարչապետ Փափանտրէուի հրաժարումով` իբրեւ հետեւանք ծերունի հանրապետականին եւ երիտասարդ վեհապետին միջեւ ծագած լուրջ տարակարծութիւններու, հետզհետէ ծանրացաւ` սպառնալով խախտել հիմերը սահմանադրական միապետութեան, որուն շուրջ միակամութիւն չի տիրեր դժբախտաբար հելլէն ժողովուրդին մօտ: Անկախ ներկայ տագնապին դրսերեւոյթներէն, ընթացիկ ցոյցերէն եւ յեղափոխական արտայայտութիւններէն, որոնք ամիսէ ի մը վեր կը փոթորկեն յոյն քաղաքական հրապարակը,...





