ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ մեծ ուժականութիւն ունիք եւ շատ դիւրին բարեկամութիւն կը հաստատէք: Ձեր շուրջինները կ՛ուզեն ձեզի հետ երկար կապեր հաստատել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Միշտ պատրաստ էք ուրիշներու կարծիքը ընդունելու: Ինքնագլուխ չէք եւ միշտ կ՛ուզէք գործակցաբար աշխատիլ, ինչ որ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ ձեզ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեկամ մը միշտ պատրաստ է որեւէ գործով օգտակար ըլլալու ձեզի: Հաւատացէք իր անկեղծութեան: Շատ շնորհակալ պիտի ըլլաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործի մը ձեռնարկած էք եւ օգնութեան պէտք ունիք: Բարեկամ մը ձեզի ձեռք պիտի երկարէ, եւ ձեր փափաքած արդիւնքին պիտի հասնիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Վիճաբանութեան մը ներկայ պիտի գտնուիք, եւ անհասկացողութիւններ պիտի ըլլան: Խոհեմութեամբ կարելի է միջին եզր մը գտնել, քանի որ ամէն մարդ իր անձնական կարծիքը եւ մտածումը ունի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հարստանալու պատեհութիւն մը պիտի ներկայանայ ձեզի: Օգտուեցէք առիթէն, քանի որ այս առիթը ձեզ պիտի բարձրացնէ եւ ձեր կեանքը պիտի դիւրացնէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յաճախակի ձեր ըրած օգնութիւններուն համար ձեր բարեկամները շատ երախտագէտ պիտի գտնուին: Այս գիտակցութիւնը մեծապէս պիտի ուրախացնէ ձեզ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատավայրին մէջ կատարեալ հասկացողութիւն կայ, ինչ որ ձեր գործը պիտի թեթեւցնէ, արձակուրդի մը ծրագիրն ալ կը մշակէք, ինչ որ մեծապէս պիտի ազդէ ձեր առողջութեան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր սիրային յարաբերութիւնները շատ պիտի ազդեն ձեր դիմացինին վրայ, որ առանց երկմտանքի` իր սէրը պիտի արտայայտէ ձեզի: Յաջող ամուսնութիւն մը կը նախատեսուի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանիքին մէջ լաւ չէ անտեղի արտայայտութիւններ ունենալ: Կրնաք ձեր պարագաները նեղացնել: Մտիկ ըրէք զիրենք եւ յարգեցէք անոնց կարծիքները:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարողութիւնը ունիք համոզելու ձեր շուրջինները, առանց մեծ ճիգ ընելու անոնք արդէն դէպի ձեզ կու գան եւ ձեր ընկերութիւնը շատ հաճելի է իրենց համար: Այս ալ գոհունակութիւն մըն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պահանաջկոտ չէք, եւ պզտիկ ուրախութիւնները ձեզ կը գոհացնեն: Ձեր այս նկարագիրը անգիտակցաբար ձեզ վերելքի պիտի հասցնէ: