ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անկեղծ բարեկամներ ունիք, որոնց հետ ծրագիրներ ունիք եւ կարեւոր գործ մը պիտի սկսիք անոնց հետ եւ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տարիներ առաջ պարտքի տրուած գումար մը, որ նոյնիսկ մոռցած էք, պիտի վերադարձուի, ինչ որ ձեզ պիտի քաջալերէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Թէեւ մարդոց վրայ մեծ վստահութիւն չունիք, սակայն ձեր շուրջը ձեզ սիրող եւ քաջալերող անձեր կը գտնուին, որոնք նաեւ շատ անկեղծ են:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Թէեւ յուսահատութեան մատնուած էք, սակայն կարգ մը ծրագիրներ յաջող պիտի ընթանան, որոնք նոր յաջողութիւններու պիտի առաջնորդեն ձեզ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանիքէն ներս կամ գործատեղիին մէջ համաձայնութիւն եւ հասկացողութիւն կը տիրէ, ինչ որ ձեզ պիտի խթանէ, որ աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքին անդամներէն մէկը նեղ կացութեան մատնուած է եւ ձեր օգնութեան պիտի դիմէ. անշուշտ պիտի չմերժէք եւ զինք այդ նեղ կացութենէն պիտի փրկէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այս օրերուն ջղային վիճակ մը ունիք եւ յոգնած էք: Ընկերութենէ հեռացէք քիչ մը եւ ընտանեկան խաղաղ մթնոլորտին մէջ ձեր հանգիստը փնտռեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յոգնած էք եւ հանգիստի պէտք ունիք: Անկեղծ բարեկամներու հետ ընթրիք մը կազմակերպեցէք, որպէսզի կարենաք ձեր խաղաղութիւնը գտնել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ամուրի էք, այս երեկոյ պիտի ունենաք հանդիպումներ, որոնք կրնան ձեզ արկածախնդրութեան առաջնորդել: Ձեր կարողութիւնները ի գործ դրէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ճաշացուցակը շատ հարուստ է, ինչ որ ձեզի վնաս պիտի պատճառէ: Զգուշացէք եւ թեթեւ ճաշեր կերէք, որպէսզի բարդութիւններ չունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Խրախճանքի մը ընթացքին անձի մը պիտի ծանօթանաք, որուն հետ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին եւ ձեր բախտը պիտի որոշուի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ասպարէզին մէջ հաշուեկշիռ մը ըրէք, որպէսզի յստակօրէն տեսնէք, թէ ո՛ւր հասած էք եւ, մանաւանդ, ապագայ ընելիքնիդ յստակացուցէք: