50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1966)
Մեր Մամուլը «Հայրենիք». ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հանդէպ Խ. Հայաստանի Կ՛ուզենք, որ մէկ բան պարզ ու յստակ ըլլայ բոլորիս: Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը, եթէ ներկայ պայմաններուն մէջ մինչեւ անգամ բաղկացած ըլլայ թունդ եւ ջերմեռանդ հայրենասէր հայերէ, նմանապէս եթէ Հայաստանի համայնավար Կենտկոմը համատեղ կազմուած ըլլայ ազգատենչ տարրերէ, նորէն բնաւ պատրանք չսնուցանենք, որ առանձին կամ միասին, ինքնագլուխ կրնան հայանպաստ ձեռնարկներ կատարել: Օրինակ, ոչ միայն Հայ դատի...




