ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Սիրային արկածախնդրութեան մը պատրաստուեցէք: Վերջապէս ձեր երազած անձին պիտի միանաք: Ձեր ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի, եւ անշուշտ նախանձողներ պիտի գտնուին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այս շաբաթավերջին ո՛չ ոք կը հետաքրքրէ ձեզ: Լեռ պիտի բարձրանաք եւ բնութեան մէջ հանդարտ օրեր պիտի վայելէք: Իրաւունք ունիք քիչ մը ձեր մասին մտածելու եւ ուրիշները մոռնալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արձակուրդի եւ ճամբորդութեան հրաւէր մը պիտի ստանաք: Առանց մտածելու` ընդունեցէք: Շատ հաճելի արձակուրդ մը կրնաք վայելել, որովհետեւ ձեր բարեկամը լաւ ծրագիրներ պատրաստած է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Քիչ մը ձեր ապագայի մասին մտածեցէք, եթէ ձեր ծրագիրներուն վստահութիւն ունիք: Հեռատես եղէք եւ ընտանիքի անդամներուն կարծիքը առէք: Հաստատ քայլերով յառաջացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ամուսնացած էք եւ զաւակներ ունիք, այս շաբաթավերջին զանոնք հաճոյքի վայրեր պիտի տանիք: Քիչ մըն ալ լեռ կը բարձրանաք եւ ձեր զաւակները շատ շնորհակալ պիտի գտնուին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արձակուրդի օր է, սակայն դուք հանգիստ չէք ըներ: Գործերը կուտակուած են, եւ չէք գիտեր` ո՛ր մէկը ընել: Զանոնք դասաւորելով` բաւական կը թեթեւցնէք եւ վերջը հանգիստ կ՛ընէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ձեր ընտանիքի բոլոր գործերը դուք ձեր վրայ առած էք, սխալ կ՛ընէք: Դուք ալ ձեր կարգին հանգիստի պէտք ունիք: Դուք ձեր իրաւունքները պաշտպանել պէտք է գիտնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր ասպարէ՞զ մը կ՛ուզէք որդեգրել, ուշադրութիւն ըրէք, լաւ ուսումնասիրեցէք, փորձառու անձերու խորհուրդին դիմեցէք: Ան կրնայ ձեզի օգտակար ըլլալ: Պզտիկ քայլերով սկսէք, որպէսզի աւելի բարձր տեղ հասնիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուք ձեզ յոգնած կը զգաք. ամէն բան մոռցէք եւ այս շաբաթավերջին կատարեալ հանգիստ ըրէք, որպէսզի ձեր աշխուժութիւնը գտնէք: Եթէ դուք ձեր մասին չմտածէք, ո՞վ կրնայ մտածել ձեր մասին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այս շաբաթավերջին հրաւէրներ պիտի ընդունիք. ընտանեկան կամ անհատական խնճոյքներու ներկայ պիտի գտնուիք եւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Աւելի լաւ բան չէք կրնար ակնկալել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր տրամադրութիւնը շատ բարձր է եւ կ՛ուզէք զուարճանալ: Կրնաք ընկերներով պտոյտներ կազմակերպել, ընթրիքի սեղան մը պատրաստել: Աւելի հաճելի բան մը կա՞յ արդեօք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ բազմազբաղ էք, սակայն պէտք չէ չափազանցել: Վերջապէս, շաբթուան յոգնութենէն ետք, դուք ալ իրաւունք ունիք շնչելու. ամէն գործ մէկդի դրէք եւ կարճ պտոյտներ կատարեցէք: Ձեր տրամադրութիւնը բոլորովին կը փոխուի: