Այլազան

Շուկայի Վրայ` Շիշերու Մէջ Մաքուր Օդ

Շուկայի Վրայ` Շիշերու Մէջ Մաքուր Օդ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ     Չինաստանի մեծ քաղաքներուն մէջ օդի ապականումը ամպերու նման կը ծածկէ քաղաքը: Այս պատճառով, երբ քանատական փոքրիկ ընկերութիւն մը սկսած է Ռոքի Մաունթընզ լեռներու շրջանէն մաքուր օդով լեցուած շիշեր ծախել համացանցին վրայ, շուկայի վրայի շիշերը ծախուած են չորս օրուան մէջ: *** «Վայթալիթի էր» ընկերութեան տէրերը` Մոզըս Լեմ եւ Թրոյ Փաքեթ, ընկերութիւնը հիմնած են իբրեւ կատակ,...

50 Տարի Առաջ (17 Սեպտեմբեր 1966)

Խմբագրական  Հերոսական Սուէտիան (Ապստամբութեան 51-րդ Տարեդարձին Առթիւ) Այնճար վաղը դարձեալ ժամադրավայրը պիտի ըլլայ ժողովրդային զանգուածներու , որոնք իրենց խանդավառութիւնը պիտի խառնեն Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդին ցնծութեան` տօնելու համար դիւցազնական խոյանքի մը 51-րդ տարեդարձը: Հայոց պատմութիւնը, որ լոյսի ու խաւարի շղթայով մը կը ներկայանայ մեզի, Ա. Աշխարհամարտի ահաւոր օրերէն տեղահանութիւններու, ջարդի ու աւերի համայնապատկեր մը պիտի կտակէր յետնորդ սերունդներուն, եթէ չըլլային...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր ձեր աստղը շատ փայլուն է, եւ ինչ որ ընէք, պիտի յաջողիք: Առիթէն օգտուեցէք եւ վայելեցէք, քանի որ նման օրեր քիչ կը պատահին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Միեւնոյն ժամանակ քանի մը գործեր մի՛ ընէք, որպէսզի տակնուվրայութիւն չունենաք: Ծրագրուած աշխատեցէք, որպէսզի յաջողութիւն ունենաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Իսկապէս լաւ բարեկամներով շրջապատուած էք, որոնք միշտ...

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1966)

Անգլիական Շաբաթաթերթ Մը` Լեւոն Սիւրմէլեանի Նոր Գործին Մասին Ինչպէս ծանօթ է, Լեւոն Սիւրմէլեան վերջերս անգլերէնի թարգմանեց «Սասմայ ծռեր» դիւցազնավէպը` Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցի գրի առած օրինակին վրայով, ընդարձակ ու մանրազնին յառաջաբանով մը: Այս առթիւ անգլիական «Տը Թայմզ Լիթըրըրի Սափլըմընթ», դիւցազնավէպին ամփոփումը տալէ ետք, կը գրէ Լ. Սիւրմէլեանի իր գործին մասին. Լ. Սիւրմէլեան իր պատմական հիանալի ներածականին մէջ կը նշէ, թէ` «Սասմայ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Խաղաղ օր մը պիտի ունենանք. ո՛չ մէկ դէպք` յատկապէս: Այս ալ հանգիստ ընելու ձեւ մըն է: Քանի մը անձնական գնումներ հաճոյք պիտի պատճառեն ձեզի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Անակնկալներով հարուստ օր մը պիտի վայելէք, բարեկամներու հետ հանդիպում, պտոյտներ եւ, ինչո՞ւ ոչ, երեկոյեան փառաւոր ընթրիք մը` բարեկամներով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Խղճողուած օր մը...

50 Տարի Առաջ (15 Սեպտեմբեր 1966)

Խմբագրական Լիբանանի Ընկերային Տագնապը Ընկերային պահանջներու ալիք մը ծայր տուած է Լիբանանի մէջ: Գործադուլները իրարու կը յաջորդեն: Հազիւ սենտիքա մը մասնակի գոհացում ստացած` ուրիշ մը կը ցցէ գլուխը, քիչ մը աւելի առաջ երթալով, առաւելագոյնը պահանջելով` նուազագոյնը ձեռք բերելու համար: Կառավարութիւնը, յաճախ դատաւոր եւ իրաւարար, երբեմն սպառնալիքով, երբեմն ալ տարտամ խոստումներով կը յաջողի հարցը փակել ժամանակաւոր լուծումով մը: Սակայն ոչ ոք կը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր դուրս ելլելը օգտակար չէ ձեզի, այլ` վնասակար. հետեւաբար տունը մնացէք եւ զբաղեցէք ձեր սովորական գործերով: Հետեւեցէք օրուան յարմարութեան: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Փոփոխութենէ մի՛ վախնաք, պիտի կարենաք կարգադրել այդ փոփոխութիւնը, որ կրնայ պատահիլ: Համբերատար եղէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պիտի շարունակէք ձեր կեանքը այն անձերուն հետ, որոնք ձեզ կը հասկնան: Կարծիքները կրնան...

50 Տարի Առաջ (12 Սեպտեմբեր 1966)

50 Տարի Առաջ (12 Սեպտեմբեր 1966)

Հայաստան  Հայկական Ճարտարապետութեան Հրաշալիքներէն Մէկը Անխնամ Վիճակի Մէջ Երեւանի «ԱՎԱՆԳԱՐԴ»-ը` 13 օգոստոսի թիւով հրատարակած է հայկական ճարտարապետութեան հրաշալիքներէն` Տաթեւի վանքին աւերակներուն նկարը` քննադատելով պատասխանատուները այն անխնամ վիճակին համար, որուն մէջ ձգուած է հնադարեան վանքը: Բացօթեայ  թանգարանների երկիր` այսպիսին է Հայաստանի անունը բազմաթիւ արտասահմանեան զբօսաշրջիկների շրթներին: Եւ իսկապէս, չնայած Հայաստանն ամէնից շատ է ենթարկուել աւերածութիւնների եւ կործանումների, սակայն պատմական յուշարձանների քանակով,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեզի մօտիկ անձի մը հետ անհասկացողութիւն մը պիտի ըլլայ. բացատրութիւններ պահանջեցէք լուսաբանուելու համար, որպէսզի սխալ քայլեր չառնէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Համեստ էք եւ ձեր ձիրքերը չէք դրսեւորեր: Ընտանիքէն ներս կամ ընկերութեան մէջ ձեր գիտութիւնը ի գործ դրէք, որպէսզի դուք ալ գոհունակութիւն ունենաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Արկածախնդրական ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք, որմէ...

Իւրայատուկ Վերամուտ Մը

Իւրայատուկ Վերամուտ Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Վերամուտ է: Բազմաթիւ աշակերտներ դարձեալ կ՛ուղղուին դէպի դպրոց, ուր անոնք պիտի գտնեն հին եւ նոր ընկերներ, իրարու հետ փոխանակեն արձակուրդի իրենց պատմութիւնները... Սակայն Ֆրանսայի հիւսիսի գիւղերէն մէկուն աշակերտներուն վերամուտը ա՛լ աւելի իւրայատուկ եղաւ:  Երբ աշակերտները դպրոց մտան, անոնք գտան մեծ եուրթ մը, Ասիոյ լեռներու բնակիչներուն կողմէ գործածուած մեծ աւանդական վրան մը: 700  բնակիչներով Պոէսըկեն գիւղին մէջ...

50 Տարի Առաջ (10 Սեպտեմբեր 1966)

Ներքին Կեանք  Ելեկտրական Հոսանքը Անդադար Կը Կտրուի Պէյրութի Մէջ Երէկ իրիկուն ելեկտրական հոսանքը դարձեալ կտրուեցաւ Պէյրութի մէջ: Միայն Ռաս Պէյրութ, Համրա թաղերը, Պուրճի հրապարակը եւ Ռիատ Սոլհ հրապարակին մէկ մասը մութի մէջ չմնացին: Խանգարումը տեւեց երեք քառորդ ժամ: Միւս կողմէ, կ՛իմանանք, թէ Լիբանանի ելեկտրականութեան գրասենեակին անձնակազմին սենտիքան կեդրոններու եւ թրանսֆորմասիոնի կայանին մէջ աշխատող բանուորներէն եւ մասնագէտներէն պիտի պահանջէ չենթարկուիլ բռնի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շատ կը հետաքրքրուիք օտար մշակոյթներով, ինչ որ ձեր գիտելիքները կը զարգացնէ: Այս սէրը ձեր հորիզոնները պիտի ընդարձակէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ ձեր մէկ ծրագիրը ձախողած է, ողբերգութեան մի՛ վերածէք: Յաջողութեան միայն մէկ ճամբայ չկայ, ուրիշ ծրագիրներ ունիք, որոնք կրնան յաջողիլ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այսօր օրը լաւ չէ կարեւոր ներդրումներ կատարելու համար:...

50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1966)

Հայերէնը Միջազգային Լեզու Միջին Դարուն ԺԳ. եւ ԺԴ. դարերը, երբ մոնկոլները Եւրոպայի մեծ մասին տէրն էին, հարուստ եղած են հռչակաւոր ճանապարհորդներով, ինչպէս` Մարքօ Փոլօ, Ռուպրուքի, Փիան տը Քարփինի եւ Փոռտենոնեցի Օտոռիքօ կամ Օտեռիքօ: Հնդկաստանի արեւմտեան ծայրագոյն հարաւը` պղպեղի երկիրը, իսլամներէ բնակուած չըլլալուն, Օտոռիքօ կ՛երթայ այնտեղ, քանի որ նեստորական քրիստոնեաներ կային: Սէյլան, ապա Մալեզեան կղզիները, Սումաթրա, Ճաւա եւ Պոռնէօ  հանդիպելէ ետք...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անկեղծ բարեկամներ ունիք, որոնց հետ ծրագիրներ ունիք եւ կարեւոր գործ մը պիտի սկսիք անոնց հետ եւ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Տարիներ առաջ պարտքի տրուած գումար մը, որ նոյնիսկ մոռցած էք, պիտի վերադարձուի, ինչ որ ձեզ պիտի քաջալերէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Թէեւ մարդոց վրայ մեծ վստահութիւն չունիք, սակայն ձեր շուրջը...

