ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեզի մօտիկ անձի մը հետ անհասկացողութիւն մը պիտի ըլլայ. բացատրութիւններ պահանջեցէք լուսաբանուելու համար, որպէսզի սխալ քայլեր չառնէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Համեստ էք եւ ձեր ձիրքերը չէք դրսեւորեր: Ընտանիքէն ներս կամ ընկերութեան մէջ ձեր գիտութիւնը ի գործ դրէք, որպէսզի դուք ալ գոհունակութիւն ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արկածախնդրական ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք, որմէ ետք լայն գիտելիքներով եւ գոհունակութեամբ պիտի վերադառնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր կարեւոր եկամուտ մը պիտի ունենաք, որ բնաւ չէիք յուսար: Այսպիսով, պիտի կարենաք ձեր պէտքերուն գոհացում տալ: Օրը աւելի ուրախ պիտի վերջացնէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարգ մը գործեր անտեսած էք, որոնք բարդուած են: Դասաւորեցէք զանոնք, որպէսզի դժուարութեան չմատնուիք, եւ ամէն բան յստականայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ջղային վիճակ մը ունիք այսօր. ձեր գործերը ձգեցէք եւ քանի մը անձնական գնումներ կատարեցէք, որպէսզի ձեր տրամադրութիւնը բարձրանայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ծրագիր մը գործադրելէ առաջ լաւ ուսումնասիրեցէք եւ վերջը կատարեցէք, որպէսզի անախորժ անակնկալներու չհանդիպիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաճելի անակնկալներով լեցուն օր մը պիտի ունենաք, պաշտօնի բարձրացում մըն ալ կը նախատեսուի, ինչ որ ձեր կեանքը բոլորովին պիտի փոխէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դժուարին հարցի մը դէմ կը գտնուիք: Արագօրէն լուծումներ մի՛ գտնէք: Հանդարտութեամբ եւ լաւ մտածելով ճիշդ լուծումը պիտի գտնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վերջապէս խնայողութեամբ ապրիլը պիտի սորվիք եւ աւելի հանգիստ ու հաւասարակշռուած կեանք մը պիտի ունենաք: Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր սխալներուն անդրադարձէք, որպէսզի աւելի գեղեցիկ կեանք մը դիմաւորէք: Փայլուն աստղի տակ կը գտնուիք: Օգտուեցէ՛ք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լաւատես էք, ինչ որ գնահատելի է: Դժուարին պարագաներուն նոյնիսկ կարող էք հանդարտութեամբ հարցերը լուծել, ինչ որ կը զարմացնէ ձեր շուրջինները: