ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անկարելի է հանգստանալու պահ մը ունենալ: Տան մէջ թէ աշխատանքի մէջ պիտի աշխատիք որեւէ բանի մը համար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամէն գնով մարզական փորձ ընելու ջանք մի՛ թափէք, հաճոյքը առաջին աշխատանքին մէջն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ժառանգը յաճախ պատճառ կ՛ըլլայ ընտանեկան հարցերու: Ասկէ պիտի չկարենաք խուսափիլ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրինականութենէ հեռու էք: Կազմակերպուեցէք, որպէսզի ամէն ուղղութեամբ չցրուէք ձեր կարողութիւնները:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքի մէջ մեծ ճնշում կայ: Ձեզմէ պիտի պահանջեն արդիւնքներ, զորս դժուարաւ ձեռք պիտի կրնաք ձգել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Փորձեցէք յիշել այն օրը, երբ կատարելապէս հանգիստ զգացած էք: Պէտք է գտնել միեւնոյն մթնոլորտը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արագ եւ կատարեալ առողջանալու համար պէտք է հետեւիք ձեզի յանձնուած բուժումի կանոններուն: Ասիկա ձեր գործը չէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարգ մը բարեկամներ ձեզի բաներ կը թելադրեն, մինչդեռ դուք զանոնք չէք լսէր, քանի որ անոնց թելադրանքը չի համընկնիր նկարագրին եւ կարծիքին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անոնք, որոնք պաշտօն կը փնտռեն, իրենց կ՛առաջարկուի աշխատանք մը, որ իրենց կարողութենէն վեր է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Քնանալէ առաջ մարեցէք ձեր բջիջայինն ու հեռատեսիլը: Գիրքը աւելի յարմար է քուն բերելու համար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամիսը դժուար պիտի սկսի անոնց համար, որոնք կանոնաւոր աշխատանք չեն տարած: Հետեւաբար դժուարութիւններ պիտի ունենան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր պաշտօնին բերումով յարաբերութիւնները այլազան պիտի ըլլան: Կրկնակի դասախօսութիւններ, մրցակցութիւն, որոնց դժուար պիտի ըլլայ դիմանալ:
