ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարծէք միշտ մարդոցմէ հեռու մնալ կ՛ուզէք եւ յաճախ կ՛առանձնանաք: Երբեմն լաւ է կեդրոնանալու համար, սակայն ընկերութենէ փախչիլը լաւ չէ: Միշտ մարդու պէտք կ՛ունենանք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօրուան գործը վաղուան պէտք չէ ձգել կ՛ըսեն, ճի՛շդ է: Դուք յաճախ կը յետաձգէք ձեր գործերը, որոնք կը շատնան եւ կը բարդանան: Օրը օրին կատարելով գործերը աւելի հանգիստ կ՛ընէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ունիք կատարելիք մեծ աշխատանք մը, զոր այսօր պիտի ընէք, թէեւ յոգնեցուցիչ գործ մըն էր, սակայն յաջողեցաք եւ ձեր մտահոգութիւնը վերջ գտաւ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անցեալի դէպք մը միշտ նեղութիւն կը պատճառէ ձեզի. ինչո՞ւ այդքան կը մտածէք. անցեալը վերջ գտած է: Ներկան ապրեցէք, անցեալը փորձառութիւն մը պէտք է ըլլայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երիտասարդ առիւծներուն համար շատ շարժուն օր մը պիտի ըլլայ: Իրենց համար նորութիւններ պիտի պատահի, իսկ տարեցները շատ հանդարտ օր մը պիտի ունենան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ հաճելի օր մը պիտի ունենաք, առանց որեւէ պատճառի ուրախ էք եւ չէք գիտեր ինչո՛ւ: Պէտք չէ անպայման պատճառը փնտռել. այս այսպէս է եւ անշուշտ աւելի լաւ է: Վայելեցէք օրուան բարիքները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր երիտասարդ կշիռքները մեծ անակնկալներ պիտի ունենան: Ամուրիները իրենց սրտին խօսող անձերու պիտի հանդիպին եւ ինչո՞ւ չէ իրենց ապագան պիտի կերտեն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը այսօր շատ բարձր է եւ պատրաստ էք փոփոխութիւններ մտցնել ձեր կեանքին մէջ: Ուշադրութիւն ըրէք եւ արագ որոշումներ մի՛ տաք, որպէսզի սխալ քայլեր չառնէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կ՛ուզէք ձեռնարկել գործի մը, որուն համար ընկերոջ մը պէտք ունիք: Լաւ մտածեցէք, որպէսզի ոեւէ անձի հետ չգործակցիք. ընտրեցէք ձեր ընկերը, որպէսզի սխալ քայլ մը չառնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ նախորդ օր դժուարութիւն մը ունեցած էք, մոռցէք զայն. այսօրը վայելեցէք եւ ջանացէք նոր սխալներ չգործել: Դուք կրնաք ձեր կեանքը դասաւորել ձեր ուզած ձեւով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ջղային էք եւ կարծէք այս վիճակէն գոհ չէք: Ջանացէք ներքին խաղաղութիւն ունենալ. գիրքերը եւ կամ գեղեցիկ եղանակները մեծապէս կրնան օգտակար ըլլալ ձեզի. փորձեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նախորդ շաբթուան տաղտուկներուն վրայ գիծ մը պիտի քաշէք եւ այս շաբաթ առիթ պիտի ունենաք հաճելի ժամանցի` բարեկամներով:
