Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Չինաստանի մեծ քաղաքներուն մէջ օդի ապականումը ամպերու նման կը ծածկէ քաղաքը: Այս պատճառով, երբ քանատական փոքրիկ ընկերութիւն մը սկսած է Ռոքի Մաունթընզ լեռներու շրջանէն մաքուր օդով լեցուած շիշեր ծախել համացանցին վրայ, շուկայի վրայի շիշերը ծախուած են չորս օրուան մէջ:
***
«Վայթալիթի էր» ընկերութեան տէրերը` Մոզըս Լեմ եւ Թրոյ Փաքեթ, ընկերութիւնը հիմնած են իբրեւ կատակ, երբ անոնք կերպընկալէ պայուսակ մը օդով լեցուցած են եւ զայն համացանցին վրայ նուազ քան կէս տոլարի ծախած են:
Սակայն երբ երկրորդ տոպրակ մը կը ծախուի 160 տոլարի, երկու բարեկամները կ՛անդրադառնան, թէ կարելի է այս գաղափարը լրջօրէն օգտագործել:
«Վայթալիթի էր» մաքուր օդի իւրաքանչիւր թիթեղէ տուփ կը պարունակէ մինչեւ 150 քանատական լեռներու մաքուր օդի շունչ եւ կ՛արժէ մօտաւորապէս 30 տոլար:
Այս 7,7 լիթր թիթեղէ տուփը Չինաստանի մէջ կը ծախուի մօտաւորապէս 100 եուանի (մօտաւորապէս` 15 տոլար), այսինքն 50 անգամ աւելի սուղ, քան` շիշ մը ըմպելի ջուրը: Մաքուր օդի առաջին 500 արտադրուած շիշերը կը ծախուին նուազ քան երկու շաբաթէն: Եւ արդէն ապսպրանքներու երկար ցանկ մը կազմուած է: Սակայն «Վայթալիթի Էր»-ի ամէնէն մեծ մարտահրաւէրը կարենալ իր յաճախորդներուն պահանջները գոհացնելն է, որովհետեւ այդ շիշերուն արտադրութիւնը դժուար հոլովոյթ ունի. մաքուր օդի իւրաքանչիւր շիշ ձեռքով կը լեցուի:
«Վայթալիթի Էր» մաքուր օդ եւ թթուածին կը ծախէ ոչ միայն Չինաստանի մէջ, որ անոր ամէնէն մեծ յաճախորդն էր, այլ նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի, Հնդկաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Այս արտադրութեան մեծ պահանջը հաճելի անակնկալ մըն էր ընկերութեան տէրերուն համար: Անոնց ընտանիքները եւ բարեկամները գաղափարը կատակ համարած են, իսկ Լամի ծնողները անոր խրատած են, որ օրուան գործը պահէ: Տակաւին մինչեւ այսօր Լամ հետեւած է այս խրատին եւ օրուան ընթացքին կ՛աշխատի Քանատայի դրամատուներէն մէկուն մէջ:
Կարիդոսէ Կերպընկա՞լ
Բազմաթիւ երկիրներու սուփըր-մարքեթներուն մէջ ապրանքները դնելու համար բաժնուած կերպընկալէ տոպրակները այլեւս արգիլուած են: Ասոր փոխարէն` մասնագէտները կը փորձեն ուրիշ լուծումներ գտնել` ստեղծելու համար կերպընկալ մը, որ կենսոլորտը չ՛ապականեր:
Կենսոլորտը չապականող կերպընկալը արդէն գոյութիւն ունի: Անիկա կը շինուի գետնախնձորէ կամ եգիպտացորենէ: Սակայն կան նաեւ ուրիշ կարելիութիւններ:
Ջրախոտերով
Ֆրանսայի մէջ, ընկերութիւն մը կրցած է ստանալ միջոց մը ջրախոտէ կերպընկալ շինել` առանց քիմիական նիւթեր գործածելու: Այս կերպընկալը բնութեան մէջ մինակը կը փճանայ 12 շաբաթէն:
Ծաղիկով մը
Սարտինիայի մէջ «Նովամոնթ» հաստատութիւնը կը գործածէ փշոտ ծաղիկի մը հունտերը: Ան այս ծաղիկի հունտերէն կը պատրաստէ իւղ մը, որ կարելիութիւնը կու տայ կերպընկալ շինելու:
Կարիդոսներով
Ամերիկացի մասնագէտներ կարիդոսներուն պատեանին վրայէն կրցած են առնել շիթին կոչուած նիւթ մը: Այս նիւթը մետաքսի մասնիկի մը վրայ աւելցնելով կարելի է ստանալ շատ տոկուն նիւթ մը: Այս գիւտը, որ կը կոչուի Շրիլք, տակաւին զարգացման փուլի մէջ է:
Աւոքատոներով
Մեքսիքական «Պիոֆազ» հաստատութիւնը կրցած է շինել կերպընկալի տեսակ մը` աւոքատոյի կորիզներէն: 1,5 քիլօ կորիզներով կարելի է արտադրել մօտաւորապէս 1 քիլօ կերպընկալ: Այս կերպընկալէն կարելի է շինել շիշեր, պայուսակներ կամ տուփիկներ:
Կարճ Լուրեր Աշխարհէն
Մրջիւններու Աշխարհի
Առաջին Քարտէսը
Հոնկ Քոնկի համալսարանը կրցած է կազմել աշխարհի առաջին քարտէսը, որ կը բացատրէ, թէ ո՛ւր կ՛ապրին մրջիւնները: Այս քարտէսին կազմութեան նպատակն է աւելի մօտէն ծանօթանալ այս միջատներուն կեանքին: Քարտէսը կարօտած է չորս տարուան աշխատանքի:
Այս քարտէսը ցոյց կու տայ մրջիւններու գոյութիւն ունեցող 15 հազար տարբեր տեսակներուն աշխարհին մէջ բնակութեան վայրերը:
Այս ձեւով քարտէսը մեզի շատ կարեւոր տեղեկութիւններ կու տայ այս միջատներու կեանքին մասին եւ կարելիութիւնը կու տայ զանոնք աւելի լաւ պահպանելու:
Այս քարտէսին շնորհիւ մենք տեղեկացանք, թէ Աւստրալիոյ արեւելքը գտնուող Քուինզլենտ նահանգին մէջ արդէն գոյութիւն ունին մրջիւններու 1400 տարբեր տեսակներ:
Ժամանակի ընթացքին այս քարտէսը պիտի այժմէականացուի, երբ նոր տեսակներ գտնուին: Ըստ համալսարանի մասնագէտներուն, գրեթէ ամէն շաբաթ մրջիւններու նոր տեսակներ կը գտնուին եւ կ՛ուսումնասիրուին:
Պրազիլի Մէջ Բանտարկութեան
Ժամանակի Նուազեցնում`
Ընթերցանութեան Միջոցով
2009 թուականին Պրազիլի բանտերու հարցերով զբաղող պետական յանձնախումբը սկսած է գործադրել իւրայատուկ ծրագիր մը: Ըստ այս նոր որոշումին, բանտարկեալները կարելիութիւնը ունին իրենց բանտարկութեան օրերը 4 օրով նուազեցնել ամէն անգամ, երբ անոնք գիրք մը կը կարդան` տարեկան մինչեւ 48 օրուան նուազեցումի սահմաններուն մէջ:
Գիրքը կարդալէ ետք բանտարկեալը պէտք է գրաւոր ներկայացնէ գիրքը, որ պիտի արժեւորուի յանձնախումբի մը կողմէ: Այս յայտագրին նպատակն է պրազիլական բանտերուն մէջի անգրագիտութեան շատ բարձր համեմատութիւնները նուազեցնել եւ օգնել բանտարկեալներուն` ազատ արձակուել ետք աւելի դիւրութեամբ բնական կեանքի վերադառնալու:
Սպանիոյ Ամէնէն Նշանաւոր
Եկեղեցիին Շինութիւնը Սկսած Է 1882-ին
Եւ Վերջ Պիտի Գտնէ 2026-ին
Սակրատա Ֆամիլիան կաթողիկէ մեծ եկեղեցի մըն է` յղացուած սպանացի ճարտարապետ Անթոնի Հաուտիի կողմէ: Եկեղեցին կը գտնուի Պարսելոնայի մէջ, Սպանիա, եւ երկրին ամէնէն նշանաւոր եկեղեցին է:
Այս եկեղեցիին կառուցումը սկսած է 1882-ին, Անթոնի Հաուտիի հսկողութեան տակ: Սակայն ճարտարապետը մահացած է 1926-ին, երբ ծրագրին միայն մէկ քառորդը իրականացած էր: Այդ թուականէն ի վեր Սակրատա Ֆամիլիային կառուցումը շատ դանդաղ յառաջացած է: Անիկա նոյնիսկ կանգ առած է բազմաթիւ տարիներ, Սպանիոյ քաղաքական պատերազմին ընթացքին:
2010 թուականին է, որ վերջապէս ծրագրին կէսը կ՛ամբողջանայ: Ըստ նախատեսումներուն, աշխատանքները վերջ պիտի գտնեն 2026-ին, Հաուտիի մահուան հարիւրամեակին:
Կրնա՞ք Լողալ
Այս Լողաւազանին Մէջ
Այս լողաւազանը իրարու պիտի միացնէ երկու շէնքեր 40 մեթր բարձրութեան վրայ: Անգլիական ընկերութիւն մը այս անհաւատալի ծրագիրը յղացած է եւ կը ծրագրէ զայն իրականացնել 2017-ին: Ան պիտի շինուի Լոնտոնի հարաւային արուարձանի Նայն Էլմզ թաղամասին մէջ:
«Պալլիմոր կրուփ» շինարարական ընկերութիւնը կը փափաքի շինել երկու շքեղ շէնքեր, որոնք իրարու միացած պիտի ըլլան ոչ միայն կամրջակով մը, այլ նաեւ` լողաւազանով մը: Այս լողաւազանը պիտի շինուի 40 մեթր բարձրութեան վրայ:
Անիկա պիտի ունենայ 25 մեթր երկարութիւն, 5 մեթր լայնք եւ 3 մեթր խորութիւն: Եւ ամէնէն կարեւորը` անիկա պիտի ունենայ 25 սանթիմեթր հաստ ապակիէ պատեր:
Շինարարները կը հաստատեն, որ շնորհիւ արդի շինարարական արհեստագիտութեան` կարելի է ապահով կերպով շինել նման կառոյցներ: Այս լողաւազանը իւրայատուկ փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ զայն գործածողներուն: Անոնք երկնքին մէջ թռչելու զգացումը պիտի ունենան: Անշուշտ լողաւազանը պիտի կարենան գործածել միայն շէնքին բնակիչները: Իսկ այդ շէնքէն յարկաբաժին մը գնելու համար պէտք է ունենալ մօտաւորապէս 900 հազար տոլար:
Ո՞ւր Կը Գտնուի Աշխարհի
Ամէնէն Երկար Կամուրջը
Չինաստանի մէջ այս օգոստոսին բացումը կատարուեցաւ աշխարհի ամէնէն երկար եւ ամէնէն բարձր ապակիէ հետիոտներու յատուկ կամուրջը, Հունան նահանգի Ժանկժիաժիի լեռներուն մէջ:
Ան իրարու կը միացնէ երկու ժայռալեռներ: Անոր երկարութիւնը կը հասնի 430 մեթրի, իսկ լայնքը` 6 մեթրի: Ան կախուած է գետնէն 300 մեթր բարձրութեան վրայ, եւ երկինքէն դիտուած` ան կը նմանի հսկայական ճերմակ թիթեռնիկի:
Ժամանց


