Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անկարելի է հանգստանալու պահ մը ունենալ: Տան մէջ թէ աշխատանքի մէջ պիտի աշխատիք որեւէ բանի մը համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ամէն գնով մարզական փորձ ընելու ջանք մի՛ թափէք, հաճոյքը առաջին աշխատանքին մէջն է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ժառանգը յաճախ պատճառ կ՛ըլլայ ընտանեկան հարցերու: Ասկէ պիտի չկարենաք խուսափիլ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Սան Ֆրանսիսքոյէն ընթերցողներ քաջալերելով «Ազդակ»-ի ծրագիրները կը կատարեն հետեւեալ նուիրատուութիւնները.- Կարպիս Պեզճեան 1000$ Օհան Տէր Աբրահամեան 500$ Եդուարդ Մսըրլեան 500$ Ժիրայր Սարգիսեան 500$ Զարեհ Սամուրքաշեան 500$ Խաժակ Սարգիսեան 250$ Նուպար Տեմիրճեան 200$ Րաֆֆի Խաչատուրեան 100$ Մանուէլ Մխճեան 100$ Գեղամ Պօղոսեան 100$ Յովհաննէս Պօղոսեան 100$

Վերամուտ.  Դէպի Դպրոց… Ուղղաթիռով

Վերամուտ. Դէպի Դպրոց… Ուղղաթիռով

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մարի-Փոլ ուսուցչուհին արտասովոր կեանք մը ունի: Ամէն երկուշաբթի ան աւելի քան 2 ժամ կը քալէ հասնելու համար այն դպրոցը, ուր ինք կը դասաւանդէ Ռէունիան կղզիին վրայ անկարելի է ինքնաշարժով հասնիլ Մաքաթայի բնական բոլորաձեւ լեռնահովիտը, տեղափոխուելու համար միակ միջոցը քալելն է... կամ ուղղաթիռը: Ֆրանսական կղզիին վրայ գտնուող Մաֆաթայի բնական բոլորաձեւ լեռնահովիտը կղզիին ամէնէն գրաւիչ շրջաններէն մէկն է:...

50 Տարի Առաջ (30 Սեպտեմբեր 1967)

Խմբագրական Տեմիրել Պաքուի Մէջ Գայսերիի (Կեսարիա) նախճիրը օր մը միայն կրցաւ ուշացնել Սիւլէյման Տեմիրելի ճամբորդութիւնը: Թուրքիոյ վարչապետը վերջապէս գնաց Խորհրդային Միութիւն եւ ոչ միայն քաղաքական «Կարեւոր խօսակցութիւններ ունեցաւ խորհրդային պետական աւագանիին հետ, այլ նաեւ առիթ տրուեցաւ իրեն այցելելու Ուզպեքիստան եւ Ազրպէյճան, որոնք «այնքան կը խօսին թուրք սրտին աւանդականօրէն եւ մշակոյթով կապուած ըլլալով» մայր երկրին` Թուրքիոյ: Թրքական մամլոյ գործակալութիւնը եւ թուրք...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Սիրային արկածախնդրութեան մը պատրաստուեցէք: Վերջապէս ձեր երազած անձին պիտի միանաք: Ձեր ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի, եւ անշուշտ նախանձողներ պիտի գտնուին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այս շաբաթավերջին ո՛չ ոք կը հետաքրքրէ ձեզ: Լեռ պիտի բարձրանաք եւ բնութեան մէջ հանդարտ օրեր պիտի վայելէք: Իրաւունք ունիք քիչ մը ձեր մասին մտածելու եւ ուրիշները մոռնալու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22...

50 Տարի Առաջ (29 Սեպտեմբեր 1967)

Մեր Մամուլը Հայրենասիրութիւն Հայրենասիրութիւն կամ հայաստանասիրութիւն իրենց մէջ ունին երկու բառեր` հայրենիք (կամ Հայաստան) եւ սէր: Արդ, հայրենիքը էութիւն է: Հողի, մշակոյթի, թափուած արիւններու, կառոյցներու, նոյն այդ հողին հետ դարաւոր կենակցութեան եւ փոխադարձ ազդեցութեան համադրոյթ: Իսկ իշխանութիւնը կամ վարչաձեւը ձեւ է: Վարելու կերպը: Առաջինը մնայուն է եւ ընդհանրական: Երկրորդը գնայուն է եւ մասնակի: Եւ երկրորդը կոչուած է ծառայելու միայն մէկ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր աշխատանքին գիտակցութիւնը ունիք եւ միշտ կ՛ուզէք լաւագոյնը կատարել, ինչ որ կը գտնուիք. ձեր գործին առնչութեամբ նորութիւն մը պիտի կիրարկէք եւ շատերը պիտի զարմացնէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Իրագործելիք երազներ ունիք, գործի անցէք եւ կիրարկելու սկսէք: Աստղերը շատ փայլուն են եւ ձեզի յաջողութիւն պիտի շնորհեն: Առիթը մի՛ կորսնցնէք եւ քաջաբար սկսեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն...

«Հայաստանը Խոհարարութեան Հին Պատմութիւն Ունի»

«Հայաստանը Խոհարարութեան Հին Պատմութիւն Ունի»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Միջազգային խոհարարական «Հանեսթ քուքինկ» (Ազնիւ Խոհանոց) հանդէսը յատուկ կերպով անդրադարձած է հայկական խոհանոցին` նշելով, որ Հայաստանի խոհարարական արուեստը դարերու խորք ունի, իսկ տարածաշրջաններէն իւրաքանչիւրը` տարատեսակ ուտեստներու պատրաստութեան իր սեփական աւանդոյթները: «Երբ Հայաստան ըսենք, առաջին հերթին կը պատկերացնենք բարձր լեռներ եւ համեղ կերակուր: Տերեւով տոլմա, գաթայ, հերիսա, խաշ, քիւֆթէ` այս բոլորը հարուստ հայկական խոհանոցի ուտեստներ են», կ՛ըսուի յօդուածին...

50 Տարի Առաջ (28 Սեպտեմբեր 1967)

Բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեան Ալիսիա Կիրակոսեան, որ արդէն յայտնի գրական անուն մըն է Արժանթինի եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ, ուշագրաւ դէմք մը կը դառնայ նաեւ իտալական գրականութեան մէջ: Երիտասարդ բանաստեղծուհիին վերջին գործը` «Էութիւն եւ կէտադրութիւն» անունը կրող բանաստեղծութեան հատորը թարգմանուած է իտալերէնի: Գիրքը նկարազարդած են հինգ նշանաւոր նկարիչներ, որոնցմէ մէկը` աշխարհահռչակ Փիքասօ: Նկարիչները որոշած են ցուցահանդէս մը կազմակերպել Միլանոյի մէջ, Ալիսիայի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յաջողութեան բանալին ձեր հետապնդումն է. ի՛նչ գործ որ պիտի ընէք, նախ կ՛ուսումնասիրէք եւ ապա կը հետապնդէք: Տկարութիւն չէք ճանչնար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օտար երկիր գտնուող ազգականէ մը հրաւէր պիտի ստանաք. մի՛ մերժէք եւ այդ ճամբորդութիւնը կատարեցէք: Փորձառութիւն մը պիտի ունենաք, եւ կրնայ ըլլայ, որ ձեզի յարմար գործ մըն ալ կարենաք գտնել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22...

50 Տարի Առաջ (27 Սեպտեմբեր 1967)

Մեր Կրթական Քաղաքականութիւնը Հայ Վարժարանները Աշուն է, ու` վերամուտ: Դպրոցներու դռներուն` ծնողները ուրախ ճիչով կը դառնան իրենք իրենց վրայ, եւ հոս-հոն ոսկի տերեւներով ծածկուած ճամբաներէն կանաչ սերունդը կը քալէ դէպի կրթական օճախներ` մտքի լոյսը եւ ապագայի ոսկի երազները կորզելու յոյսով: Ուրիշներու կարգին, մայրական գիրկերու պէս կը բացուին, յաճախ` հայ եկեղեցւոյ մը գմբէթին տակ ծուարած, հայ կրթարաններուն ալ դարպասները: Ուրիշներու նմա՛ն,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ նեղ կացութեան մը մատնուած էք, ձեզի մօտիկ անձ մը օգնութեան պիտի հասնի առանց ակնկալութեան: Այո՛, քիչ կը պատահի, սակայն ազնիւ մարդիկ միշտ կան: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Կարգ մը անձերու օգնութիւնը ոսկիի արժէք պիտի ունենայ ձեր աչքին: Ազնիւ եւ հաւատարիմ բարեկամներ ունիք, որոնց վրայ մեծ վստահութիւն ունիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ընկերային...

50 Տարի Առաջ (26 Սեպտեմբեր 1967)

Նոթեր Ու Նետեր Նոր Բարքեր Ոսկեկին Քառասուննոց հայրենակից ու կրօնակից մը հայ պառաւի մը պատուիրած էր հայուհի մը գտնել` յանուն ամուսնութեան: Պառաւին պարապ գրպանին մէջ զետեղած էր գումար մը` նախնական ծախսերու համար, խոստանալով որոշ կոկիկ, կլորիկ վարձատրութիւն մը` հիմենեան յաջողութեան մը պարագային: Պառաւը երկու շաբաթէն պիտի ներկայանար` հարսնցուներու ցանկով: Պարտաճանաչ պառաւը պրպտումներ կատարած, պատուաւոր ընտանիքներ պեղած էր, ու գացած էր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Օտար մշակոյթներով շատ կը հետաքրքրուիք եւ միշտ պրպտումներ կ՛ընէք ու գիրքեր կը կարդաք: Աւելի լաւ սերտելու համար պէտք է ճամբորդութիւններ կատարէք, եթէ կարելիութիւն ունիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր աւելորդ ծախսերուն վերջ տուէք. ծախսելը անշուշտ սահման չունի, սակայն դուք պէտք է դասաւորէք եւ չափը պէտք չէ անցընէք: Կրնաք դժուար օրերու հանդիպիլ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն...

50 Տարի Առաջ (25Սեպտեմբեր 1967)

Ակնարկ «Հայերն Անգամ»... Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ու բոլոր ժողովուրդներուն համար սեպտեմբերը կը համարուի առատութեան, լիութեան եւ երջանկութեան ամիսը: Մրգահասի բուռն շրջան է սեպտեմբերը եւ բնութեան ուժերը` արեւը, հովը, նոյնիսկ ամպերն ու թեթեւօրէն մաղուող անձրեւները քաղցրութեամբ կը լեցնեն մարդուն սիրտը: Սեպտեմբերը բարիք է եւ օրհնութիւն բոլոր մարդերուն համար: Կայ սակայն բացառութիւն մը, որովհետեւ կայ «բացառիկ» մէկ ժողովուրդ միայն աշխարհի վրայ,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կարծէք միշտ մարդոցմէ հեռու մնալ կ՛ուզէք եւ յաճախ կ՛առանձնանաք: Երբեմն լաւ է կեդրոնանալու համար, սակայն ընկերութենէ փախչիլը լաւ չէ: Միշտ մարդու պէտք կ՛ունենանք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այսօրուան գործը վաղուան պէտք չէ ձգել կ՛ըսեն, ճի՛շդ է: Դուք յաճախ կը յետաձգէք ձեր գործերը, որոնք կը շատնան եւ կը բարդանան: Օրը օրին կատարելով գործերը աւելի հանգիստ...

20 Տարուան Աշխատանքէ Ետք «Քասինի» Տիեզերասարքը Կ՛անհետանայ

20 Տարուան Աշխատանքէ Ետք «Քասինի» Տիեզերասարքը Կ՛անհետանայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:54-ին «Քասինի» տիեզերասարքը  աշխատելէ դադրեցաւ: Ան անջրպետին մէջ կը գտնուէր քսան տարիներէ ի վեր: Անոր ղրկած տեղեկութիւններուն եւ նկարներուն շնորհիւ` մենք շատ բաներ սորվեցանք Երեւակ մոլորակին մասին: «Քասինի» տիեզերասարքը դէպի անջրպետ արձակուեցաւ քսան տարի առաջ, 1997-ին: Ուրբաթ, 15 սեպտեմբերի կէսօրէ ետքը անոր ճամբորդութիւնը վերջ գտաւ Երեւակի մթնոլորտին մէջ: Տիեզերասարքը չէր...

50 Տարի Առաջ (23 Սեպտեմբեր 1967)

Խմբագրական Երբ Շրջուած Կը Ներկայացուի... Երբ մէկ կողմէ, կարգ մը հատուածներու մամուլին մէջ, լռութեան դաւադրութիւնը կը շարունակուի Ղարաբաղի ողբերգութեան շուրջ: Երբ մարդոց ականջները այնքա՜ն խլացած են, որ նոյնիսկ չեն լսեր օտար լուծի տակ հեծող իրենց արիւնակիցներուն յուսահատական եւ սրտակեղեք կոչը, որ ուղղուած էր հանուր հայութեան, անդին, Անգարայի մէջ, ձայն մը կը բարձրանայ` շրջուած ներկայացնելու համար դէպքը, դէպքերը, ռուսեւթաթար յարաբերութիւնները` կատարելով...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ծրագիրի մը համար լաւատես եղէք եւ անվախ գործադրեցէք զայն: Ձեր սրտին խօսող այս գործը յաջողութեամբ պիտի կատարէք եւ պիտի զարմացնէք ձեր շրջապատի անձերը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ի՛նչ որ էք, նոյնը մնացէք: Ուրիշներու հաճելի ըլլալու համար ոչինչ փոխեցէք: Բնութիւնը ինչ որ շնորհած է ձեզի աւելի լաւ է: Բնական ըլլալը աւելի նախընտրելի է, կեղծիքի պէտք...

50 Տարի Առաջ (20 Սեպտեմբեր 1967)

50 Տարի Առաջ (20 Սեպտեմբեր 1967)

Ռահպանի Եղբայրներու «Սեֆերպերլիք» Շարժանկարը Արաբական առաջին գունաւոր եւ սինեմասքոփ շարժանկարն է «Սեֆերպերլիք»-ը, պատրաստուած` մեծագումար պիւտճէով: Խիստ գնահատելի մտայղացումով հեղինակած են, ե՛ւ նիւթը ե՛ւ երաժշտութիւնը, լիբանանցի ծանօթ արուեստագէտներ Ռահպանի եղբայրները: Նախ յայտնենք, որ արաբական երաժշտութեան նոր շունչ բերողը եղան Ռահպանի եղբայրները: Իրենց իսկ յայտարարութեամբ, մեծապէս ազդուած են հայկական երաժշտութենէն: Իրենց գործն է Պաալպեքի փառատօնին արաբական բաժինը: Հրապարակ հանած են բազմաթիւ երգախառն...

Page 261 of 361 1 … 260 261 262 … 361

Արխիւներ