ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կրցած էք ձեր եկամուտը հաւասարակշռել, ինչ որ ձեզի համար պիտի դիւրացնէ վերամուտին ձեր պէտքերը հոգալու: Ո՛չ մէկ դժուարութեան պիտի հանդիպիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խնայասէր էք եւ տեղին ծախսել գիտէք: Ձեր այս նկարագիրը ձեզ յաջողութեան պիտի առաջնորդէ, եւ կարեւոր ներդրումներ պիտի կատարէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամէն բան մանրամասնութեամբ կը քննէք եւ ո՛չ մէկ բան պատահականութեան կը ձգէք, ինչ որ ձեզ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաճախ ձեր գործը փոխել կ՛ուզէք եւ` նոր գործի մը ձեռնարկել: Լաւ մտածելով` կրնաք ձեզի սիրելի գործ մը ընել եւ ձեր հաւասարակշռութիւնը գտնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յաճախ կը մտածէք ձեր անցեալի ձախողութիւններու մասին. անցեալը մոռցէք եւ իմաստութեամբ դիմաւորեցէք ապագան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր հաճելի անակնկալներ պիտի դիմաւորէք. ձեր կեանքը փոխելու առիթներ պիտի ունենաք, եւ գործի ընթացքը պիտի բարելաւուի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր աշխատատեղիին մէջ մեծ վստահութիւն ունին ձեր վրայ: Ասիկա պիտի խանդավառէ ձեզ, եւ նոր ներարկումներով գործը աւելի պիտի զարգանայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր բարձր եւ ուրախ տրամադրութիւնը պիտի քաջալերուի, նոյնիսկ անոր գաղտնիքը պիտի ուզեն ձեզմէ, սակայն ասիկա սորվելիք բան չէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նոր գործի մը պիտի ձեռնարկէք եւ փորձառուներուն կարծիքը պիտի առնէք, սակայն ժամանակի ընթացքին գործը յառաջացնելու ձեւը պիտի որդեգրէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ծրագիրի մը յաջողութեան համար բարեկամներու օգնութեան պէտք պիտի ունենաք: Անոնք սիրայօժար պիտի օժանդակեն ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր փափաքները իրականացնելու համար առանց վարանելու ճամբայ ելէք, ժամանակի ընթացքին աստիճանաբար յաջողութիւններ պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր մտածումներուն հետեւեցէք եւ գործի ձեռնարկեցէք, ո՛չ մէկուն կարծիքին դիմեցէք: Դուք ձեր կարողութիւնները գնահատեցէք: