ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օտար մշակոյթներով շատ կը հետաքրքրուիք եւ միշտ պրպտումներ կ՛ընէք ու գիրքեր կը կարդաք: Աւելի լաւ սերտելու համար պէտք է ճամբորդութիւններ կատարէք, եթէ կարելիութիւն ունիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աւելորդ ծախսերուն վերջ տուէք. ծախսելը անշուշտ սահման չունի, սակայն դուք պէտք է դասաւորէք եւ չափը պէտք չէ անցընէք: Կրնաք դժուար օրերու հանդիպիլ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ընկերութեամբ գործ մը ունիք, ուշադրութիւն ըրէք, կրնան ձեզ ծուղակը ձգել: Ձեր գործին աւելի մօտէն հետեւեցէք, որպէսզի գէշ անակնկալներ չունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ քանի մը ծրագիրներ ունի կատարելիք, ամէնէն կարեւորէն սկսեցէք եւ բնաւ ամէնը մէկ մի՛ կատարէք, քանի որ կրնաք ձախողութեան մատնուիլ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ հիւրասէր էք եւ միշտ կ՛ուզէք ձեր սեղանին վրայ բարեկամներ ունենալ: Ծայրայեղութեան մի՛ երթաք, մարդիկ կրնան ձեր ազնուութիւնը շահագործել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ծննդավայրէն հեռո՞ւ էք. շատ զգացումներով մի՛ տարուիք, պէտք է ձեր գտնուած վայրին սովորութիւնները եւ բարքերը ընդունիք, որպէսզի աւելի սահուն ընթանան ձեր օրերը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գիտութիւնը աւելի զարգացնելու համար դասընթացներու հետեւեցէք. դուք կրնաք շատ բաներ նուաճել եւ կարելիութիւն կ՛ունենաք ձեր ապագան լաւ հիմերու վրայ դնելու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ ձեր կարելին ըրէք եւ ուրիշներուն գնահատութեան կարեւորութիւն մի՛ տաք: Դուք արդէն լաւ հիմերու վրայ դրած էք ձեր գործը եւ վստահօրէն կը յառաջանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի եւ շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունիք: Երկար ատենէ սպասուած յաւելումը վերջապէս պիտի ունենաք, ինչ որ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ որեւէ դժուարութիւն ունիք, կրնաք դիմել փորձառու անձերու, որոնք անպայման ձեզի օգտակար պիտի դառնան: Այս ձեւով ձեր դժուարութիւններուն լուծում կը գտնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամէն բան հաշիւներով մի՛ կատարէք, որպէսզի սխալ քայլեր չառնէք: Երբեմն կեանքը դիմաորեցէք այնպէս, ինչպէս որ է: Անակնկալները յաճախ աւելի յաջողութիւն կը բերեն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երբեմն ձեր մեծաւորներուն տուած ուղղութիւնները չէք ուզեր ընդունիլ եւ ձեր ուզածին պէս կ՛ուզէք աշխատիլ: Ուշադրութիւն ըրէ՛ք, որպէսզի սխալ քայլելու չդիմէք:
