ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեզի մօտիկ անձ մը ծրագիրի մը գործադրութեան համար ձեր օգնութեան կը կարօտի: Մի՛ մերժէք զայն, որպէսզի յաջողի իր գործը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ասպարէզին մէջ այսօր դժուարութիւն պիտի ունենաք, սակայն լաւ մտածելով` ելք մը պիտի գտնէք, եւ հարցը շուտով պիտի լուծուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հեւիհեւ կ՛աշխատիք, ինչ որ կրնայ վնասել ձեր առողջութեան: Քիչ մը ձեր հանգիստին ժամանակ տրամադրեցէք, որպէսզի կարենաք ձեր բոլոր ծրագիրները իրագործել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ծրագիրներուն իրագործումը դանդաղ կ՛ընթանայ: Շատ մի՛ աճապարէք, քիչ մը միջոց ձգեցէք, որպէսզի վերամուտին աւելի կայտառութեամբ շարունակէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ դժուար կը համաձայնիք ձեր շուրջիններուն հետ: Ընկերային կեանքին մէջ պէտք է աւելի դիւրահաճ ըլլալ, որպէսզի կարենաք տեղ ունենալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ուժերը մի՛ սպառէք եւ հանդարտ աշխատեցէք: Ձեր ուժը վատնելով` ձեր առողջութիւնը կրնայ վնասուիլ: Խոհեմ` գտնուեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ վերապահ էք եւ չէք համարձակիր ձեր սէրը արտայայտել: Ձեր դիմացի անձը թերեւս չի համարձակիր մօտենալու, առաջին քայլը դուք առէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յարգեցէք ձեր ընտանիքին տարեց անդամները. անոնք ձեր սիրոյն կը կարօտին: Այսպիսով, դուք ալ գոհունակութիւն կ՛ունենաք: Անոնք միայն ձեր սէրը կը պահանջեն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր զաւակները ձեր ուղղութեան պէտք ունին: Հետաքրքրուեցէք եւ տեսէք, թէ ի՛նչ բանով կը հետաքրքրուին կամ ի՞նչ կը սիրեն, որպէսզի պէտք եղած ուղղութիւնը տաք անոնց:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մեծ հաճոյքներ մի՛ փնտռէք, պարզ եւ պզտիկ փոփոխութիւններ նոյնքան կը նպաստեն ձեր տրամադրութեան, որմէ ետք մեծ հաճոյքներ կրնաք ունենալ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամբողջ տարուան մը աշխատանքը անշուշտ յոգնեցուցած է ձեզ: Շաբթուան մը արձակուրդը մեծապէս պիտի նպաստէ, եւ աւելի կայտառ պիտի վերադառնաք ձեր աշխատանքին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ինքնահաւան մի՛ ըլլաք եւ մի՛ կարծէք, թէ ամենագէտ էք: Ձեր շուրջիններէն սորվելիք շատ բաներ ունիք, մի՛ անտեսէք զանոնք: Միասնական աշխատանքը յաջողութեան կ՛առաջնորդէ: