ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Յաջողութեան բանալին ձեր հետապնդումն է. ի՛նչ գործ որ պիտի ընէք, նախ կ՛ուսումնասիրէք եւ ապա կը հետապնդէք: Տկարութիւն չէք ճանչնար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օտար երկիր գտնուող ազգականէ մը հրաւէր պիտի ստանաք. մի՛ մերժէք եւ այդ ճամբորդութիւնը կատարեցէք: Փորձառութիւն մը պիտի ունենաք, եւ կրնայ ըլլայ, որ ձեզի յարմար գործ մըն ալ կարենաք գտնել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դժուար կացութեան մը մատնուած էք, որ շուտով պիտի լուսաւորուի, որմէ ետք դուք պիտի կարենաք կարեւոր որոշումներ տալ, եւ ամէն ինչ յաջողութեամբ պիտի պսակուի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Միշտ ուրիշներուն խորհուրդին կը հետեւիք եւ բնաւ անձնական որոշումներ չէք կայացներ: Աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ դուք ձեր գործերը ձեր կարողութեամբ կատարէք: Աւելի մեծ գոհունակութիւն կ՛ապրիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատանքին կողքին, այլազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած էք եւ շատ կը յոգնիք: Այսպէս չէք կրնար շարունակել: Քիչ մը ձեր առողջութեան մասին մտածեցէք, որպէսզի կեանքէն աւելի հաճոյք առնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ամուրի էք, այսօր սիրոյ յայտարարութիւն մը պիտի կատարէք, որ ձեր կեանքը բոլորովին պիտի փոխէ: Հաւանաբար այդ անձը արդէն ձեր սրտին կը խօսէր, սակայն դուք չէիք կրնար մօտենալ անոր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Թէեւ ձեր ընտանիքին մէջ շատ լաւ եւ հանգիստ էք, սակայն ձեզի նաեւ պէտք է ընկերային կեանք: Այսպիսով, դուք դուրս կ՛ելլէք միօրինակ կեանքէն եւ աւելի հաճոյք կ՛ունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ պարզամիտ մի՛ ըլլաք եւ ձեր անձնական հարցերը ամէն մարդու մի՛ ըսէք: Անկեղծ կարծուած անձերը յաճախ կրնան ձեզի վնաս հասցնել: Ձեր հարցերը պէտք է դուք լուծէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանիքի պարտաւորութիւնները առանձին մի՛ ստանձնէք, ձգեցէք, որ իւրաքանչիւր անդամ պարտականութիւն մը ստանձնէ: Այլապէս, դուք շատ կը յոգնիք, եւ ո՛չ ոք կը մտածէ ձեր մասին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երիտասարդներուն համար զգացական գետնի վրայ մեծ յաջողութիւն պիտի ըլլայ, եւ անոնք իրենց սիրած անձին պիտի միանան իսկ աւելի տարեցները խաղաղ կեանք մը պիտի ունենան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ ձեզի սիրելի անձի մը հետ հարց մը ունեցած էք, ժամանակը շատ յարմար է այդ հարցը կարգադրելու: Դուք շատ երկար չէք կրնար անտարբեր մնալ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դուք միշտ կ՛ուզէք մնայուն բարեկամութիւններ ստեղծել. սակայն զգուշացէք. ձեր շուրջինները սերտելէ ետք կրնաք մտերմութիւն հաստատել: Այլապէս, կրնաք յուսախաբ ըլլալ:
