ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ դժուար ասպարէզ մը ընտրած էք եւ դԺուարութիւններու կը հանդիպիք, հետապնդեցէք եւ մի՛ թուլանաք, որպէսզի ձեր փափաքած արդիւնքին հասնիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդութեան մը ընթացքին շատ հաճելի մարդոց պիտի ծանօթանաք, որոնց հետ շատ մտերմիկ կապեր պիտի հաստատէք, ինչ որ ձեր տրամադրութիւնը բոլորովին պիտի բարձրացնէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ առանձին կ՛ապրիք, ձեր պատեանէն դուրս ելէք եւ լաւատես եղէք: Ասիկա յաջողութեան լաւագոյն տուայլն է: Պզտիկ պտոյտներ ձեր կեանքը կրնան փոխել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր անտրամադիր արթնցած էք, մեծ հարց մը չէ, օրուան մէջ հաճելի միջադէպեր պիտի պատահին, որոնք մեծապէս պիտի փոխեն ձեզ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքին մէջ ձեր գործունէութիւնը պիտի գնահատուի, եւ պատասխանատուութիւններ պիտի յանձնուին ձեզի, որոնք յաջողութեամբ պիտի կատարէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արձակուրդին ստեղծուած բարեկամութիւն մը սիրոյ արտայայտութեան պիտի առաջնորդուի. մի՛ մերժէք, քանի որ ձեր նկարագրին յարմար անձ մըն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ընտանիքին անդամները մանր-մունր մտահոգութիւններ ունին եւ ձեր օգնութեան կը կարօտին. մի՛ մերժէք, քանի որ դուք շատ դիւրութեամբ կրնաք հարցերը լուծել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատանքին մէջ ձեր որդեգրած ձեւը շատ ընդունելութիւն պիտի չգտնէ, սակայն ժամանակի ընթացքին յաջողութիւն պիտի արձանագրուի, եւ ձեր գործակիցները ձեզ պիտի գնահատեն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նոր գործի մը ձեռնարկած էք. անշուշտ յաջողութիւնը արագ պիտի չըլլայ, սակայն ձեր իմաստութիւնը պիտի նպաստէ վերելքին, եւ ժամանակի ընթացքին ձեր փափաքած արդիւնքը պիտի ունենաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրը շատ յարմար է յաջողութեան համար. ինչ բանի որ ձեռնարկէք, պիտի յաջողիք. նոյնիսկ պզտիկ եկամուտ մը կը նախատեսուի: Ձեր բախտը փորձեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ ինքնավստահ էք. ինչ գործի որ կը ձեռնարկէք, կը հետապնդէք զայն եւ անպայման յաջողութիւն կ՛ունենաք: Ապագան ձերն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ հաճելի օր մը պիտի ունենաք. ձեր բարեկամները ձեզի երեկոյեան հանդիպում մը պիտի առաջարկեն, ուր պիտի ծանօթանաք նոր անձերու, որոնք հաճելի պիտի գտնէք: