50 Տարի Առաջ (27 Յուլիս 1966)
Հեթանոս Հայերու Չաստուածները Հեթանոս հայ ժողովուրդը նախաքրիստոնէական շրջանին կը պաշտէր չաստուածները: Չաստուածներու հայկական պանթէոնին մէջ կը գտնուէին եօթը սրբարաններ: Իւրաքանչիւր սրբարան նուիրուած էր չաստուածի մը: Պաշտամունքի առարկայ էին նաեւ պանթէոնին մաս չկազմող ժողովրդային այլ չաստուածներ, որոնցմէ Վահագն չաստուած, շնորհիւ իր ունեցած ժողովրդականութեան, ստացած էր ազգային դիմագիծ: ԱՐԱՄԱԶԴ.- Հայկական պանթէոնին գերագոյն չաստուածը Արամազդ` տիեզերքի ճարտարապետն էր, ամէն ինչի սկզբնաւորութիւնը եւ երկինքի...




