ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատանքին գիտակցութիւնը ունիք եւ միշտ կ՛ուզէք լաւագոյնը կատարել, ինչ որ կը գտնուիք. ձեր գործին առնչութեամբ նորութիւն մը պիտի կիրարկէք եւ շատերը պիտի զարմացնէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Իրագործելիք երազներ ունիք, գործի անցէք եւ կիրարկելու սկսէք: Աստղերը շատ փայլուն են եւ ձեզի յաջողութիւն պիտի շնորհեն: Առիթը մի՛ կորսնցնէք եւ քաջաբար սկսեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ կազմակերպուելով` ամէն գործ յաջողութիւն պիտի ունենայ. միայն թէ գործերը մի՛ յետաձգէք, որպէսզի չբարդուին, եւ դուք յաւելեալ դժուարութիւններու չհանդիպիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործակիցներուն հետ միշտ սիրալիր գտնուած էք, ինչ որ պիտի գնահատուի: Ձեր պատասխանատուները մեծ վստահութիւն ունին ձեր վրայ եւ շուտով կարեւոր յաւելում մը պիտի ընեն ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ կը կարծէք, որ կեանքը միօրինակ է, եւ կ՛ուզէք փոփոխութիւններ ունենալ, շատ արագ մի՛ շարժիք. լաւ մը ուսումնասիրելէ ետք նորութիւններ մտցուցէք, որպէսզի շատ ակնյայտ չըլլայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ երկար ժամանակէ ի վեր արձակուրդ մը չէք ունեցած, շաբաթավերջին կրնաք պզտիկ պտոյտ մը կատարել, որպէսզի յաջորդ շաբաթ աւելի կայտառ ըլլաք եւ հաճոյքով ձեր գործը ստանձնէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Միօրինակ կեանքը կարծէք աւելի հաճելի կը թուի ձեզի, եւ ոչինչ կ՛ուզէք փոխել: Սխալ մտածում մըն է: Ձեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կատարեցէք, որպէսզի կեանքը աւելի գնահատէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս շաբաթավերջին համար այլազան ծրագիրներ ունիք: Ժամանակը կարճ է: Ի՛նչ բանէ, որ աւելի հաճոյք կ՛առնէք, այդ ըրէք, որպէսզի աւելի վայելեք ձեր ազատ պահերը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատավայրին մէջ ձեր ջանքերը պիտի գնահատուին, եւ դուք մեծ գոհունակութիւն պիտի ունենաք: Պաշտօնի բարձրացում մըն ալ պիտի ունենաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բացառիկ օր մը պիտի ունենաք: Ի՛նչ որ կատարէք, յաջողութեամբ պիտի ընթանայ: Շաբաթավերջին ալ շատ հաճելի անակնկալ մը պիտի ունենաք, ինչ որ ձեր ուրախութիւնը պիտի բազմապատկէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օդին մէջ նուէրներ կ՛երեւին. տարեդարձ մը կամ ամուսնութիւն մը: Ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ, եւ ձեր չերեւակայած բաները պիտի դիմաւորէք: Հաճելի պահեր պիտի վայելէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մարդիկ ձեր ծրագիրները անտեղի պիտի գտնեն: Դուք շատ կարեւորութիւն մի՛ տաք, քանի որ դուք նախանձողներ ունիք, որոնք ձեր յաջողութիւնը չեն փափաքիր:
