Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծովային Էակներու Նոր Տեսակներ Չիլիի Ջուրերուն Մէջ

Մարտ 9, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտնականները անհաւատալի յայտնագործութիւն մը կատարած են Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, Հարաւային Ամերիկայի Չիլիի ջուրերուն մէջ: Հետախուզական արշաւանքի մը ընթացքին միջազգային մասնագէտներէ կազմուած խմբակ մը գտած է աւելի քան 150 ծովային էակներու տեսակներ, որոնցմէ մօտաւորապէս հարիւրը նոր են…

* * *

Ըստ երեւոյթին, մինչեւ այս յայտնաբերումը մասնագէտները գաղափար չունէին այս էակներու տեսակներուն գոյութեան մասին: Կարգ մը էակներ գոյութիւն ունէին աւելի քան 1000 տարիներէ ի վեր: Վառ գոյներով եւ զուարճալի ձեւերով այս էակները կարծէք շարժուն գծապատկերներու ժապաւէններէ առնուած են, կամ ստեղծուած` արուեստական խելացութեան յաւելուածի մը (ափլիքէյշըն) կողմէ: Սակայն ամէնէն տարօրինակը այն է, որ գիտնականները բնաւ չէին սպասեր նման յայտնաբերում մը ընել:

* * *

Սկզբունքով Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, Չիլիի ծովեզերքի հիւսիսը «Շմիտ օշըն հիմնարկ»-ին կողմէ կազմակերպուած այս հետախուզական արշաւին նպատակն էր տեղեկութիւններ հաւաքել ջուրին մէջ 300-1200 մեթր խորութեամբ գտնուող ընդծովեայ մեծ լեռնաշղթայի մը մասին: Այս խորութեան հասնիլը անկարելի էր սուզուողներուն համար, հետեւաբար մասնագէտները որոշեցին գործածել ընդծովեայ մեքենայ մը` խորերը հետախուզելու համար: Եւ այս ձեւով անոնք գտնուեցան մեծ ու հաճելի անակնկալի մը առջեւ:

Շնորհիւ կատարելագործուած քամերաներու` ընդծովեայ մեքենան կրցաւ անհաւատալի նկարներ առնել` յայտնաբերելով գոյներ, որոնք անտեսանելի էին մարդկային աչքին համար: Այս ձեւով մասնագէտները կրցան ուսումնասիրել աւելի քան 150 ծովային էակներու տեսակներ, որոնց ներկայութիւնը շրջանին մէջ չէր արձանագրուած: Անոնք կ՛ենթադրեն, թէ նոյնիսկ այդ տեսակներէն աւելի քան 100-ը անծանօթ են գիտական աշխարհին: Անոնք այդ խորութիւններուն մէջ նշմարեցին պամպու բուստերու անտառ մը, որ հաւանաբար գոյութիւն ունէր հազարաւոր տարիներէ ի վեր:

Այս յայտնաբերումը տարօրինակ է, մանաւանդ երբ ան գիտնականներուն սկզբնական նպատակը չէր: Սակայն ասիկա շատ զարմանալի ալ չէ, որովհետեւ մենք գիտենք, թէ ովկիանոսներու աշխարհը տակաւին որքա՛ն անծանօթ է մասնագէտներուն: Շատ աւելի մեծ թիւով անձեր գացած են անջրպետ, քան` ովկիանոսներուն խորերը:

Մեծ թիւով կենդանի էակներ կ՛ապրին ովկիանոսներուն մէջ: Հակառակ  տարածուած այն գաղափարին, թէ անոնք մեծ անապատ մըն են, սակայն անոնք կեանքով լեցուն են: Եւ մենք տակաւին ծանօթ ենք ծովային էակներու մօտաւորապէս մէկ տասերորդին միայն:

Անքաղաքավար Թութակներ

Անգլիոյ մէջ կենդանաբանական պարտէզի մը յանձնուեցան 5 թութակներ, որոնք կ՛ապրէին անհատներու տուներու մէջ: Սակայն դժբախտաբար անոնք մեծ թիւով հայհոյանքներ սորված են, եւ պարտէզին պատասխանատուները կը վախնան, որ անոնք միւս թռչուններն ալ վարակեն:

* * *

Թութակները տարօրինակ թռչնազգիներ են եւ… շատ աղմկոտ: Անոնց մարմինը անոնց կարելիութիւնը կու տայ ընդօրինակելու բոլոր ձայները, եւ անոնք անդադար նոր ձայներ  կը սորվին:

Սակայն եթէ անոնց հայհոյանքներ սորվեցնենք, ասիկա կրնայ մեծ հարց ստեղծել: «Այս ձեւով Անգլիոյ մէջ Լինքընշայրի կենդանաբանական պարտէզը մեծ հարցի մը առջեւ գտնուած է, երբ ան ստացած է հինգ կապանի մոխրագոյն թութակներ, որոնց հայհոյանքներ սորվեցուցած էին: Անոնք նոյնիսկ սովորութիւնը ունէին խնդալու, կարծէք ծիծաղելի զուարճապատում մը պատմած ըլլային:

* * *

Սակայն իրողութեան մէջ թութակները չեն խօսիր: Անոնք կ՛ընդօրինակեն, «կը կապկեն» ձայները: Անոնք շատ հարազատ կերպով կրնան ձայները ընդօրինակել, որովհետեւ անոնք շատ լաւ կը լսեն: Այս ձեւով անոնք ո՛չ միայն մարդոց ձայները կրնան ընդօրինակել, անոնք կրնան նաեւ շուներուն նման հաջել կամ հաւու մը նման քրքջալ:

* * *

Ինչ կը վերաբերի կենդանաբանական պարտէզի պատասխանատուներուն, անոնք վախնալով, որ այս նոր թութակները այդ բառերը սորվեցնեն միւս թութակներուն, հինգ թռչունները մեկուսացուցին: Պատասխանատուները մտահոգ են նաեւ, որ թութակներուն հայհոյանքները այցելուները ընդվզեցնեն, կամ նոյնիսկ այս վերջինները անոնց նոր հայհոյանքներ սորվեցնեն: Սակայն ժամանակ մը ետք հինգ թութակները միացան միւս թութակներուն խումբին:

Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու Մէջ
Դպրոցական Փոխադրակառքերը Դեղին Են

Պարզապէս լաւապէս տեսանելի ըլլալու համար:

Այս դեղին գոյնը յատկանշական է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս փոխադրակառքերուն նման հազարաւոր փոխադրակառքեր կը շրջին Միացեալ Նահանգներու չորս կողմերը` մանուկները դպրոց տանելու եւ տուն վերադարձնելու համար:

Այս գոյնին պատմութիւնը երկար է: Ամերիկացի մասնագէտներ դպրոցական փոխադրակառքերու ապահովութեան օրէնքները բնորոշած են 1936 թուականին: Անոնք դեղին գոյնը ընտրած են, որովհետեւ մարդկային աչքը շատ զգայուն է այս գոյնին հանդէպ, եւ զայն տեսնելը շատ դիւրին է արեւածագին եւ արեւմարին:

* * *

Ամերիկացի ինքնաշարժ քշողները գիտեն նաեւ, որ արգիլուած է կանգ առած դեղին փոխադրակառքի մը անցնիլը, երբ անոր վառող-մարող կարմիր լոյսերը կ՛աշխատին: Ասիկա կը նշանակէ, որ մանուկները փոխադրակառքէն կ՛իջնեն, կամ պիտի իջնեն: Հետեւաբար պէտք է անոնց կարելիութիւն տալ ապահով կերպով փողոցը անցնելու:

Նիւ Եորքի Ազատութեան Արձանը
Սկիզբը Ծառայած Է Իբրեւ Փարոս

Գիտէի՞ր, թէ 1886-ին, բացումէն մէկ ամիս ետք, ան ծառայած է իբրեւ փարոս` 16 տարիներու ընթացքին, եւ անոր ջահը տեսանելի էր 38 քմ հեռաւորութենէն:

* * *

Սակայն այս պաշտօնական բացումէն շատ առաջ, այս արձանին գաղափարը արդէն յղացուած էր 1865-ին: Եւ անոր շինութիւնը վերջ պիտի գտնէր 1876-ին, Միացեալ Նահանգներու անկախութեան հարիւրամեակին առիթով: Սակայն տնտեսական ծանր հարցերու պատճառով այս բացումը վերջապէս տեղի պիտի ունենար ծրագրին առաջին մանրակերտներէն 20 տարիներ ետք:

Մինչ այդ, սպասելով, որ անհրաժեշտ գումարները հաւաքուին, արձանէն տարբեր բաժիններ ցուցադրուեցաւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ. օրինակի համար, անոր գլուխը ցուցադրուեցաւ Փարիզի միջազգային ցուցադրութեան ընթացքին, 1878-ին, իսկ անոր ջահը զետեղուած մնաց Մատիսըն Սքուէրի  մէջ երկար տարիներ:

Վերջապէս, զայն կազմող բոլոր 350 մասերը Նիւ Եորք հասան 1885-ին, եւ անոր բացումը կատարուեցաւ նախագահ Քլիվլընտի կողմէ, 28 հոկտեմբեր 1886-ին:

Մտածենք

1) Կրնա՞ս թուաբանական նշան մը աւելցնել այս թիւերուն միջեւ, որպէսզի 55555 վերածուի 500-ի:
2) Ինչո՞ւ 3.270.951846 թիւը իւրայատուկ է:
3) Ի՞նչն է, որ քեզի կը պատկանի, սակայն ուրիշները կը գործածեն:
4) Ի՞նչն է, որ կրնաս բռնել` առանց ձեռքերդ գործածելու:
5) Ի՞նչ են այն երկու բաները, զորս չես կրնար ուտել նախաճաշին:
6) Ի՞նչ կը պատահի, երբ կապոյտ քար մը կարմիր ծովուն մէջ կը նետես:
7) Ե՞րբ այսօրը կու գայ երկուընէ առաջ:
8) Ի՞նչ է, որ ունի չորս ոտքեր, սակայն չի կրնար քալել:
9) Ուսուցիչ մը կ՛ըսէ, որ իր դասարանին մէջ 30-էն պակաս, սակայն 20-էն աւելի աշակերտներ կան: Իր դասարանին աշակերտները կարելի է բաժնել, երկու, երեք, չորս, վեց եւ ութ հոգինոց խումբերու: Քանի՞ աշակերտներ կան դասարանին մէջ:
10) Չորս ընկերներ վազքի մրցում մը կ՛ընեն: Ալինը Թալինէն չորս ժամ առաջ կ՛աւարտէ, իսկ Հայկը Րաֆֆիէն ութ ժամ առաջ կ՛աւարտէ: Րաֆֆին Ալինէն վեց ժամ աւելի պէտք ունեցաւ վազքը աւարտելու համար: Կրնա՞ս գիտնալ, թէ ի՛նչ կարգով անոնք մրցումը աւարտեցին:
11) Տիկին Անին ժողով մը ունէր հաստատութեան գլխաւոր շէնքին մէջ: Անոր գրասենեակը կը գտնուի չորրորդ յարկին վրայ: Որովհետեւ ան մտազբաղ էր, ճիշդ չէր յիշեր, թէ ժողովը ո՛ր յարկին վրայ էր: Ան նախ ելաւ հինգ յարկ, ապա իջաւ եօթը յարկ, ապա ելաւ դարձեալ վեց յարկ, ապա դարձեալ իջաւ երեք յարկ, եւ վերջապէս ելաւ չորս յարկ: Ո՞ր յարկին վրայ էր անոր ժողովը:
12) Բանտարկուած ես խաղի սենեակի մը մէջ,  ուր կայ երեք դուռ: Պէտք է այդ դուռերէն մէկը անցնիս փախչելու համար: Առաջին դրան ետեւ կան թունաւոր օձեր, երկրորդ դրան ետեւ յատակ չկայ, իսկ երրորդ դրան ետեւ կայ վագր մը, որ երկու ամիսէ ի վեր չէ կերած: Ո՞ր դուռը պիտի ընտրես:

Պատասխաններ էջին վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր փոքրիկի պատկանող խաղալիքը:
Կրնա՞ս գտնել այս շաքարը կազմող բոլոր կտորները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Պատասխաններ

1) 555-55= 500: 2) Միակ թիւն է, որուն թիւերը այբբենական կարգով շարուած են: 3) Անունդ: 4) Շունչդ: 5) Ճաշ եւ ընթրիք: 6) Ան կը թրջուի: 7) Բառարանին մէջ: 8) Սեղան մը: 9) 24 աշակերտ: 10) Հայկ, Ալին, Թալին, Րաֆֆի: 11) 9-րդ յարկ: 12) 3-րդ դուռը, եթէ վագրը 2 ամիսէ բան մը չէ կերած, ուրեմն արդէն սատկած է:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (8 Մարտ 2024)

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?