Կին Դէմքեր.  Հուրի Կեպեշեան

Կին Դէմքեր. Հուրի Կեպեշեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ռիօ - 2016 Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող մարմնամարզուհի Հուրի Կեպեշեանը յաջող ելոյթներ ունեցաւ: Հակառակ որ ան մրցանակի չարժանացաւ, այսուհանդերձ, յաջողեցաւ կատարել հնարք մը, որ նորութիւն համարուեցաւ մարմնամարզութեան աշխարհին մէջ: Այսպէս, Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնը (FIG) այդ հնարքը գրանցեց Հուրի Կեպեշեանի անունով` «The Gebeshian».   Ընթերցումը Կը Նուազեցնէ Ընկճախտը Սիւսեքս համալսարանին կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, գիրք կարդալը լաւագոյն...

50 Տարի Առաջ (8 Սեպտեմբեր 1966)

 Նոթեր Ու Նետեր Զուտ Թրքական Լուրեր Ծանրակշիռ Առեւանգում Գոճամուսթաֆափաշայի բնակիչներէն Կէօնիւլ Սեւլիմ անուն յղի կին մը առեւանգուած է անծանօթի մը կողմէ: Օրերէ ի վեր կատարուած փնտռտուքները անցած են ապարդիւն: Առեւանգողը մէկ հարուածով ունեցած է կին մը եւ պիտի ունենայ զաւակ մը: Վարդը սիրողը փուշն ալ կը սիրէ, ըսուած է իրաւամբ: Բայց որովհետեւ վարդը սիրողը թուրք է, կրնայ փճացնել փուշը:  ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր ձեր աստղը շատ փայլուն է, եւ ձեր գործերը յաջողութեամբ պիտի պսակուին: Եթէ գաղափար մը ունիք գործադրելու, կատարեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Գործի մը սկսելէ առաջ դուք ձեր բոլոր կարողութիւնները ի գործ դրէք, եւ վերջը, եթէ պէտքը զգաք, բարեկամներուն կարծիքներուն դիմեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ գործընկերոջ մը հետ անհասկացողութիւններ կան, շուտով մի՛...

50 Տարի Առաջ (7 Սեպտեմբեր 1966)

Հայ Կեանք  Համաստեղի Յոբելեանը Ուաշինկթընի Մէջ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի հայ համայնքը, հոկտեմբեր 16-ին, «Սմիթսոնիըն» թանգարանի բնապատմական շքեղ սրահին մէջ, պատշաճ հանդիսութեամբ պիտի տօնէ Համաստեղի յոբելեանը: Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ յոբելեարը` Համաստեղ: Ուաշինկթընի յոբելենական յանձնախումբը իր կարելին պիտի ընէ յարգալիր, ջերմ ու պատուաբեր մթնոլորտի մը մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, արժանավայել շուքով մեծարելու համար բազմավաստակ յոբելեարը: Դաշտահանդէս` Թորոնթոյի Մէջ Օգոստոս 7-ի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կրցած էք ձեր եկամուտը հաւասարակշռել, ինչ որ ձեզի համար պիտի դիւրացնէ վերամուտին ձեր պէտքերը հոգալու: Ո՛չ մէկ դժուարութեան պիտի հանդիպիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Խնայասէր էք եւ տեղին ծախսել գիտէք: Ձեր այս նկարագիրը ձեզ յաջողութեան պիտի առաջնորդէ, եւ կարեւոր ներդրումներ պիտի կատարէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ամէն բան մանրամասնութեամբ կը քննէք եւ ո՛չ...

50 Տարի Առաջ (6 Սեպտեմբեր 1966)

Ներքին Կեանք Ելեկտրականութեան Գրասենեակի Անձնակազմին Գործադուլը Կը Շարունակուի Ելեկտրականութեան գրասենեակին պաշտօնեաները կը շարունակեն իրենց գործադուլը: Առ այժմ` ոչ մէկ նորութիւն: Ներկայիս կացութիւնը հետեւեալն է. բացի հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերու ելեկտրական խանգարումներէն, հոսանքը կարելի եղաւ հայթայթել բնակչութեան` շնորհիւ բռնի աշխատանքի լծուած 114 բանուորներու եւ մասնագէտներու, որոնք կը գործեն Զուք Միքայէլի եւ Պէյրութի կեդրոններուն մէջ: Բանթողները, սակայն, հաստատ կը մնան իրենց սկզբնական...

Page 300 of 361 1 … 299 300 301 … 361

Արխիւներ